Աշխատանքովդ հոգիդ զուարճացուր
1. Ի՞նչը կրնայ տկարացնել ծառայութեան նկատմամբ մեր նախանձախնդրութիւնը։
1 Մարդը ստեղծուեցաւ «իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնել»ու համար (Ժող. 2։24)։ Սակայն, երբ մեր ծառայութենէն լաւ արդիւնքներ չենք քաղեր, վհատութիւնը կրնայ խլել մեր ուրախութիւնը եւ տկարացնել մեր նախանձախնդրութիւնը։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել դրական կեցուածք մը պահպանելու։
2. Մեր ծառայութեան մէջ մարդոց ընդառաջումին նկատմամբ, ինչո՞ւ իրապաշտ ակնկալութիւններ պէտք է ունենանք։
2 Իրապաշտ ակնկալութիւններ ունեցիր։ Յիշէ՛, որ թէեւ Յիսուսին ընդառաջողները սակաւաթիւ էին, բայց իր ծառայութիւնը անկասկած յաջող էր (Յովհ. 17։4)։ Իր սերմնացանի առակին մէջ, Յիսուս նախագուշակեց, թէ ի վերջոյ շատ մը մարդոց սրտերը պիտի չընդունին Թագաւորութեան սերմանման պատգամը (Մատ. 13։3-8, 18-22)։ Այսուհանդերձ, մեր անխոնջ ջանքերը տակաւին շատ բաներ կ’իրագործեն։
3. Ինչպէ՞ս կրնանք ‘պտուղ տալ’, նոյնիսկ եթէ մեր քարոզչութեան քիչեր ընդառաջեն։
3 Ինչպէ՛ս շատ պտուղ կու տանք։ Ըստ Յիսուսի առակին, պատգամը ընդունողները ‘պտուղ պիտի տան’ (Մատ. 13։23)։ Ցորենի հասկ մը ծիլ տալէն ու հասուննալէն ետք, անոր պտուղը ոչ թէ ցորենի փոքրիկ հասկեր կ’ըլլան, այլ՝ նոր սերմեր։ Ուստի հմուտ քրիստոնեաներուն բերած պտուղը պայման չէ որ նոր աշակերտներ ըլլայ։ Ատիկա կը պարփակէ այն շատ մը սերմերը, որոնք կը ցանենք՝ Թագաւորութեան քարոզչութեան միջոցով։ Ասիկա մեզ ‘կը զուարճացնէ’, որմէ կրնանք գոհունակութիւն զգալ, նո՛յնիսկ եթէ մարդիկ չընդառաջեն, քանի որ Եհովայի անուան սրբացման մէջ բաժին կը բերենք (Եսա. 43։10-12. Մատ. 6։9)։ Նաեւ, Աստուծոյ գործակիցներն ըլլալու առանձնաշնորհումը կը վայելենք (Ա. Կոր. 3։9)։ Եւ այսպիսի «շրթունքներուն պտուղը» կը հաճեցնէ Եհովան (Եբ. 13։15, 16)։
4. Մեր ծառայութիւնը ի՞նչ արդիւնքներ կրնայ տալ, որոնցմէ կրնանք տեղեակ չըլլալ։
4 Ասկէ զատ, մեր աշխատութիւնը թերեւս տայ արդիւնքներ, որոնք չենք տեսներ։ Հաւանական է, որ Յիսուսի քարոզչութիւնը ունկնդրած անհատներէն ոմանք իր աշակերտները դարձան, իր երկրային ծառայութիւնը աւարտելէն ետք։ Նմանապէս, մեր ցանած Թագաւորութեան սերմերը թերեւս անհատին սրտին մէջ արմատ չնետեն ու չաճին. բայց օրին մէկը թերեւս ան ճշմարտութեան գայ առանց մեր գիտնալուն։ Արդարեւ, մեր ծառայութիւնը մեզ շատ կը զուարճացնէ։ Հետեւաբար, շարունակե՛նք ‘շատ պտուղ բերել’ եւ այսպէս՝ փաստենք թէ Յիսուսի աշակերտներն ենք (Յովհ. 15։8)։