Մի՛ քաշուիր
1. Ի՞նչ բան ընելը քաջութիւն կ’ուզէ, եւ ինչո՞ւ։
1 Բնաւ եղա՞ծ է որ դպրոցին մէջ վկայելէ քաշուած ես, քանի որ վախցած ես թէ պիտի ծաղրուիս։ Կասկած չկայ թէ խօսիլը քաջութիւն կը պահանջէ, մա՛նաւանդ եթէ ամչկոտ ես։ Ի՞նչ բաներ քեզի պիտի օգնեն։
2. Ինչ կը վերաբերի դպրոցին մէջ վկայելուն, լաւ դատողութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղայ։
2 Լաւ դատողութիւն գործածէ։ Թէեւ կրնաս դպրոցդ պատշաճօրէն թաղամասդ նկատել, սակայն՝ յիշէ թէ քեզմէ չ’ակնկալուիր որ ամէնուն հետ հոգեւոր խօսակցութիւններ սկսիս, ինչպէս որ կ’ընես տունէ տուն քարոզելու ատեն։ Լաւ դատողութիւն գործածէ որոշելու թէ ե՛րբ պիտի խօսիս (Ժող. 3։1, 7)։ Դասարանի քննարկութեան մը կամ տնային աշխատանքի մը նիւթը թերեւս քեզի պատեհութիւն տայ հաւատքդ արտայայտելու։ Կամ, թերեւս դասընկերներէդ մէկը քեզի հարցնէ թէ ինչո՛ւ որոշ գործունէութիւններու չես մասնակցիր։ Քրիստոնեաներէն ոմանք դպրոցական տարուան սկիզբէն իսկ իրենց ուսուցիչներուն տեղեկացուցած են, թէ իրենք Եհովայի վկաներ են եւ մեր հաւատալիքները բացատրող հրատարակութիւններ տուած են անոնց։ Ուրիշներ իրենց գրասեղանին վրայ հրատարակութիւններ ձգած են, որպէսզի իրենց դասընկերները մղեն հարցումներ ուղղելու։
3. Ինչպէ՞ս կրնաս նախապատրաստուիլ դպրոցին մէջ վկայութիւն տալու։
3 Նախապատրաստուէ։ Եթէ նախապատրաստուիս, վստահութիւնդ պիտի զօրանայ (Ա. Պետ. 3։15)։ Ուստի փորձէ կռահել թէ ի՛նչ հարցումներ կարելի է որ ծագին, ապա մտածէ թէ ինչպէ՛ս պիտի պատասխանես (Առ. 15։28)։ Եթէ կարելիութիւն կայ, Աստուածաշունչդ եւ կարգ մը հրատարակութիւններ, ինչպէս՝ Պատճառաբանել գիրքը, Պատանիներ գիրքերը եւ ստեղծագործութեան վերաբերող նիւթեր, դպրոցը ձգէ, որպէսզի կարենաս անոնց ակնարկութիւն ընել երբ որ պէտք ըլլայ։ Ծնողներէդ խնդրէ որ ընտանեկան պաշտամունքի ժամանակ փորձի նիստեր ընեն։
4. Դպրոցին մէջ ինչո՞ւ պէտք է շարունակես վկայել։
4 Դրական կերպով մտածէ։ Մի՛ ենթադրեր թէ դպրոցակիցներէդ միշտ պիտի ծաղրուիս, երբ ճշմարտութեան մասին խօսիս։ Անոնցմէ ոմանք թերեւս հիանան քաջութեանդ վրայ եւ նո՛յնիսկ լսեն։ Բայց մի՛ վհատիր եթէ ոչ ոք ընդառաջէ։ Եհովան պիտի հաւնի քու ջանք թափելդ (Եբ. 13։15, 16)։ Շարունակէ՛ իրմէ օգնութիւն խնդրել, որպէսզի ‘բոլոր համարձակութիւնով խօսիս’ (Գործք 4։29. Բ. Տիմ. 1։7, 8)։ Երեւակայէ թէ ո՛րքան պիտի ցնծաս, երբ անհատ մը լսէ։ Այդ անհատը թերեւս վերջաւորութեան, քեզի պէս Եհովայի ծառայ մը ըլլայ։