Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 7/12 էջ 1
  • ‘Պարծենալու’ ի՞նչ պատճառ ունիս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Պարծենալու’ ի՞նչ պատճառ ունիս
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Տաղանդներուն առակէն սորվէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ի՞նչ բան Աստուծոյ ծառայելու կը մղէ մեզ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ունեցած առանձնաշնորհումներովդ ուրախացիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Եհովային փառք բերող կեանք մը վարէ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
թծ 7/12 էջ 1

‘Պարծենալու’ ի՞նչ պատճառ ունիս

1. Իւրաքանչիւր ամսուան վերջաւորութեան, պարծենալու ի՞նչ պատճառ ունինք։

1 Իւրաքանչիւր ամսուան վերջաւորութեան, երբ բոլորէն խնդրուի որ դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրը ներկայացնեն, ‘պարծենալու’ ի՞նչ պատճառ դուն կ’ունենաս (Գաղ. 6։4)։ Ըլլա՛նք 130 ժամ տեղեկագրող մասնաւոր ռահվիրաներ կամ առնուազն 15 վայրկեան տեղեկագրելու ընդունուած հրատարակիչներ, բոլորս պէտք է ուրախանանք, Եհովայի մատուցանած մեր բոլորանուէր ծառայութեան մէջ (Սաղ. 100։2)։

2. Եհովայի ծառայութեան մէջ, ինչո՞ւ պէտք է ամէն ջանք թափենք։

2 Որպէս տիեզերքի Գերիշխան տէր, Եհովան արժանի է որ մեր լաւագոյնը տանք իրեն (Մաղ. 1։6)։ Իրեն հանդէպ սէրէ մղուած, մեր կեանքը իրեն նուիրած ենք, իր կա՛մքը ընելու համար։ Այսպէս, օրուան կամ ամսուան վերջաւորութեան, եթէ վստահ ենք որ Եհովայի ծառայութեան մէջ, մեր ժամանակին, ձիրքերուն եւ ուժին ‘երախայրին’ տուինք, ուրեմն պարծենալու անձնական պատճառ ունինք (Առ. 3։9)։ Սակայն, եթէ մեր խիղճը մեզի ըսէ՝ թէ կրնայինք աւելի՛ն ընել, պէտք է նկատի առնենք թէ ի՛նչ կրնանք ընել բարելաւուելու համար (Հռով. 2։15)։

3. Ինչո՞ւ իմաստութիւն չէ մենք մեզ ուրիշին հետ համեմատել։

3 ‘Առանց ուրիշի հետ համեմատելու’։ Իմաստութիւն չէ մենք մեզ ուրիշներու հետ համեմատել, կամ նոյնիսկ մեր անձին հետ՝ երբ աւելի կորով ունէինք։ Պարագաները կը փոխուին։ Կարողութիւնները կը տարբերին։ Համեմատութիւններ ընելը յաճախ մրցակցութեան կամ անարժէքութեան զգացումի կ’առաջնորդէ (Գաղ. 5։26. 6։4, ՆԱ)։ Յիսուս համեմատութիւններ չըրաւ։ Փոխարէն, ան գովեց անհատ մը՝ որ ըրա՛ւ այն ինչ որ կրնար ընել (Մար. 14։6-9)։

4. Տաղանդներու առակէն ի՞նչ արժէքաւոր դասեր կրնանք քաղել։

4 Տաղանդներու առակին մէջ, իւրաքանչիւր ծառայ «իր կարողութեանը չափ» տաղանդ ստացաւ (Մատ. 25։15)։ Երբ Տէրը վերադարձաւ եւ իրենց գործունէութեան մասին տեղեկագիր մը պահանջեց, իրենց կարողութեան եւ պարագաներուն համեմատ ժրաջանօրէն աշխատողները գովասանք ստացան եւ իրենց տիրոջ ուրախութեան մէջ մտան (Մատ. 25։21, 23)։ Համանման կերպով, երբ Թագաւորութեան քարոզչութեամբ զբաղած մնանք, կրնանք վստահ ըլլալ թէ աստուածային հաճութիւնը կը վայելենք եւ պարծենալու պատճառ ունինք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել