Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/14 էջ 4
  • Ներկայացումի նմոյշներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ներկայացումի նմոյշներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
թծ 9/14 էջ 4

Ներկայացումի նմոյշներ

Հոկտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթ օրը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար

«Մենք կարճ այցելութիւններ կու տանք՝ մեր դրացիներուն խօսելու համար լաւ կառավարութեան մը մասին։ Կը կարծէ՞ք որ կայ կառավարութիւն մը, որ կարողութիւնը ունի վերջ դնելու դժուար խնդիրներուն, ինչպէս՝ բռնութեան եւ անարդարութեան»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Տանտիրոջ յիշեցուր թէ Տէրունական աղօթքին մէջ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն որ այսպիսի կառավարութիւն մը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ։ Ցոյց տուր Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր թիւին ետեւի կողքը եւ միասնաբար նկատի առէք առաջին հարցումին տակ գտնուող նիւթն ու նշուած համարներէն առնուազն մէկը։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար վերադառնալու կարգադրութիւն ըրէ։

Դիտարան 1 հոկտեմբեր

«Մեր դրացիներուն հետ քանի մը վայրկեան կը խօսինք այն հռչակաւոր աղօթքին մասին, որ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց։ [Կարդա՛ Մատթէոս 6։9, 10։] Բնաւ ձեզի յստակ կերպով բացատրուա՞ծ է թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ է եւ ինչո՛ւ Յիսուս իր ուսուցումներուն մէջ զայն շատ շեշտեց։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին, ինչպէս նաեւ երկրի վրայ անոր բերելիք կարգ մը հոյակապ օգուտներուն մասին»։

Զարթի՛ր հոկտեմբեր

«Մեր կարճ այցելութեան նպատակն է՝ մարդոց օգնել որ այս հարցումին պատասխանը գտնեն։ [Ցոյց տուր պարբերաթերթին կողքը։] Կը կարծէ՞ք որ մարդ արարածը իրապէս յաջող ըլլալու համար պէտք է հարուստ ըլլայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը ստացուածքներու նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը կու տայ։ [Կարդա՛ Ղուկաս 12։15։] Ըստ Աստուածաշունչին, ամէն մարդ կրնայ իրապէս յաջող ըլլալ։ Այս պարբերաթերթը ճիշդ ասիկա կը բացատրէ»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել