ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 20-21
Եհովան միշտ իր խոստումը կը կատարէ
Եհովան Աբրահամին եւ Սառային հաւատքը վարձատրեց՝ տղայ զաւակ մը տալով անոնց։ Յետագային, դժուարութեան տակ անոնց ունեցած հնազանդութիւնը ցուցուց, որ անոնք հիանալի հաւատք ունին Եհովային ապագայ խոստումներուն նկատմամբ։
Դժուարութիւններու տակ իմ հնազանդութիւնս ցոյց կու տա՞յ, որ Եհովային ապագայ խոստումներուն նկատմամբ վստահութիւն ունիմ։ Ինչպէ՞ս կրնամ հաւատքս զօրացնել։