Դռնէ դուռ քարոզել Իտալիոյ մէջ
Ներկայացումի նմոյշներ
ԴԻՏԱՐԱՆ
Հարցում։ Աստուծոյ կա՞մքն է որ մենք մեռնինք։
Համար։ Յայտ. 21։4
Ներկայացում։ Դիտարան–ի այս թիւը կը բացատրէ թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ կեանքին եւ մահուան մասին։
ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ
Հարցում։ Մարդիկ ինչո՞ւ այսքա՛ն կը չարչարուին։
Համար։ Ա. Յովհ. 5։19
Ճշմարտութիւն։ Բանսարկու Սատանան այս աշխարհին իշխանն է։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ԸԼԼԱՅ
Ներկայացում։ Եհովայի վկաները մարդոց կ’առաջարկեն Սուրբ Գիրքի ձրի ուսումնասիրութիւն, որ կը պատասխանէ այս տեսակ հարցումներու. մարդիկ ինչո՞ւ այսքա՛ն կը չարչարուին։ Ընտանիքս ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ըլլալ։ Այս վիտէոն կը բացատրէ թէ ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՛ս կ’ըլլայ [Դիտել տուր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ վիտէոն։] Կրնանք այս գիրքով (կամ գրքոյկով) նիւթեր քննարկել։ [Մեր ուսումնասիրական հրատարակութիւններէն մէկը ցոյց տուր, եւ եթէ յարմար է, ցոյց տուր թէ ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՛ս կ’ըլլայ։]
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ
Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։