Մեզի գանձ մը վստահուած է
1 Պօղոս առաքեալ քարոզելու իր աստուածատուր յանձնարարութիւնը արժեւորեց ու անոր ակնարկեց որպէս «գանձ»։ (Բ. Կորն. 4։7) Ան դժուարութիւններու եւ հալածանքի տոկաց, այդ յանձնարարութիւնը կատարելու համար։ Ան իր հանդիպած բոլոր անհատներուն անխոնջօրէն քարոզեց։ Ան ցամաքի եւ ծովու ճամբով բազմաթիւ դժուար ու վտանգաւոր ճամբորդութիւններ կատարեց։ Ի՞նչպէս կրնանք Պօղոսը ընդօրինակել եւ ցոյց տալ թէ մեր ծառայութիւնը կ’արժեւորենք։ (Հռովմ. 11։13) Ի՞նչ բան մեր ծառայութիւնը անբաղդատելի գանձ կը դարձնէ։
2 Գերազանց գանձ. Յաճախ երկրային գանձերուն կ’ընկերակցի շատ սրտատանջութիւն, եւ անոնք միայն սահմանափակ կամ ժամանակաւոր օգուտներ ունին։ Միւս կողմէ, մեր ծառայութիւնը մնայուն օգուտներ կը բերէ թէ՛ մեզի եւ թէ ուրիշներուն։ (Ա. Տիմ. 4։16) Անիկա անկեղծ անհատներուն կ’օգնէ Եհովան ճանչնալու, իրենց կեանքին մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւններ մտցնելու եւ յաւիտենական կեանքի իսկական յոյսը ձեռք ձգելու։ (Հռովմ. 10։13-15) Մեր ծառայութիւնը մեծապէս արժեւորելով, ձեռք կը ձգենք կեանքի գոհացուցիչ նպատակ մը, իրագործման մնայուն զգացում մը եւ ապագայի համար խթանիչ յոյս մը։—Ա. Կորն. 15։58
3 Ցոյց տուր թէ գանձդ կ’արժեւորես. Բանի մը համար ի՛նչ զոհողութիւններ ընելու պատրաստ ըլլալը, յաճախ կը յայտնէ անոր կարեւորութեան տարողութիւնը։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում է մեր ժամանակն ու կորովը տրամադրել Եհովան փառաբանելու։ (Եփ. 5։16, 17) Մեր ժամանակը գործածելու կերպը պէտք է ցոյց տայ թէ հոգեւոր բաները աւելի կ’արժեւորենք, քան նիւթական հետապնդումները։ Ներկայացուելիք շատ արժէքաւոր բան մը ունենալով, պիտի ուզենք խանդավառութեամբ քարոզել ու գերուշադիր ըլլալ որ բարի լուրը ամէն առիթով հաղորդենք։
4 Մեծարժէք գանձերը սովորաբար չեն պահուիր, այլ՝ բոլորին հաճոյքին համար կը ցուցադրուին։ Եթէ մեր ծառայութիւնը գանձ նկատենք, անիկա մեր կեանքին կարեւոր մէկ մասը պիտի ըլլայ։ (Մատթ. 5։14-16) Գնահատութեամբ լեցուն սրտերով, թող միշտ Պօղոս առաքեալը ընդօրինակենք եւ ամէն պատեհութիւն օգտագործենք ցոյց տալու թէ մեր ծառայութիւնը գանձի մը պէս իրապէս կ’արժեւորենք։