Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ19 Հոկտեմբեր էջ 7
  • Որքանո՞վ կ’արժեւորես Աստուծոյ Խօսքը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Որքանո՞վ կ’արժեւորես Աստուծոյ Խօսքը
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Անոնք արժեւորեցին Աստուածաշունչը. հատուած (Ուիլիամ Թինտէյլ)
    Ուրիշ նիւթեր
  • Օգնութիւն մատչելի է
    Զարթի՛ր 2020
  • Անոնք արժեւորեցին Աստուածաշունչը
    Ուրիշ նիւթեր
  • Մեր պաշտօնական ցանցակայքը ծրագրուած է, որ թէ՛ մենք եւ թէ ուրիշները օգտուին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
ժտ19 Հոկտեմբեր էջ 7

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Որքանո՞վ կ’արժեւորես Աստուծոյ Խօսքը

Սուրբ Գիրքին մէջ կան անոր Հեղինակին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ միտքերն ու խօսքերը (Բ. Պետ. 1։20, 21)։ Սուրբ Գիրքը կը շեշտէ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի փաստէ, որ Եհովան իրաւունք ունի բոլորին վրայ իշխելու։ Այսպիսով, ատիկա ամբողջ մարդկութեան յոյս կու տայ, որ աւելի լաւ օրեր պիտի գան։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կը յայտնէ մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովային սիրալիր անձնաւորութիւնը (Սաղ. 86։15)։

Ամէն մէկս տարբեր պատճառներու համար կ’արժեւորենք Եհովային Խօսքը։ Բայց արդեօք կը ցուցնե՞նք որ այս թանկագին նուէրը կ’արժեւորենք, զայն ամէն օր կարդալով եւ մեր կեանքին մէջ գործադրելով։ Թող որ մեր գործերով ցուցնենք որ սաղմոսերգուին պէս կը զգանք, որ ըսաւ. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ» (Սաղ. 119։97)։

ԴԻՏԷ ԱՆՈՆՔ ԱՐԺԵՒՈՐԵՑԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ. ՀԱՏՈՒԱԾ (ՈՒԻԼԻԱՄ ԹԻՆՏԷՅԼ) ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ուիլիամ Թինտէյլ. Ուիլիամ Թինտէյլ իր տպարանին մէջ. Թինտէյլին թարգմանած Նոր Կտակարանին առաջին տարբերակէն օրինակ մը

    Ուիլիամ Թինտէյլ ինչո՞ւ Սուրբ Գիրքին կարգ մը մասերը թարգմանեց։

  • Սուրբ Գիրքը թարգմանելու իր թափած ջանքերը ինչո՞ւ յատուկ են։

  • Թինտէյլին թարգմանած Սուրբ Գիրքին օրինակները ինչպէ՞ս գաղտնօրէն մտցուեցան Անգլիա։

  • Ամէն մէկս ինչպէ՞ս կրնայ ցոյց տալ որ Աստուծոյ Խօսքը կ’արժեւորէ։

ԽՈԿԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ. Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս կը նմանի՝

  • լոյսի եւ ճրագի (Սաղ. 119։105)։

  • ջուրի (Եփ. 5։26)։

  • սուրի (Եփ. 6։17)։

  • հայելիի (Յակ. 1։23-25)։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԱՄԷՆ ՕՐ ԿԱՐԴԱՅ

Սուրբ Գիրքը կարդալու յայտագիր

Փորձա՞ծ ես գործածել Աստուածաշունչը կարդալու յայտագիր–ը, որ կը գտնուի jw.org կայքին մէջ։ Եթէ Սուրբ Գիրքը քու լեզուովդ մատչելի է, այս յայտագրին PDF–ը քեզ ուղղակի կը տանի jw.org կայք եւ կը բանայ այն հատուածը, որ դուն կ’ուզես կարդալ։ Եթէ քու լեզուովդ ձայնագրութիւններ մատչելի են, կրնաս ատոնց ալ հասնիլ jw.org կայքէն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել