Ծառայելու առանձնաշնորհումդ արժեւորէ
1. Աշխարհին մէջ շատեր մեր քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատեն։
1 Սատանայի աշխարհին մէջ շատեր մեր քարոզչութիւնը «յիմարութիւն» կը նկատեն (Ա. Կոր. 1։18-21)։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, այս խեղաթիւրուած տեսակէտը կրնայ վհատութիւն պատճառել եւ մեր նախանձախնդրութիւնը պակսեցնել (Առ. 24։10. Եսա. 5։20)։ Եհովայի վկաներ ըլլալու մեր առանձնաշնորհումը արժեւորելու ի՞նչ պատճառներ կան (Եսա. 43։10)։
2. Ինչո՞ւ կրնայ ծառայութիւնը «սուրբ գործ» կոչուիլ։
2 «Սուրբ գործ» մը։ Ըստ ՆԱ–ի, Պօղոս առաքեալ ծառայութեան ակնարկեց որպէս «սուրբ գործ» (Հռով. 15։15, 16)։ Ինչպէ՞ս է որ ծառայութիւնը «սուրբ գործ» մըն է։ Ատոր միջամուխ ըլլալով, մենք «Սուրբ»ին՝ Եհովային, «գործակից»ները կը դառնանք եւ իր անունը սրբացնելու մէջ սատար կը կանգնինք (Ա. Կոր. 3։9. Ա. Պետ. 1։15)։ Եհովան մեր քարոզչութիւնը «օրհնութեան պատարագ» կը սեպէ, ուստի ծառայութիւնը մեր պաշտամունքին կարեւոր մէկ երեսակն է (Եբ. 13։15)։
3. Բարի լուրը քարոզելը ինչո՞ւ մեծ պատիւ մըն է։
3 Բարի լուրը քարոզելը մեծ պատիւ մըն է, որ քիչեր կը վայելեն։ Կասկած չկայ թէ հրեշտակները ուրախութեամբ եւ շատ աղէկ կերպով պիտի կատարէին այս նշանակումը (Ա. Պետ. 1։12)։ Բայց Եհովան այս հիանալի առանձնաշնորհումին համար՝ մեզ ընտրած է, մենք որ անկատար եւ «հողէ ամաններ» ենք (Բ. Կոր. 4։7)։
4. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ ծառայութիւնը կ’արժեւորենք։
4 Նախապատուութիւն մը։ Որովհետեւ մեր առանձնաշնորհումը իսկապէս կ’արժեւորենք, ծառայութիւնը մեր կեանքին մէջ աւելի «լաւ բաներ»էն մէկը կը սեպենք (Փլպ. 1։10)։ Ուստի ամէն շաբաթ յայտագիր կ’ընենք որ անոր մասնակցինք։ Երաժիշտ մը, որ աշխարհահռչակ նուագախումբի մը մէջ նուագելու իր առանձնաշնորհումը կ’արժեւորէ, իւրաքանչիւր կատարումի համար պիտի նախապատրաստուէր եւ ջանք թափէր իր ձիրքը բարելաւելու։ Նմանապէս, ծառայութեան երթալէ առաջ՝ պիտի նախապատրաստուինք, որպէսզի կարենանք «ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել» եւ ջանք պիտի թափենք մեր «վարդապետութիւնը» կամ սորվեցնելու արուեստը բարելաւելու (Բ. Տիմ. 2։15. 4։2)։
5. Ո՞վ կը գնահատէ մեր ծառայութիւնը։
5 Մի՛ վհատիր շատ մը մարդոց ժխտական կեցուածքներէն։ Յիշէ՛ թէ մեր թաղամասին մէջ տակաւին կան շատեր, որոնք մեր այցելութիւնները կը գնահատեն։ Սակայն մենք մարդոց հաւանութիւնը չէ որ կը փնտռենք, հապա շա՜տ աւելի կարեւոր բանն այն է թէ Եհովա՛ն ինչպէս կը զգայ. ան մեր անխոնջ ջանքերը մեծապէս կ’արժեւորէ (Եսա. 52։7)։