Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Նաւում
1. Նաւում գրքէն ի՞նչ կը սորվինք։
1 Վաղեմի Նինուէի աւերակները կ’ապացուցանեն, թէ ճիշդ ինչպէս որ Նաւում մարգարէացաւ, Եհովան վրէժ կ’առնէ իր թշնամիներէն, եւ նոյնիսկ անոնց ամէնէն վայրագը անկարող է իրեն դէմ դնել (Նաւ. 1։2, 6)։ Նաւումի մարգարէութիւնը մօտէն քննելով՝ մեր ծառայութեան համար դասեր կրնանք քաղել։
2. Մեր պատգամը ինչպէ՞ս կրնանք դրական պահել։
2 Մխիթարէ եւ յոյս ներշնչէ։ Առաջին ակնարկով, Նաւում գիրքը կը թուի թէ միայն դատապարտութեան ծանուցում մըն է Նինուէի՝ վաղեմի Ասորեստանի հպարտ մայրաքաղաքին դէմ (Նաւ. 1։1. 3։7)։ Բայց այս ծանուցումը Եհովայի ժողովուրդին համար ուրախ լուր էր։ Նաւում, որուն անունը կը նշանակէ՝ «Մխիթարիչ», իր ազգակիցները՝ հրեաները հաւաստիացուց, որ իրենց թշնամիները շուտով պիտի ոչնչանային։ Աւելին, Նաւում հաստատեց, թէ Եհովան «նեղութեան օրը ամրութիւն» է (Նաւ. 1։7)։ Մինչ կը քարոզենք, մենք ալ ուրախ լուրեր կը փոխանցենք մարդոց եւ զիրենք կը քաջալերենք որ Եհովային ապաւինին (Նաւ. 1։15)։
3. Օրինակներ կամ լուսաբանութիւններ գործածելուն մէջ ինչպէ՞ս կրնանք Նաւումը ընդօրինակել։
3 Օրինակներ եւ լուսաբանութիւններ գործածէ։ Եհովան Նաւումը ներշնչեց որ Նինուէի վախճանը համեմատէ Եգիպտոսի Թեբես (Նով–Ամոն) քաղաքի վախճանին հետ, որ նախապէս Ասորեստան ի՛նք կործանած էր (Նաւ. 3։8-10)։ Մինչ մարդոց հետ կը խօսինք այս չար աշխարհի վերջին մասին, կրնանք ընդգծել աստուածաշնչական մարգարէութիւններ, որոնք կը փաստեն թէ Եհովան իր խօսքը կը կատարէ ամենայն մանրամասնութեամբ։ Օրինակ, Ք.Ա. 632–ին, երբ բաբելոնացիները եւ մարերը Նինուէ քաղաքին վրայ յարձակեցան, տեղատարափ անձրեւները պատճառ դարձան որ Տիգրիս գետը յորդի՝ քաղաքին անանցանելի պարիսպներուն մէկ մասը փլելով։ Այսպէս, Նինուէն շուտով գրաւուեցաւ, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան մարգարէացաւ (Նաւ. 1։8. 2։6)։
4. Ինչպէ՞ս կրնանք ծառայութեան մէջ յստակ եւ հասկնալի կերպով խօսիլ։
4 Յստակ եւ հասկնալի կերպով խօսէ։ Նաւումին գրական ոճը նկարագրական եւ թատերական էր։ Իր փոխանցած կէտերը յստակ էին (Նաւ. 1։14. 3։1)։ Համանման կերպով, կ’ուզենք դիւրահասկնալի լեզու մը գործածել (Ա. Կոր. 14։9)։ Առաջին հանդիպումին, յստակ կերպով այցելութեանդ պատճառը բացատրէ։ Մինչ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրես անհատներու հետ, անոնց օգնէ որ Եհովային եւ անոր Խօսքին հանդէպ հաւատք կերտեն եւ տեսնեն, թէ այդ տեղեկութիւնները ինչպէ՛ս իրենց պարագային կը կիրարկուին (Հռով. 10։14)։
5. Նաւումի մարգարէութիւնը մեզ ինչպէ՞ս կը մխիթարէ։
5 Մինչ Նաւումի աստուածաշնչական գիրքը կը կարդանք, յստակ կերպով կը տեսնենք անոր խոր վստահութիւնը Եհովայի խօսքին ստոյգ կատարման հանդէպ։ Մինչ Սատանայի աշխարհին վախճանը կը մօտենայ, աստուածային այս վճիռով կը մխիթարուինք. «Տագնապը երկրորդ անգամ պիտի չհասնի» (Նաւ. 1։9, ԱԾ)։