ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 5-6
Յիսուսին հետեւէ ճիշդ շարժառիթով
Երբ Յիսուսին աշակերտներէն ոմանք չհասկցան իր տուած մէկ օրինակը, գայթակղեցան եւ այլեւս իրեն չէին ընկերակցեր։ Դեռ միայն մէկ օր առաջ, Յիսուս հրաշքով զիրենք կերակրած էր եւ այսպէս ցոյց տուած էր որ իր ուժը Աստուծմէ էր։ Լաւ ինչո՞ւ գայթակղեցան։ Այնպէս կ’երեւի որ անոնք անձնասէր շարժառիթ ունէին։ Անոնք Յիսուսին կ’ընկերակցէին նիւթապէս օգտուելու համար։
Մեզմէ ամէն մէկը պէտք է ինքն իրեն հարցնէ. ‘Ինչո՞ւ Յիսուսին կը հետեւիմ։ Հիմա վայելած եւ ապագային վայելելիք օրհնութիւններո՞ւս համար, թէ ոչ քանի որ Եհովան կը սիրեմ եւ կ’ուզեմ զինք հաճեցնել’։
Ինչո՞ւ կրնայ ըլլալ որ գայթակղինք, եթէ Եհովային կը ծառայենք գլխաւորաբար այս պատճառներուն համար.
Կը սիրենք Աստուծոյ ժողովուրդին ընկերակցիլ
Կ’ուզենք Դրախտին մէջ ապրիլ