Մաս 7. Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք
Ուսումնասիրութենէն Առաջ ու Ետք՝ Աղօթք Մատուցանել
1. (ա) Ուսումնասիրութիւնը աղօթքով սկսիլն ու աւարտելը ինչո՞ւ պատշաճ է։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք աղօթքի նիւթը բանալ։
1 Որպէսզի Աստուածաշունչի աշակերտները հոգեւորապէս յառաջդիմեն, Եհովայի օրհնութիւնը կենսական է։ (Ա. Կորն. 3։6) Հետեւաբար պատշաճ է որ հաստատուած ուսումնասիրութիւնը աղօթքով սկսի ու աւարտի։ Ասիկա յաճախ կրնանք ընել, երբ առաջին անգամ կրօնասէր անհատի մը հետ դաս պիտի վարենք։ Ուրիշներու պարագային, պէտք է զատորոշենք աղօթելու յարմար ժամանակը։ Կրնաս Սաղմոս 25։4, 5 եւ Ա. Յովհաննու 5։14–ը գործածել, աշակերտին ցոյց տալու թէ ինչո՛ւ պէտք է աղօթել, եւ՝ Յովհաննու 15։16–ը գործածել, անոր բացատրելու Յիսուս Քրիստոսի միջոցով Եհովայի աղօթելու կարեւորութիւնը։
2. Եթէ մկրտուած եղբայր մը կամ չմկրտուած հրատարակիչ մը քրոջ մը հետ ուսումնասիրութեան ներկայ է, ո՞վ կը մատուցանէ աղօթքը։
2 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան սկիզբը ու աւարտին ո՞վ պէտք է աղօթէ։ Եթէ մկրտուած եղբայր մը քրոջ մը հետ ուսումնասիրութեան ներկայ է, եղբայրը պէտք է աղօթէ, թէեւ քոյրը կրնայ ուսումնասիրութիւնը վարել, գլուխը ծածկելով։ (Ա. Կորն. 11։5, 10) Իսկ եթէ չմկրտուած հրատարակիչ մը քրոջ հետ ուսումնասիրութեան ներկայ է, քո՛յրը պէտք է մատուցանէ աղօթքը, գլուխը ծածկելով թէ՛ աղօթելու եւ թէ ուսումնասիրութիւնը վարելու ատեն։
3. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ատեն մատուցուած աղօթքին մէջ ի՞նչ նիւթեր յիշելը պատշաճ է։
3 Աղօթքին Մէջ Ի՛նչ Յիշել. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութենէն առաջ ու ետք ներկայացուած աղօթքները հարկ չկայ որ երկար ըլլան, բայց մասնայատուկ պէտք է ըլլան։ Ուսումնասիրութեան վրայ Աստուծոյ օրհնութիւնը խնդրելէ եւ ուսուցանուած ճշմարտութիւններուն համար շնորհակալութիւն յայտնելէ զատ, պատշաճ է Եհովան փառաբանել որպէս ուսուցումին Աղբիւրը։ (Եսայ. 54։13) Կրնանք այլ արտայայտութիւններ ալ պարփակել, որոնք աշակերտին հանդէպ մեր հետաքրքրութիւնը եւ Եհովայի գործածած կազմակերպութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը կը յայտնեն։ (Ա. Թես. 1։2, 3. 2։8) Երբ Եհովայէ կը խնդրենք որ իր սորվածները կիրարկելու համար աշակերտին թափած ջանքերը օրհնէ, ասիկա կրնայ անոր օգնել որ ‘խօսքը կատարող’ ըլլալու կարեւորութիւնը տեսնէ։—Յակ. 1։22
4. Ուսումնասիրութիւնը աղօթքով սկսիլը ու աւարտելը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։
4 Աղօթքին օգուտները շատ են։ Անիկա Աստուծոյ օրհնութիւնը կը բերէ։ (Ղուկ. 11։13) Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելուն լրջութիւնը կ’ընդգծէ։ Մեր աղօթքները մտիկ ընելով, աշակերտը կը սորվի ի՛նչպէս աղօթել։ (Ղուկ. 6։40) Ասկէ զատ, Աստուծոյ հանդէպ սիրով ու իր աննման յատկութիւններուն հանդէպ երախտագիտութեամբ լեցուած սիրտէ բխած աղօթքները, աշակերտին կրնան օգնել որ Եհովայի հետ անձնական յարաբերութիւն մշակէ։