ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՍՈՓՈՆԻԱ 1–ԱՆԳԷ 2
Եհովան փնտռենք, իր բարկութեան օրը չեկած
Որպէսզի Եհովան իր բարկութեան օրը մեզ «ծածկէ», պէտք է որ իրեն նուիրուելէն աւելին ընենք։ Պէտք է հետեւինք այն ուղղութեան, որ Սոփոնիան տուաւ իսրայէլացիներուն։
Եհովան փնտռել։ Որպէս Եհովայի կազմակերպութեան մէկ անդամը, իրեն հետ միշտ անձնական փոխյարաբերութիւն ունենալ։
Արդարութիւն փնտռել։ Եհովային արդար չափանիշները վեր բռնել։
Խոնարհութիւն փնտռել։ Խոնարհութեամբ Աստուծոյ ենթարկուիլ եւ իր կրթութիւնը ընդունիլ։
Ինչպէ՞ս կրնամ ա՛լ աւելի Եհովան փնտռել, արդարութիւն փնտռել եւ խոնարհութիւն փնտռել։