ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 6-7
«Փարաւոնին ընելիքս հիմա պիտի տեսնես»
Եհովան իսրայէլացիներուն լուր տուաւ որ ինչ ընելու վրայ է, առաջ որ պատուհասները բերէ Եգիպտոսի վրայ եւ զիրենք ազատէ ստրկութենէն։ Անոնք Եհովային զօրութիւնը պիտի տեսնէին նոր կերպերով, իսկ եգիպտացիները պիտի գիտնային, որ Եհովան ո՛վ է։ Երբ Աստուծոյ խոստումները կատարուեցան, իսրայէլացիներուն հաւատքը զօրացաւ եւ ասիկա իրենց օգնեց, որ եգիպտացիներուն կրօնքին ազդեցութենէն ազատին։
Սուրբ Գիրքին այս պատմութիւնը ինչպէ՞ս կը զօրացնէ քու հաւատքդ, որ ապագային նկատմամբ Աստուծոյ խոստումները պիտի կատարուին։