Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/15 էջ 2
  • Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2015)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Հիմնովին վկայութիւն տանք» Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • «Անիկա սրտիս մէջ պարապութիւն մը լեցուց»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Աստուածաշունչը կարդալով ինչպէ՞ս կրնաս ոյժ առնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Երեւակայութիւնդ իմաստութեամբ կը գործածե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2015)
թծ 9/15 էջ 2

Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք

1. Հոկտեմբեր 19–ով սկսող շաբաթէն սկսեալ ո՞ր գիրքը պիտի ուսումնասիրենք։

1 Հոկտեմբեր 19–ով սկսող շաբաթէն սկսեալ (2015), Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան ընթացքին պիտի ուսումնասիրենք Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք գիրքը։ Այս գիրքը կը քննարկէ 14 հաւատքի տէր տղամարդոց եւ կիներու աստուածաշնչական արձանագրութիւնները։ Անիկա գրուած է այնպիսի ոճով մը, որ կարենանք այդ անհատները տեսնել որպէս իրական անձեր, որոնք Եհովային ծառայելու ընթացքին մարտահրաւէրներ դիմագրաւեցին։ Գիրքը նաեւ գործնական դասեր կը սորվեցնէ մեզի (Եբ. 6։12)։

2. Նշէ Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք գիրքէն կարգ մը երեսակներ։

2 Երեսակներ։ Գիրքը կը պարփակէ ժամանակագրական ցուցակ մը եւ քարտէսներ, որոնք մեզի կ’օգնեն գիտնալու թէ իւրաքանչիւր անձնաւորութիւն ե՛րբ եւ ո՛ւր կ’ապրէր։ Ասկէ զատ, իւրաքանչիւր գլուխ ունի «Մտածելու համար. . . » խորագրով երեսակ մը, որ մեզի կ’օգնէ պատմութիւններուն վրայ խոկալու եւ անոնցմէ քաղուած գործնական դասերը կիրարկելու։ Գիրքին մէջ նաեւ կան գունաւոր, մանրամասն եւ բծախնդրութեամբ պատրաստուած պատկերներ, որոնք կ’օգնեն պատմութիւնները պատկերացնելու։

3. Այս գիրքէն օգտուելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։

3 Ինչպէ՛ս կրնաս օգտուիլ։ Գիրքը կը սկսի Կառավարիչ մարմինին կողմէ ուղղուած նամակով մը, որ այս խօսքերով մեզ կը քաջալերէ. «Երեւակայութիւնդ վա՛ռ պահէ. զգայարանքներդ գործածէ։ Փորձէ զգալ՝ ինչ որ Աստուածաշունչի այդ անձնաւորութիւնները զգացին, փորձէ տեսնել՝ ինչ որ անոնք տեսան։ Բաղդատէ անոնց հակազդեցութիւնը տուեալ հարցի մը շուրջ քու ունենալիք հակազդեցութեանդ հետ»։ Վստահաբար, մեր երեւակայութիւնը վառ պահելը չի նշանակեր ենթադրութիւններ ընել, այլ պատմութիւնը պատկերացնել եւ մեր անձը այդ անձնաւորութիւններուն տեղը դնել։ Ասիկա ընելը ժամանակ եւ խոկալ կը պահանջէ (Նէ. 8։8)։ Եթէ ուսումնասիրութիւնը կը սկսի գլուխի մը կէսէն, վարիչը նախ նախորդ ուսումնասիրութիւնը 30-60 երկվայրկեան վերաքաղ պիտի ընէ։ Եթէ ուսումնասիրութիւնը չի պարփակեր «Մտածելու համար. . . » բաժինը, կարելի է մէկ կամ երկու հարցում ուղղել առ ի վերաքաղ։

4. Ինչո՞ւ Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք գիրքը պէտք է որ ուսումնասիրենք։

4 Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ կը ջանայ ամէն օր ձեւով մը մեր հաւատքը տկարացնել։ Այս գիրքը,– ինչպէս նաեւ Դիտարան–ի «Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք» յօդուածաշարքը,– Եհովայէն պարգեւ մըն է որ մեզի կ’օգնէ մեր հաւատքը զօրացնելու (Յակ. 1։17)։ Մինչ միասնաբար այս հրատարակութիւնը կ’ուսումնասիրենք, թող որ անկէ լիովին օգտուինք՝ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով եւ կարելի եղածին չափ մեր մասնակցութիւնը բերելով։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել