ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Փորձէ տեսնել լման պատկերը
Երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդաս, փորձէ լման պատկերը տեսնել։ Նկատի առ հատուածին մասին ընդհանուր գաղափարները, ինչպէս նաեւ թէ ատիկա որո՛նց մասին է եւ թէ ի՛նչ բաներ ձգեցին որ անձնաւորութիւնները որոշ կերպով վարուին։ Երեւակայութիւնդ գործածէ որ տեսարանները տեսնես, ձայները լսես, հոտերը առնես եւ անձնաւորութիւններուն զգացումները զգաս։
ԴԻՏԷ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆԴ ԲԱՐԵԼԱՒԷ. ՀԱՏՈՒԱԾ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
Ի՞նչ բաներ պատճառ դարձած էին որ Յովսէփին եւ իր եղբայրներուն միջեւ լարուած վիճակ մը ըլլայ։
Ի՞նչ կարգ մը պատճառներու համար Յովսէփին եղբայրները ատեններ զօրաւոր կերպով հակազդեցին, առանց հետեւանքները հաշուի առնելու։
Սուրբ Գիրքէն ի՞նչ կը գիտնանք Յովսէփին հօր՝ Յակոբին մասին։
Յակոբ իր տղաներուն ի՞նչ աղուոր դաս մը սորվեցուց հարցերը ինչպէ՛ս լուծելու մասին։
Ինչպէ՞ս օգտուեցար վիտէոյէն։