Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ17 Հոկտեմբեր էջ 7
  • Եհովային փառք բերող կեանք մը վարէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովային փառք բերող կեանք մը վարէ
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Տաղանդներուն առակէն սորվէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ունեցած առանձնաշնորհումներովդ ուրախացիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Ի՞նչ բան Աստուծոյ ծառայելու կը մղէ մեզ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • ‘Պարծենալու’ ի՞նչ պատճառ ունիս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
ժտ17 Հոկտեմբեր էջ 7

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Եհովային փառք բերող կեանք մը վարէ

Կեանքը արժէքաւոր նուէր մըն է։ Մեր ամէնօրեայ ապրելակերպը ցոյց կու տայ, թէ այս նուէրը որքանո՛վ կ’արժեւորենք։ Որպէս Եհովայի վկաներ, մենք կը ջանանք մեր ձիրքերն ու կարողութիւնները գործածել, որ պատուենք եւ փառաբանենք Եհովան՝ մեր Կենսատուն (Սաղ. 36։9. Յայտ. 4։10բ)։ Բայց այս չար աշխարհին մէջ ամէնօրեայ մտահոգութիւնները կրնան դիւրաւ մեր հոգեւոր հետապնդումներուն արգելք կենալ (Մար. 4։18, 19)։ Լաւ կ’ըլլայ որ ամէն մէկս ինքն իրեն հարցնէ. ‘Եհովային լաւագոյնս կու տա՞մ (Ով. 14։2)։ Գործս ինչպէ՞ս կ’ազդէ ծառայութեանս։ Ի՞նչ հոգեւոր նպատակակէտեր ունիմ։ Ինչպէ՞ս կրնամ ծառայութիւնս ընդլայնել’։ Եթէ բարեփոխումի պէտքը տեսնես, Եհովային աղօթէ որ քեզի օգնէ որ կեանքիդ մէջ պէտք եղած փոփոխութիւնները մտցնես։ Անկասկած, երբ ամէն օր Եհովան փառաբանենք, գոհունակ եւ ուրախ կեանք մը կ’ունենանք (Սաղ. 61։8)։

Էտկարտօ Ֆրանքոն՝ երբ բեմին վրայ կ’երգէ. Էտկարտօ Ֆրանքոն՝ երբ կը ծառայէ

Ձիրքերդ որո՞ւն կը տրամադրես

ԴԻՏԷ ՁԻՐՔԵՐԴ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ ԳՈՐԾԱԾԷ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ.

  • Ինչո՞ւ իմաստութիւն չէ ձիրքերդ Սատանային աշխարհին նուիրել (Ա. Յովհ. 2։17)։

  • Ի՞նչ օրհնութիւններ կը ստանան անոնք՝ որոնք իրենց լաւագոյնը կու տան Եհովային։

  • Սուրբ ծառայութեան ո՞ր երեսակներուն մէջ կրնաս ձիրքերդ ու հմտութիւններդ Եհովային նուիրել։

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

  • Հարցազրոյց ունեցիր հրատարակիչի մը հետ, որ տարիներէ ի վեր Եհովային կը ծառայէ, թերեւս լիաժամ ծառայութեան մէջ։ Ան ի՞նչ զոհողութիւններ ըրած է որ կարենայ Եհովային իր լաւագոյնը տալ։ Եհովան զինք ինչպէ՞ս օրհնած է։

  • Բաց JW Հեռատեսիլի կայանը եւ նայէ INTERVIEWS AND EXPERIENCES։ Պիտի տեսնես որ շատեր, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը անցուցած են սուրբ ծառայութեան տարբեր երեսակներու մէջ, որքա՛ն ուրախ են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել