Դպրոցին մէջ վկայութիւն տալու պատրա՞ստ ես
1. Նոր ուսումնական տարուան ընթացքին, ի՞նչ պատեհութիւններ կը սպասեն քեզի։
1 Պատանի՛ քրիստոնեաներ, նոր ուսումնական տարուան ընթացքին, նոր մարտահրաւէրներ ու ճնշումներ պիտի դիմագրաւէք։ Սակայն պիտի ունենաք նաեւ ‘ճշմարտութեան համար վկայելու’ նոր պատեհութիւններ (Յովհ. 18։37)։ Պատրա՞ստ էք վկայութիւն տալու։
2. Ի՞նչ կերպերով պատրաստ ես դպրոցին մէջ վկայութիւն տալու։
2 Կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ յաջողութիւն գտնելու համար, շատ մարզում ստացած ես՝ Եհովայէ, ծնողքէդ եւ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայէն (Առ. 1։8. 6։20. 23։23-25. Եփ. 6։1-4. Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Անկասկած գիտես թէ դպրոցէն ներս ի՛նչ դժուարութիւններու պիտի հանդիպիս։ Աստուածային մարզում ստանալով ու դիմագրաւելիք շրջապատդ ճանչնալով, պատրաստուէ վկայութիւն տալու (Առ. 22։3)։ Լրջօրէն նկատի առ Պատանիներ գրքին երկու հատորներուն ներկայացուցած ցուցմունքները եւ օգտակար աստուածաշնչական թելադրութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Զարթի՛ր–ին մէջ կանոնաւորաբար հրատարակուած յարակից յօդուածները։
3. Ի՞նչ կերպերով պիտի կարենաս վկայութիւն տալ։
3 Քու եզական թաղամասդ քեզի թոյլ պիտի տայ, որ բազմաթիւ կերպերով վկայութիւն տաս։ Երբ ուրիշներ նկատեն օրինակելի հագուելակերպդ ու յարդարանքդ, վարքդ ու խօսելակերպդ, դասընկերներուդ եւ դասատուներուդ հանդէպ յարգալից վերաբերմունքդ եւ նոյնիսկ նիշերդ, եւ տեսնեն թէ կեանքի մէջ հաստատ հիմ մը ունիս, թերեւս հարց տան. «Ինչո՞ւ ա՛յսքան տարբեր ես» (Մաղ. 3։18. Յովհ. 15։19)։ Այսպէս պատեհութիւն կը ներկայանայ, որ վկայութիւն տաս ու համոզումներդ բացատրես (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Ամբողջ տարուան ընթացքին, գուցէ դիմագրաւես մարտահրաւէրներ, ինչպէս՝ ազգայնական արարողութիւններ ու տօներ։ Եթէ քեզի հարցուի, թէ ինչո՛ւ չես մասնակցիր, արդեօք պարզապէս պիտի ըսե՞ս. «Ասիկա իմ կրօնքիս հակառակ է. ես Եհովայի վկայ մըն եմ», թէ ոչ՝ պատեհութիւնը պիտի օգտագործես, որ սիրառատ Հօրդ՝ Եհովայի մասին վկայես։ Եհովայի ուղղութեան ներքեւ լաւ նախապատրաստուելով, պիտի կարենաս ուսուցիչներուդ, դասընկերներուդ եւ ուրիշներուն հոյակապ վկայութիւն տալ (Ա. Պետ. 3։15)։
4. Ինչո՞ւ վստահ ես, որ կրնաս ուսումնական տարուան ընթացքին յաջողութիւններ արձանագրել։
4 Թէեւ դպրոց երթալու նկատմամբ կրնաս քիչ մը վախ ունենալ, բայց վստահ եղիր թէ շատերու աջակցութիւնը ունիս, որոնք կ’ուզեն որ ուսումնական տարուան ընթացքին յաջողութիւն ձեռք ձգես։ Ասկէ զատ, քեզի հետ մենք ալ կ’ուրախանանք, որ անզուգական թաղամասիդ մէջ ուրիշներուն վկայելու հեռանկարներ ունիս։ Ուստի համարձա՛կ ու պատրա՛ստ եղիր՝ դպրոցին մէջ վկայութիւն տալու։