ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 19
Բա՛ն մը չկայ որ արդարը գայթակղեցնէ
«Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ ու անոնց գայթակղութիւն չկայ» (ՍԱՂ. 119։165)։
ԵՐԳ 32 Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa
1-2. Գրող մը ի՞նչ ըսաւ, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
ՆԵՐԿԱՅԻՍ, միլիոնաւորներ կ’ըսեն որ Յիսուսին կը հաւատան, բայց իր սորվեցուցածները չեն ընդունիր (Բ. Տիմ. 4։3, 4)։ Գրող մը ըսաւ. «Եթէ այսօր ուրիշ Յիսուս մը ապրէր եւ խօսէր ինչպէս որ բուն Յիսուսը խօսեցաւ, արդեօք մենք ալ զինք պիտի մերժէի՞նք, ինչպէս երկու հազար տարի առաջ մարդիկ ըրին։ Մարդոց մեծամասնութեան գործերն ու մտածելակերպը ցոյց կու տան, որ պատասխանը ‘այո’ է»։
2 Առաջին դարուն, շատեր լսեցին թէ Յիսուս ինչպէ՛ս կը սորվեցնէր եւ տեսան որ հրաշքներ կ’ընէր, բայց չուզեցին իրեն հաւատալ։ Ինչո՞ւ։ Նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք չորս բաներ, որոնք պատճառ դարձան որ մարդիկ գայթակղին Յիսուսին ըսածներէն եւ ըրածներէն։ Հիմա նկատի պիտի առնենք յաւելեալ չորս պատճառներ։ Նաեւ պիտի տեսնենք թէ ներկայիս մարդիկ ինչո՛ւ Յիսուսի հետեւորդները կը մերժեն եւ թէ մենք ինչպէ՛ս կրնանք չգայթակղիլ։
1) ՅԻՍՈՒՍ ԱՆԱՉԱՌ ԷՐ
Շատեր գայթակղեցան Յիսուսի ընտրած ընկերակցութենէն։ Ինչպէ՞ս նոյն բանը կրնայ ոմանք գայթակղեցնել այսօր (տե՛ս պարբ. 3)b
3. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ, որ պատճառ եղաւ որ մարդիկ գայթակղին։
3 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ամէն տեսակ մարդոց հետ ժամանակ անցուց։ Ան սեղան նստաւ հարուստներու եւ հեղինակաւորներու հետ։ Բայց նաեւ իր ժամանակին մեծ մասը անցուց աղքատներու եւ ճնշուած անհատներու հետ։ Ատկէ զատ, ան կարեկցեցաւ անոնց, որոնք «մեղաւորներ» կը սեպուէին։ Կարգ մը հպարտ անհատներ Յիսուսի ըրածէն գայթակղեցան։ Անոնք իր աշակերտներուն հարցուցին. «Ինչո՞ւ համար մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ կ’ուտէք ու կը խմէք»։ Յիսուս պատասխանեց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն. ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները՝ ապաշխարութեան» (Ղուկ. 5։29-32)։
4. Ըստ Եսայի մարգարէին, հրեաները Մեսիային նկատմամբ ի՞նչ պէտք էր ակնկալէին։
4 Եբրայերէն Գրութիւնները ի՞նչ մարգարէացած էին։ Մեսիայի գալէն շատ առաջ, Եսայի մարգարէն ըսած էր որ աշխարհը զինք պիտի չընդունէր։ Մարգարէութիւնը ըսաւ. «Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ. . . Անկէ երես դարձնելու մարդու պէս եղաւ, անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք» (Եսա. 53։3)։ Մարդիկ Մեսիայէն երես պիտի դարձնէին, ուստի առաջին դարու հրեաները պէտք էր ակնկալէին որ Յիսուս մերժուէր։
5. Ներկայիս շատեր Յիսուսի հետեւորդները ինչպէ՞ս կը նկատեն։
5 Այսօր ալ նոյն խնդիրը կը տեսնե՞նք։ Այո՛։ Շատ մը կրօնական առաջնորդներ ուրախութեամբ իրենց հօտին մէջ կ’ընդունին կարեւոր, հարուստ եւ իմաստուն նկատուած մարդիկ, թէեւ շատ անգամ անոնց բարոյականութիւնը եւ ապրելակերպը Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն չեն։ Եւ այդ նոյն կրօնական առաջնորդները ցած աչքով կը նային Եհովայի նախանձախնդիր եւ բարոյապէս մաքուր ծառաներուն, քանի որ կարեւոր չեն նկատուիր այս աշխարհի չափանիշներուն համաձայն։ Ինչպէս Պօղոս ըսաւ, Աստուած ընտրեց «անարգները» (Ա. Կոր. 1։26-29)։ Սակայն Եհովան իր բոլոր հաւատարիմ ծառաները արժէքաւոր կը նկատէ։
6. Յիսուս ի՞նչ ըսաւ Մատթէոս 11։25, 26–ի մէջ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։
6 Ինչպէ՞ս կրնանք չգայթակղիլ (կարդա՛ Մատթէոս 11։25, 26)։ Մի՛ ազդուիր Աստուծոյ ժողովուրդին նկատմամբ աշխարհի տեսակէտէն։ Գիտցի՛ր որ Եհովան միայն խոնարհ մարդիկը կ’ընտրէ, որ իր կամքը ընեն (Սաղ. 138։6)։ Եւ մտածէ թէ ան որքա՜ն շատ բաներ ըրած է, գործածելով անոնք որոնք աշխարհը իմաստուն կամ խելացի չի սեպեր։
2) ՅԻՍՈՒՍ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՍԽԱԼ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐ
7. Յիսուս ինչո՞ւ փարիսեցիները կեղծաւորներ կոչեց, եւ անոնք ինչպէ՞ս հակազդեցին։
7 Յիսուս քաջաբար դատապարտեց կեղծաւոր կրօնական առաջնորդներուն սովորութիւնները։ Օրինակ, ան ցոյց տուաւ թէ փարիսեցիները կեղծաւոր էին, քանի որ աւելի հետաքրքրուած էին թէ իրենց ձեռքերը ինչպէ՛ս պիտի լուային, քան՝ թէ իրենց ծնողներուն ինչպէ՛ս հոգ տանէին (Մատ. 15։1-11)։ Յիսուսի աշակերտները թերեւս զարմացան լսելով իր խօսքերը։ Ուստի իրեն հարցուցին. «Գիտե՞ս թէ փարիսեցիները գայթակղեցան, երբ լսեցին այն խօսքը»։ Յիսուս պատասխանեց. «Ամէն տունկ որ իմ երկնաւոր Հայրս չէ տնկեր, պիտի խլուի։ Թող տուէք զանոնք. իրենք կոյր են ու կոյրերու առաջնորդ։ Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան» (Մատ. 15։12-14)։ Ան թոյլ չտուաւ որ կրօնական առաջնորդներուն բարկանալը զինք ետ պահէ ճշմարտութիւնը խօսելէ։
8. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ բոլոր կրօնական հաւատալիքները Աստուծոյ ընդունելի չեն։
8 Յիսուս նաեւ ցոյց տուաւ թէ կարգ մը կրօնական ուսուցումներ սխալ էին։ Ան չըսաւ որ բոլոր կրօնական հաւատալիքները Աստուծոյ ընդունելի են։ Ընդհակառակը, ան ըսաւ որ շատեր պիտի քալէին այն լայն ճամբայով, որ դէպի կորուստ կը տանի, մինչդեռ քիչեր պիտի քալէին նեղ ճամբայով, որ դէպի կեանք կը տանի (Մատ. 7։13, 14)։ Ան յստակացուց, որ կարգ մը մարդիկ պիտի ըսէին թէ Աստուծոյ կը ծառայէին, բայց իրականութեան մէջ չէին ծառայեր։ Ան զգուշացուց. «Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են։ Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք» (Մատ. 7։15-20)։
Շատեր գայթակղեցան, քանի որ Յիսուս սխալ գաղափարներն ու սովորութիւնները դատապարտեց։ Ինչպէ՞ս նոյն բանը կրնայ ոմանք գայթակղեցնել այսօր (տե՛ս պարբ. 9)c
9. Յիսուս ի՞նչ կարգ մը կրօնական սուտ ուսուցումներ դատապարտեց։
9 Եբրայերէն Գրութիւնները ի՞նչ մարգարէացած էին։ Մարգարէացուած էր, որ Եհովայի տան հանդէպ նախանձախնդրութիւնը Մեսիան ‘պիտի ուտէր’ (Սաղ. 69։9. Յովհ. 2։14-17)։ Այդ նախանձախնդրութիւնը Յիսուսը մղեց, որ կրօնական սուտ հաւատալիքներ եւ սովորութիւններ դատապարտէր։ Օրինակ, փարիսեցիները հոգիի անմահութեան կը հաւատային. բայց Յիսուս սորվեցուց որ մեռելները կը քնանան (Յովհ. 11։11)։ Սադուկեցիները յարութեան չէին հաւատար. բայց Յիսուս յարութիւն տուաւ իր բարեկամին՝ Ղազարոսին (Յովհ. 11։43, 44. Գործք 23։8)։ Փարիսեցիները ճակատագրին կը հաւատային։ Անոնք կը սորվեցնէին որ Աստուած ամէն բան կ’որոշէ եւ մարդիկ չեն կրնար անձամբ որոշումներ առնել իրենց կեանքին մէջ։ Բայց Յիսուս սորվեցուց որ մարդիկ ազատ կամք ունին. պաշտամունքին նկատմամբ ամէն մարդ անձամբ կրնայ որոշել, թէ Աստուծոյ պիտի ծառայէ կամ ոչ (Մատ. 11։28)։
10. Ինչո՞ւ շատեր մեր սորվեցուցածներէն կը գայթակղին։
10 Այսօր ալ նոյն խնդիրը կը տեսնե՞նք։ Այո՛։ Շատեր մեզ կը մերժեն, քանի որ Սուրբ Գիրքին օգնութեամբ ցոյց կու տանք, որ կարգ մը կրօնական գաղափարներ սխալ են։ Կրօնական առաջնորդները իրենց հետեւորդներուն կը սորվեցնեն, որ Աստուած չարերը կը պատժէ, զիրենք դժոխք նետելով։ Անոնք այս սխալ ուսուցումը կը գործածեն, որպէսզի կարենան մարդիկը կառավարել։ Բայց մենք, որ սիրոյ Աստուածը՝ Եհովան, կը պաշտենք, մարդոց կ’օգնենք որ հասկնան թէ այդ ուսուցումը սխալ է։ Կրօնական առաջնորդները նաեւ կը սորվեցնեն թէ հոգին անմահ է։ Բայց եթէ ատիկա ճիշդ ըլլար, ոեւէ մէկը յարութիւն առնելու պէտք պիտի չունենար։ Եւ մենք ցոյց կու տանք որ Սուրբ Գիրքը այս ուսուցումը չի սորվեցներ։ Ասկէ զատ, հակառակ անոր որ շատ մը կրօնքներ կը սորվեցնեն թէ ճակատագիր կայ, մենք կը սորվեցնենք որ մարդը ազատ կամք ունի եւ կրնայ ընտրել, թէ Աստուծոյ պիտի ծառայէ՛ կամ ոչ։ Կրօնական առաջնորդները ի՞նչ կը զգան, երբ կը փաստենք որ սուտ բաներ կը սորվեցնեն։ Շատ անգամ, կը կատղին։
11. Յովհաննէս 8։45-47–ին մէջ գրուած Յիսուսի խօսքերուն համաձայն, Աստուած իր ծառաներէն ի՞նչ կը պահանջէ։
11 Ինչպէ՞ս կրնանք չգայթակղիլ։ Եթէ ճշմարտութիւնը կը սիրենք, պէտք է Աստուծոյ ըսածներուն հաւատանք եւ հնազանդինք (կարդա՛ Յովհաննէս 8։45-47)։ Բանսարկու Սատանային հակառակը, մենք ճշմարտութիւնը բնա՛ւ պիտի չմերժենք։ Բնա՛ւ չենք ըներ բան մը, որ մեր հաւատալիքներուն համաձայն չէ (Յովհ. 8։44)։ Աստուած կը պահանջէ, որ իր ծառաները ‘չարէն զզուին’ եւ ‘բարիին յարին’, ինչպէս Յիսուս ըրաւ (Հռով. 12։9. Եբ. 1։9)։
3) ՅԻՍՈՒՍ ՀԱԼԱԾՈՒԵՑԱՒ
Շատեր գայթակղեցան, քանի որ Յիսուս տանջանքի ցիցին վրայ մեռաւ։ Ինչպէ՞ս նոյն բանը կրնայ ոմանք գայթակղեցնել այսօր (տե՛ս պարբ. 12)d
12. Ինչո՞ւ շատ մը հրեաներ գայթակղեցան Յիսուսի մեռնելու կերպէն։
12 Ուրիշ ի՞նչ բան պատճառ եղաւ, որ հրեաները գայթակղին։ Պօղոս ըսաւ. «Մենք կը քարոզենք խաչեալ Քրիստոսը, ինչ որ Հրեաներուն գայթակղութիւն է» (Ա. Կոր. 1։23)։ Ինչո՞ւ շատ մը հրեաներ գայթակղեցան Յիսուսի մեռնելու կերպէն։ Իրենց աչքին, Յիսուս ցիցին վրայ մեռնելով եղաւ ոճրագործ եւ մեղաւոր. ուստի մերժեցին հաւատալ որ ան Մեսիան էր (Բ. Օր. 21։22, 23)։
13. Յիսուսէն գայթակղողները ի՞նչ բան չընդունեցին։
13 Գայթակղողները չուզեցին ընդունիլ թէ Յիսուս անմեղ էր, թէ սուտ կերպով ամբաստանուեցաւ եւ թէ իրեն հետ անարդարօրէն վարուեցան։ Յիսուսին դատը տեսնողները արդարութեամբ չէին հետաքրքրուած։ Հրէական Գերագոյն ատեանը աճապարանքով ժողով մը ըրաւ եւ դատը վարեց շատ անօրէն կերպով (Ղուկ. 22։54. Յովհ. 18։24)։ Փոխանակ Յիսուսին դէմ բերուած մեղադրանքները եւ վկայութիւնները անաչառօրէն մտիկ ընելու, դատաւորները իրե՛նք «սուտ վկայութիւն մը կը փնտռէին, որպէս զի զանիկա մեռցնեն»։ Երբ ատիկա չյաջողեցաւ, քահանայապետը այնպէս մը ըրաւ, որ Յիսուս սխալ բան մը ըսէ եւ յանցաւոր ելլէ։ Ասիկա ամբողջովին օրէնքին դէմ էր (Մատ. 26։59. Մար. 14։55-64)։ Եւ երբ Յիսուս յարութիւն առաւ, անարդար դատաւորները գերեզմանին վրայ պահակութիւն ընող հռոմայեցի զինուորներուն «շատ դրամ» (ԱԾ) տուին, որպէսզի սուտ պատմութիւն մը տարածեն, թէ գերեզմանը ինչո՛ւ պարապ էր (Մատ. 28։11-15)։
14. Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչ մարգարէացած էին Մեսիային մեռնելուն մասին։
14 Եբրայերէն Գրութիւնները ի՞նչ մարգարէացած էին։ Թէեւ Յիսուսի օրերու հրեաներէն շատեր չէին ակնկալեր, որ Մեսիան մեռնէր, բայց տես թէ Սուրբ Գրութիւնները ի՛նչ մարգարէացած էին. «Իր անձը մահուան մատնեց, յանցաւորներու հետ սեպուեցաւ. շատերու մեղքը վերցուց ու յանցաւորներու համար միջնորդութիւն ըրաւ» (Եսա. 53։12)։ Ուստի հրեաները պատճառ չունէին գայթակղելու, երբ Յիսուս որպէս մեղաւոր սպաննուեցաւ։
15. Եհովայի վկաներուն դէմ ի՞նչ ամբաստանութիւններ պատճառ եղած են, որ ոմանք գայթակղին։
15 Այսօր ալ նոյն խնդիրը կը տեսնե՞նք։ Անշո՛ւշտ։ Ինչպէս Յիսուս անարդարօրէն ամբաստանուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ, նոյնպէս Եհովայի վկաներուն դէմ անարդար վերաբերմունք ցոյց տրուած է։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, 1930-1950–ի ընթացքին շատ մը դատեր վարուեցան Աստուած պաշտելու մեր ազատութեան վերաբերեալ։ Կարգ մը դատաւորներ խայտառակօրէն մեզի դէմ տրամադրուած էին։ Քանատայի Քեպէք նահանգին մէջ, կաթողիկէ եկեղեցին եւ կառավարութիւնը միասին աշխատեցան մեր գործը արգիլելու համար։ Շատ մը հրատարակիչներ բանտարկուեցան, պարզապէս քանի որ ուրիշներուն պատմեցին Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ Նացի Գերմանիոյ կառավարութիւնը կարգ մը հաւատարիմ երիտասարդ եղբայրներ մահապատիժի ենթարկեց։ Եւ վերջին տարիներուն, Ռուսիոյ մէջ մեր եղբայրներէն շատեր ամբաստանուած եւ բանտարկուած են Աստուածաշունչը քննարկելնուն համար, ինչ որ «ծայրայեղական գործունէութիւն» նկատուած է։ Նոյնիսկ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ռուսերէն լեզուով ունենալը եւ տարածելը արգիլուած են եւ «ծայրայեղական հրատարակութիւն» կը սեպուի, քանի որ Եհովա անունը կը գործածէ։
16. Ինչպէս որ Ա. Յովհաննէս 4։1–ը ցոյց կու տայ, ինչո՞ւ պէտք չէ խաբուինք Եհովայի ծառաներուն մասին եղած սուտ պատմութիւններով։
16 Ինչպէ՞ս կրնանք չգայթակղիլ։ Իրողութիւնները գիտցիր։ Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս իրեն մտիկ ընողները զգուշացուց, թէ ոմանք «սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր» պիտի խօսէին իրենց վրայ (Մատ. 5։11)։ Այս սուտերը Սատանայէն կու գան։ Ան հակառակորդները կը մղէ, որ վնասակար սուտեր տարածեն ճշմարտութիւնը սիրողներուն դէմ (Յայտ. 12։9, 10)։ Պէտք է մերժենք այդ սուտերը եւ բնա՛ւ չձգենք, որ մեզ վախցնեն կամ մեր հաւատքը տկարացնեն (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։1)։
4) ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՏՆՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ԼՔՈՒԵՑԱՒ
Շատեր գայթակղեցան, քանի որ Յիսուս Յուդայի կողմէ մատնուեցաւ։ Ինչպէ՞ս նոյն բանը կրնայ ոմանք գայթակղեցնել այսօր (տե՛ս պարբ. 17-18)e
17. Ոմանք ինչպէ՞ս կրնային գայթակղիլ Յիսուսի մահուընէ առաջ եղած դէպքերէն։
17 Յիսուսի 12 առաքեալներէն մէկը զինք մատնեց։ Ուրիշ առաքեալ մը երեք անգամ զինք ուրացաւ եւ իր բոլոր առաքեալները լքեցին զինք, երբ ձերբակալուեցաւ (Մատ. 26։14-16, 47, 56, 75)։ Յիսուս անակնկալի չեկաւ։ Ան նոյնիսկ ըսած էր, թէ ասիկա պիտի պատահէր (Յովհ. 6։65. 13։21, 26, 38. 16։32)։ Ատոր ի տես, ոմանք կրնային գայթակղիլ, մտածելով. ‘Եթէ Յիսուսին առաքեալնե՛րը այսպէս վարուեցան, ես չեմ ուզեր այդ խումբին միանալ’։
18. Յիսուսի մահէն քիչ առաջ, ի՞նչ մարգարէութիւններ կատարուեցան։
18 Եբրայերէն Գրութիւնները ի՞նչ մարգարէացած էին։ Յիսուս երկիր գալէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ, Եհովան իր Խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Մեսիան 30 կտոր արծաթի փոխարէն պիտի մատնուէր (Զաք. 11։12, 13)։ Մատնողը Յիսուսի մտերիմ ընկերակիցներէն մէկը պիտի ըլլար (Սաղ. 41։9)։ Նաեւ Զաքարիա մարգարէն գրեց. «Հովիւը զա՛րկ, որ ոչխարները ցրուին» (Զաք. 13։7)։ Անկեղծ մարդիկը ոչ թէ Յիսուսը պիտի մերժէին այդ դէպքերուն պատճառով, հապա իրենց հաւատքը պիտի զօրանար, տեսնելով մարգարէութիւններուն կատարումը Յիսուսին վրայ։
19. Անկեղծ սիրտ ունեցող մարդիկը ի՞նչ բանի կը գիտակցին։
19 Այսօր ալ նոյն խնդիրը կը տեսնե՞նք։ Այո՛։ Մեր օրերուն, կարգ մը ճանչցուած Վկաներ ձգած են ճշմարտութիւնը, հաւատուրաց դարձած են եւ փորձած են ուրիշներ ալ հեռացնել։ Անոնք լրատուամիջոցներուն եւ համացանցին միջոցաւ ժխտական պատմութիւններ, կէս ճշմարտութիւններ եւ ուղղակի սուտեր տարածած են Եհովայի վկաներուն մասին։ Բայց անկեղծ սիրտ ունեցողները չեն գայթակղիր։ Ընդհակառակը, անոնք կը գիտակցին թէ Աստուածաշունչը ըսած էր, որ այդպիսի բաներ պիտի ըլլային (Մատ. 24։24. Բ. Պետ. 2։18-22)։
20. Ինչպէ՞ս կրնանք ճշմարտութիւնը ձգողներուն պատճառով չգայթակղիլ (Բ. Տիմոթէոս 4։4, 5)։
20 Ինչպէ՞ս կրնանք չգայթակղիլ։ Պէտք է մեր հաւատքը զօրաւոր պահենք՝ կանոնաւորաբար սերտելով, շարունակ աղօթելով եւ զբաղած մնալով այն գործին մէջ որ Եհովան մեզի տուած է (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 4։4, 5)։ Եթէ հաւատք ունինք, իրար պիտի չանցնինք երբ ժխտական բաներ լսենք մեր մասին (Եսա. 28։16)։ Մեր սէրը Եհովային հանդէպ, իր Խօսքին հանդէպ եւ մեր եղբայրներուն հանդէպ մեզի պիտի օգնէ, որ ճշմարտութիւնը ձգողներուն պատճառով չգայթակղինք։
21. Թէեւ ներկայիս մարդոց մեծամասնութիւնը մեր պատգամը կը մերժէ, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
21 Առաջին դարուն, շատեր գայթակղեցան եւ Յիսուսը մերժեցին։ Բայց ուրիշ շատեր զինք ընդունեցին։ Անոնց մէջ կային՝ Սենետրիոնի առնուազն մէկ անդամ եւ նոյնիսկ «քահանաներէն շատեր» (Գործք 6։7. Մատ. 27։57-60. Մար. 15։43)։ Նոյնպէս այսօր, միլիոնաւորներ չեն գայթակղիր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները գիտեն եւ կը սիրեն։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ ու անոնց գայթակղութիւն չկայ» (Սաղ. 119։165)։
ԵՐԳ 63 Հաւատարիմ պիտի մնանք
a Նախորդ յօդուածին մէջ քննարկեցինք չորս բաներ, որոնց պատճառաւ մարդիկ անցեալին Յիսուսը մերժեցին եւ ներկայիս Յիսուսի հետեւորդները կը մերժեն։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք յաւելեալ չորս բաներ։ Նաեւ պիտի տեսնենք թէ ինչո՛ւ անկեղծ սիրտ ունեցող մարդիկ, որոնք Եհովան կը սիրեն, չեն ձգեր որ բան մը զիրենք գայթակղեցնէ։
b ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս Մատթէոսի եւ մաքսահաւաքներու հետ սեղան նստած է։
c ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս առեւտրականները տաճարէն կը վռնտէ։
d ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս տանջանքի ցիցը կը կրէ։
e ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յուդան Յիսուսը համբոյրով մը կը մատնէ։