Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Միքիա
1. Միքիա թերեւս ինչպիսի՞ հարցումի մը մասին մտածած ըլլար, բայց իր քարոզչութիւնը ինչո՞ւ ի զուր չէր։
1 «Այս ապականած աշխարհին վերջը ե՞րբ պիտի գայ»։ Միքիա մարգարէն այսպիսի հարցումի մը մասին մտածած ըլլալու էր, մինչ Իսրայէլի եւ Յուդայի թագաւորութիւններուն դէմ Եհովայի դատաստանական պատգամները կը ծանուցանէր։ Սակայն, իր քարոզչութիւնը ի զուր չէր։ Ք.Ա. 740–ին, Միքիայի օրերուն, Եհովայի՝ Սամարիայի դէմ ուղղած խօսքերը կատարուեցան (Միք. 1։6, 7)։ Յետագային, Ք.Ա. 607–ին, Երուսաղէմը կործանուեցաւ (Միք. 3։12)։ Ներկայիս, մինչ Եհովայի դատաստաններուն գործադրութեան կը սպասենք, ինչպէ՞ս կրնանք Միքիան ընդօրինակել։
2. Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ համբերատարութիւն կը ցուցաբերենք մինչ Եհովայի օրուան կը սպասենք։
2 Համբերատար եղիր։ Միքիա գրեց. «Բայց ես Տէրոջը պիտի սպասեմ, իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ» (Միք. 7։7)։ Անշուշտ, ան ձեռնածալ չսպասեց վերջին գալուն, հապա զբաղա՛ծ մնաց որպէս Եհովայի մարգարէ։ Մինչ Եհովայի օրուան կը սպասենք, մենք ալ պէտք է «սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ» լի գործերով զբաղած ըլլանք (Բ. Պետ. 3։11, 12)։ Եհովայի համբերատարութիւնը մարդոց ժամանակ կու տայ որ զղջան (Բ. Պետ. 3։9)։ Ուստի, լուրջի կ’առնենք մարգարէներուն համբերատարութիւնը ընդօրինակելու Աստուածաշունչին յորդորը (Յակ. 5։10)։
3. Ինչո՞ւ պէտք է Եհովայէն իր սուրբ հոգին խնդրենք։
3 Եհովայի զօրութեան ապաւինիր։ Դժուար նշանակում մը ունենալով հանդերձ, Միքիա Եհովայի զօրութեա՛ն վստահեցաւ զայն կատարելու համար (Միք. 3։8)։ Եհովայի Խօսքը անտեղիօրէն չէ որ մեզ կը յորդորէ, որ Աստուծոյ զօրութեան ապաւինինք։ Ան առատաձեռնօրէն ոյժ կու տայ յոգնածներուն, որպէսզի կարենան իրենց աստուածպետական պարտականութիւնները կատարել (Սաղ. 84։5, 7. Եսա. 40։28-31)։ Անձնապէս այս մէկը զգացա՞ծ ես սուրբ ծառայութեանդ մէջ։ Կանոնաւորաբար աղօթքով Եհովայի հզօր սուրբ հոգիին օգնութիւնը կը խնդրե՞ս (Ղուկ. 11։13)։
4. Միքայի կեանքին ընթացքը ի՞նչ ընտիր օրինակ մըն է մեզի համար։
4 Միքիա իր կեանքին ընթացքին Աստուծոյ կամքը կատարելը առաջնակարգ տեղը դրաւ։ Ան վճռած էր հաւատարիմ մնալ, հակառակ անոր որ շրջապատուած էր անբարոյութեամբ։ Նոյնպէս ալ մեր ուղղամտութիւնը ամէն օր փորձի կ’ենթարկուի։ Ուստի, ամրօրէն վճռենք «յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը» քալել (Միք. 4։5)։