Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/11 էջ 3
  • Հարցումի տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մաս 7. Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Դրան առջեւ եւ հեռախօսով՝ Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարէ՛
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Եհովայի կառչած մնացէ՛ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ինչո՞ւ անդադար պէտք է աղօթենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
թծ 9/11 էջ 3

Հարցումի տուփ

◼ Եթէ դրան առջեւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարենք, աղօթք պէ՞տք է ընենք։

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը աղօթքով սկսելու եւ աղօթքով վերջացնելու բազմաթիւ օգուտներ կան։ Աղօթքով Եհովայէն կը խնդրենք որ քննարկութեան ընթացքին իր սուրբ հոգին տայ (Ղուկ. 11։13)։ Աղօթքը նաեւ մեր աշակերտին կ’օգնէ, որ իր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան լրջութիւնը տեսնէ, ինչպէս նաեւ՝ աղօթելու կերպը սորվի (Ղուկ. 6։40)։ Ուստի քանի մը ուսումնասիրութիւններ վարելէ ետք՝ լաւ է որ առաջարկես աղօթել։ Սակայն, քանի որ պարագաները կը տարբերին, դրան առջեւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարողը աղօթելու նկատմամբ խոհեմութիւն պէտք է գործածէ։

Ուսումնասիրութեան միջավայրը կարեւոր ազդակ մըն է։ Եթէ որոշ չափով առանձնութիւն կայ դրան առջեւ, կարելի է խոհեմօրէն հակիրճ աղօթք մը ընել՝ հաստատուած ուսումնասիրութիւն մը սկսելու եւ վերջացնելու համար։ Սակայն, եթէ այդպէս ընելը ուրիշներու ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ կամ աշակերտին անհանգստութիւն պատճառէ, աւելի լաւ կ’ըլլայ սպասել՝ մինչեւ որ կարելի ըլլայ ուսումնասիրութիւնը աւելի առանձին տեղ մը վարել։ Ուստի, ուսումնասիրութիւնը ո՛ւր որ ալ վարելու ըլլանք, լաւ դատողութիւն պէտք է գործածենք՝ որոշելու համար թէ ե՛րբ պէտք է աղօթենք (տե՛ս մարտ 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 6)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել