Ուրախ ընտանիք գրքոյկը ներկայացնել Վրաստանի մէջ
Ներկայացումի նմոյշներ
ԴԻՏԱՐԱՆ
Հարցում։ Ո՞վ կրնայ մեզի ամէնէն լաւ նուէրը տալ։
Համար։ Յակ. 1։17
Ներկայացում։ Դիտարան–ի այս թիւը մեզի կ’օգնէ որ գնահատենք Աստուծոյ տուած լաւագոյն նուէրը։
ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ
ԸՆՏԱՆԻՔԴ ԿՐՆԱ՛Յ ՈՒՐԱԽ ԸԼԼԱԼ
Հարցում։ Մենք ընտանեկան կեանքին մասին կարճ վիտէօ մը ցոյց կու տանք։ [Դիտել տուր Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ գրքոյկին բացումի վիտէոն։]
Ներկայացում։ Եթէ կ’ուզէք վիտէոյին մէջ նշուած գրքոյկը կարդալ, կրնամ ձեզի ձրի օրինակ մը տալ կամ ցոյց տալ թէ ինչպէ՛ս կրնաք զայն jw.org կայքէն բեռնել։
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ
Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։