Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ17 Ապրիլ էջ 5
  • Կրնաս անգործունեայ անհատ մը քաջալերել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրնաս անգործունեայ անհատ մը քաջալերել
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Անգործունեաները մի՛ մոռնար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • «Ինծի դարձէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Անոնց օգնէ անյապաղ վերադառնալու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Հօտէն մոլորած անհատներուն օգնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
ժտ17 Ապրիլ էջ 5

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Կրնաս անգործունեայ անհատ մը քաջալերել

Հովիւ մը կը փորձէ կորսուած ոչխար մը ազատել

Ամէն տարի շատ մը անգործունեայ քրիստոնեաներ Յիշատակատօնին ներկայ կը գտնուին։ Անցեալին անոնք սկսած էին կեանքի մրցավազքին մէջ վազել, բայց ետքը դանդաղեցան զանազան պատճառներով, որոնցմէ ոմանք նշուած են Եհովային վերադարձիր գրքոյկին մէջ (Եբ. 12։1)։ Բայց եւ այնպէս անգործունեայ քրիստոնեաները տակաւին արժէքաւոր են Եհովային աչքին, որ զանոնք գնեց իր Որդիին արիւնովը (Գործք 20։28. Ա. Պետ. 1։18, 19)։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոնց օգնել որ ժողովքին վերադառնան։

Ժողովքի երէցները կը ջանան անգործունեաները գտնել եւ անոնց օգնել, ճիշդ ինչպէս որ հովիւ մը ժրաջանութեամբ կը փնտռէ այն ոչխարները, որոնք հօտէն մոլորած են (Ղուկ. 15։4-7)։ Ասիկա կ’արտացոլէ Եհովային սիրալիր հոգատարութիւնը (Եր. 23։3, 4)։ Ոչ միայն երէցները, հապա բոլորս կրնանք այսպիսիները քաջալերել։ Երբ ջանք թափենք որ ազնիւ եւ կարեկից ըլլանք, Եհովան մեզի կը հաճի եւ կը վարձատրուինք (Առ. 19։17. Գործք 20։35)։ Ուրեմն, մտածէ թէ ո՛ր անհատը կրնաս քաջալերել եւ շուտով գործի լծուէ։

Լորան պատուհանէն դուրս կը նայի, Էպին կ’աղօթէ, Էպին եւ Լորան իրարու փաթթուկ կ’ընեն եւ կը նկարուին

ԴԻՏԷ ԱՆԳՈՐԾՈՒՆԵԱՆԵՐԸ ՔԱՋԱԼԵՐԷ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ՆԿԱՏԻ ԱՌ.

  • Էպին ի՞նչ նախաքայլ առաւ երբ ծանօթացաւ Վկայի մը որ չէր ճանչնար։

  • Ինչո՞ւ պէտք է որ երէցներուն հետ խօսինք, եթէ կը մտածենք անգործունեայ անհատի մը օգնել։

  • Էպին ինչպէ՞ս պատրաստուեցաւ Լորային այցելելու երկրորդ անգամին։

  • Էպին ինչպէ՞ս յարատեւութիւն, համբերութիւն եւ սէր ցոյց տուաւ երբ կը ջանար Լորան քաջալերել։

  • Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Ղուկաս 15։8-10–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի առակէն։

  • Ի՞նչ օրհնութիւններ մէջտեղ եկան Լորային օգնելու միացած ջանքերուն շնորհիւ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել