«Հիմնովին վկայութիւն տանք»
1. Պօղոս առաքեալ ծառայութեան մէջ ի՞նչ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։
1 «Լմա՛ն կատարէ քու սպասարկութիւնդ» (Բ. Տիմ. 4։5, ԱԾ)։ Պօղոս առաքեալ մաքուր խղճով կրցաւ այս բանը Տիմոթէոսին յանձնարարել։ Իրականութեան մէջ, Ք.Ե. 47-56, Պօղոս երեք միսիոնարական ճամբորդութիւն ամբողջացուց։ Գործք գիրքը բազմիցս կը նշէ, թէ Պօղոս «հիմնովին վկայութիւն» տուաւ (Գործք 23։11. 28։23, ՆԱ)։ Մե՞նք ինչպէս կրնանք հիմնովին վկայութիւն տալ։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք հիմնովին վկայութիւն տալ, երբ տունէ տուն կը քարոզենք։
2 Տունէ տուն։ Բարի լուրը բնաւ չլսած տանտէրներուն խօսելու համար, թերեւս հարկ ըլլայ որ անոնց այցելենք օրուան տարբեր ժամերուն։ Թերեւս տան գլուխը տունը կ’ըլլայ երեկոյեան ժամերուն կամ շաբաթավերջը։ Պէտք է ջա՛նք թափենք որ տունը չեղող իւրաքանչիւր անդամին հետ խօսինք, կրկին անգամ այցելելով։ Իսկ ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ տունը մէկը գտնելու ջանքերդ չյաջողին։ Նամակագրութեամբ կամ հեռաձայնով վկայելը կրնայ լաւ արդիւնք բերել։
3. Հրապարակաւ եւ անպաշտօն կերպով վկայելու ի՞նչ պատեհութիւններ ունիս։
3 Հրապարակաւ եւ անպաշտօն կերպով։ Ներկայիս, Եհովայի վկաները «իմաստութիւն» կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք կ’ուզեն լսել։ Ասիկա երբեմն տեղի կ’ունենայ «դուրսը»՝ փողոցը, կամ «հրապարակներու մէջ» (Առ. 1։20, 21)։ Մեր առօրեայ գործունէութիւններուն ընթացքին, արթուն կ’ըլլա՞նք որ վկայութիւն տանք։ Մեր մասին կրնա՞յ ըսուիլ թէ «եռանդով վառուած» ենք (Գործք 18։5)։ Եթէ այո՛, ուրեմն կը կատարենք մեր պարտաւորութիւնը՝ ‘հիմնովին վկայութիւն տալու’ (Գործք 10։42, ՆԱ. 17։17. 20։20, 21, 24)։
4. Աղօթքն ու խոկալը ինչպէ՞ս կ’օգնեն հիմնովին վկայութիւն տալու։
4 Սակայն երբեմն, թերեւս ետ քաշուինք վկայութիւն տալէ, մեր տկարութեան կամ բնածին ամչկոտութեան պատճառով։ Վստա՛հաբար, Եհովան մեր սահմանափակումները կը հասկնայ (Սաղ. 103։14)։ Ամենայն դէպս, երբ այսպիսի պարագաներ ծագին, կրնանք աղօթքով իրմէ խնդրել որ խօսելու համարձակութիւն տայ մեզի (Գործք 4։29, 31)։ Ասկէ զատ, երբ անձնական ուսումնասիրութիւն կ’ընենք կամ Աստուծոյ Խօսքին վրայ կը խոկանք, կրնանք բարի լուրին գերազանց արժէքին նկատմամբ մեր գնահատութիւնը աւելցնել (Փլպ. 3։8)։ Ասիկա մեզ պիտի մղէ, որ բարի լուրը նախանձախնդրութեա՛մբ հռչակենք։
5. Յովէլի մարգարէութեան կատարման մէջ ինչպէ՞ս կրնանք բաժին բերել։
5 Յովէլ մարգարէացաւ, թէ Եհովայի մեծ ու ահեղ օրը չեկած, Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի շարունակէր ‘քալել’ եւ թոյլ պիտի չտար, որ որեւէ բան զինք քարոզչութենէն շեղեցնէ (Յվլ. 2։2, 7-9)։ Թող որ մենք ալ այս անկրկնելի վկայութեան գործին մէջ մեր լիակատար մասնակցութիւնը բերենք։