ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 25-26
Խորանին մէջի ամէնէն կարեւոր իրը
Տապանակը՝ խորանին մէջի եւ իսրայէլացիներու բանակին ամէնէն կարեւոր իրն էր։ Տապանակին կափարիչին վրայի երկու քերովբէներուն միջեւ եղող ամպը կը ներկայացնէր Աստուծոյ ներկայութիւնը։ Ամէն տարի՝ Քաւութեան օրը, քահանայապետը կը մտնէր Սրբութիւն սրբութեանցը եւ զուարակի մը եւ նոխազի մը արիւնը կը սրսկէր կափարիչին առջեւ իսրայէլացիներուն մեղքերուն քաւութեան համար (Ղեւ. 16։14, 15)։ Ասիկա նախապատկերացուց մեծագոյն Քահանայապետին՝ Յիսուսին ներկայանալը Եհովային առջեւ երկինքին մէջ, որպէսզի իր զոհին արժէքը ներկայացնէր (Եբ. 9։24-26)։
Ամէն մէկ համար կապէ այն օգուտին հետ, որ փրկանքին միջոցաւ կարելի կը դառնայ.
ՀԱՄԱՐՆԵՐ
ՕԳՈՒՏՆԵՐ
յաւիտեան ապրելու յոյսը
մեղքերու ներում
մաքուր խղճմտանք
Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ այս օգուտները քաղենք։