ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Վարպետ աշխատաւոր եղիր
Վարպետ ատաղձագործ մը գիտէ իր գործիքները ինչպէ՛ս գործածել։ Նմանապէս, «ամչնալու ոչ մէկ պատճառ ունեցող բանուոր»ը գիտէ ինչպէ՛ս գործածել Ուսուցանելու գործիքներու տուփին գործիքները (Բ. Տիմ. 2։15, ՆԱ)։ Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանէ, որպէսզի տեսնես թէ արդեօք գիտե՞ս գործածել հետեւեալ ծառայութեան գործիքները։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՏԻԿ ԸՐԷ ԵՒ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՊՐԻՍ
Այս գործիքը որո՞նց համար ծրագրուած է (ժտ17.03 5 ¶1-2)։
Ինչպէ՞ս կրնաս զայն գործածել, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարես (թծ 7/12 3 ¶6)։
Ուրիշ ի՞նչ գործիքի պէտք ունիս, որ աշակերտդ մկրտութեան պատրաստես (թծ 7/12 3 ¶7)։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿՈՂՄԷ ՈՒՐԱԽ ԼՈՒՐԵՐ
Այս գործիքը ինչպէ՞ս կը տարբերի ուրիշ ուսումնասիրական գործիքներէ (թծ 3/13 5 ¶3-5)։
Ի՞նչ պէտք է ջանաս ընել, երբ զայն կ’առաջարկես (թծ 9/15 3 ¶1)։
Ինչպէ՞ս կրնաս այս գործիքը գործածելով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ (ժտ16.01 8)։
Ե՞րբ պէտք է անցնիս Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն գիրքին (թծ 3/13 7 ¶10)։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՐՎԻԼ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ
«Ճշմարտութիւններ» եւ «բացատրութիւններ» բաժինները ծրագրուած են որ ինչպէ՞ս գործածուին (ժտ16.11 5 ¶2-3)։
ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԵՀՈՎԱՅԻ ԿԱՄՔԸ ՈՐՈ՞ՆՔ ԿԸ ԿԱՏԱՐԵՆ
Այս գործիքը ե՞րբ պէտք է գործածես (ժտ17.03 8 ¶1)։
Ատիկա ծրագրուած է որ ինչպէ՞ս քննարկուի (ժտ17.03 8, շրջանակ)։