Ձայնագրութիւնները ինչպէ՛ս գործածել
1. Հրատարակութիւններէն զատ, ի՞նչ օգտակար կարգադրութիւն մը ունինք։
1 Շատեր jw.org կայքը կը սիրեն գործածել ճշմարտութեան ուրախալի եւ ճշգրիտ խօսքերը կարդալու համար (Ժող. 12։10)։ Բայց ձայնագրութիւններն ալ կ’օգտագործե՞ս։ Անոնց միջոցաւ կրնաս մեր կայքին մէջ գտնուող շատ մը տեղեկութիւնները մտիկ ընել։ Ինչպէ՞ս կրնանք ձայնագրութիւններէն օգտուիլ։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք ձայնագրութիւնները գործածել անձնական կամ ընտանեկան ուսումնասիրութեան համար։
2 Անձնական կամ ընտանեկան ուսումնասիրութեան համար։ Ճամբորդած ատեն կամ մեր առօրեայ գործունէութիւններուն ընթացքին Աստուածաշունչին, պարբերաթերթերուն կամ հրատարակութեան մը ձայնագրութիւնները մտիկ ընելը մեզի կ’օգնէ, որ մեր ժամանակը աւելի լաւ կերպով գործածենք (Եփ. 5։15, 16)։ Կրնանք մեր ընտանեկան պաշտամունքը ճոխացնել նիւթի մը ձայնագրութիւնը մտիկ ընելով, մինչ հրատարակութենէն կը հետեւինք։ Անձնական ուսումնասիրութեան ընթացքին ձայնագրութիւններ գործածելը օգտակար է մանաւանդ՝ եթէ կ’ուզենք կարդալու մէջ բարելաւուիլ կամ նոր լեզու կը սորվինք։
3. Մեր թաղամասին մէջ որո՞նք թերեւս ձայնագրութիւններէն օգտուին։
3 Ծառայութեան համար։ Մեր թաղամասին մէջ այն մարդիկը, որոնք կը խորհին թէ այնքա՛ն զբաղած են որ ժամանակ չունին կարդալու, թերեւս ձայնագրութիւններ մտիկ ընելու յօժարին։ Կամ թերեւս հանդիպինք օտարախօս անհատներու, որոնք Թագաւորութեան պատգամին աւելի ականջ տան՝ եթէ զայն լսեն իրենց «լեզուովը» (Գործք 2։6-8)։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, ունկնդրելը մշակոյթին կարեւոր մէկ մասն է։ Օրինակ, հմոնկ մշակոյթին մէջ մարդիկ սովորաբար իրենց հայրենական պատմութիւնը բերանացի կերպով կը փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն, եւ իրենց լսած տեղեկութիւնը կարող են ամբարելու եւ յիշելու։ Շատ մը ափրիկեան մշակոյթներ կ’ուրախանան, երբ պատմութիւններ լսելով նոր բաներ կը սորվին։
4. Մեր թաղամասին մէջ մարդոց օգնելու նկատմամբ ի՞նչ հարցումներ կրնանք մենք մեզի ուղղել։
4 Թաղամասիդ մէջ կրնա՞յ ըլլալ որ տանտիրոջ լեզուով ձայնագրութիւն մը մտիկ ընել տալը օգտակար ըլլայ։ Կարելի է՞ որ անհատ մը օգտուի ձայնագրուած հրատարակութենէ մը, որ իրեն կը ղրկենք ե–նամակով։ Կրնա՞նք CD–ի մը վրայ բեռնել ձայնագրուած հրատարակութիւն մը եւ զայն տալ հետաքրքրուած տանտիրոջ մը, թերեւս տպուած հրատարակութեան հետ մէկտեղ։ Իւրաքանչիւր ելեկտրոնային գիրք, գրքոյկ, պարբերաթերթ կամ թերթիկ, որ ծառայութեան մէջ անհատի մը կու տանք՝ կրնանք բաշխում սեպել։ Ձայնագրութիւնները պատրաստուած են մեր անձնական ուսումնասիրութեան մէջ գործածելու եւ Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմերը ցանելու համար (Ա. Կոր. 3։6)։