Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 7/11 էջ 2
  • Զաւակներդ պատրա՞ստ են

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Զաւակներդ պատրա՞ստ են
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դպրոցին մէջ վկայութիւն տալու պատրա՞ստ ես
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
  • Ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ըլլալ (Մաս 2)
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները մարզեցէք որ Եհովան սիրեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ Եհովան սիրեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
թծ 7/11 էջ 2

Զաւակներդ պատրա՞ստ են

1. Ինչո՞ւ հարկ է որ դպրոցականները պատրաստ ըլլան։

1 Կրթական նոր տարուան սկսիլը կը մօտենայ։ Անկասկած զաւակներդ նոր մարտահրաւէրներ եւ ճնշումներ պիտի ունենան։ Անոնք նաեւ նոր պատեհութիւններ պիտի ունենան, որպէսզի ‘ճշմարտութեան համար վկայեն’ (Յովհ. 18։37)։ Արդեօք անոնք պատրա՞ստ են։

2. Նախապատրաստուելու համար զաւակներդ ի՞նչ պէտք է գիտնան։

2 Զաւակներդ յստակ կերպով կը հասկնա՞ն թէ ի՛նչ բան կը կազմէ մասնակցիլ ազգայնական արարողութիւններու եւ հեթանոսական տօներու եւ թէ ինչո՛ւ անոնց մէջ բաժին բերելը սխալ է։ Անոնք նախապատրաստուա՞ծ են այն ճնշումին համար՝ որուն պիտի ենթարկուին, որպէսզի բարձր ուսում հետապնդեն, ժամադրուին, եւ սխալ կերպով գործածեն խմիչքը կամ թմրեցուցիչները։ Անոնք պարզապէս պիտի ըսե՞ն թէ առարկելի գործունէութիւնը իրենց կրօնքին հակառակ է, թէ ոչ՝ գիտե՛ն իրենց հաւատալիքները բացատրել (Ա. Պետ. 3։15)։

3. Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն գործածել իրենց զաւակները նախապատրաստելու համար։

3 Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն օգտագործէ։ Անշուշտ, հաւանական է որ կրթական տարուան ընթացքին, երբ կարիքը ծագի, քննարկութիւններ պիտի ունենաք։ Դպրոցը բացուելէ առաջ, դպրոցական հարցեր նկատի առնելու համար մասնայատուկ ջանքեր թափելդ, զաւակներուդ վստահութիւն պիտի տայ։ Այս նպատակով, ինչո՞ւ Ընտանեկան պաշտամունքի մէկ կամ երկու երեկոյ չտրամադրես։ Կրնաս զաւակներուդ հարցնել թէ ի՛նչ բան իրենց շատ ջղագրգռութիւն կը պատճառէ, մինչ կը մտածեն դպրոց վերադառնալու մասին։ Նիւթեր՝ որոնք անցեալ տարիներուն քննարկած ես, կրնաս վերաքաղ ընել, հիմա որ անոնք մեծցած են եւ իրենց հասկացողութիւնը աւելցած է (Սաղ. 119։95)։ Կրնաս փորձի նիստեր պարփակել, ուր ուսուցիչի, խրատատուի կամ դասընկերոջ մը դերը կրնաս առնել։ Զաւակներուդ սորվեցուր թէ ինչպէ՛ս կրնան Աստուածաշունչէն պատասխանել եւ որոշ հրատարակութիւններ գործածել, ինչպէս՝ Պատճառաբանել ու Պատանիներ գիրքերը։ Մայր մը փորձի նիստեր ըրաւ իր զաւակները նախապատրաստելու համար, որպէսզի իւրաքանչիւր կրթական տարուան սկիզբը իրենց նոր ուսուցիչներուն մօտենան եւ տեղեկացնեն թէ իրենք Եհովայի վկաներ են (տե՛ս Դիտարան–ի 15 դեկտեմբեր 2010 թիւը, էջ 3-5 [անգլերէն])։

4. Իմաստուն ծնողները ի՞նչ պիտի ընեն։

4 Մարտահրաւէրները՝ զորս քրիստոնեայ դեռատիները այս վերջին օրերուն պէտք է դիմագրաւեն, հետզհետէ աւելի «դժուար» կը դառնան (Բ. Տիմ. 3։1, Անթիլիաս)։ Իմաստուն ծնողները պիտի ջանան զանոնք ակնկալել (Առ. 22։3)։ Կրթական նոր տարին սկսելէն առաջ, ամէն ջանքդ ըրէ զաւակներուդ օգնելու որ նախապատրաստուին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել