Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ20 Դեկտեմբեր էջ 7
  • Կ’ուզե՞ս դիմել Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կ’ուզե՞ս դիմել Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցին
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Թագաւորութեան ծառաները մարզել
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցին դիմէ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
  • Միսիոնարներ՝ «մինչեւ երկրին ծայրերը»
    Ձեր նուիրատուութիւնները ինչպէ՛ս կը գործածուին
  • Ռահվիրաներուն ի՞նչ մարզում կը տրուի
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
ժտ20 Դեկտեմբեր էջ 7
Շատ մը աշակերտներ ներկայ կ’ըլլան Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցին։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Կ’ուզե՞ս դիմել Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցին

Տարիքդ 23–ի եւ 65–ի միջե՞ւ է եւ լիաժամ ծառայութեան մէ՞ջ ես։ Առողջութիւնդ լա՞ւ է։ Կրնա՞ս ծառայել ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։ Եթէ այս հարցումներուն «այո՛» պատասխանեցիր, կը մտածե՞ս դիմել Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցին։ Անոր հիմնուելէն ի վեր հազարաւոր ամուսնացած զոյգեր, ամուրի եղբայրներ եւ ամուրի քոյրեր դիմած են ատոր։ Բայց պէտք կայ որ աւելի ամուրի եղբայրներ դիմեն։ Եհովային աղօթէ որ քու փափաքդ աւելցնէ իրեն աւելի ծառայելու եւ իր Որդին ընդօրինակելու (Սաղ. 40։8. Մատ. 20։28. Եբ. 10։7)։ Ետքը, մտածէ թէ պարտաւորութիւններ ունի՞ս, ինչպէս՝ ընտանեկան պարտականութիւններ, գործ կամ պարտք։ Եթէ այո, կրնա՞ս կեանքիդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնել որպէսզի կարենաս դպրոցին դիմել։

Այս դպրոցը աւարտողներուն առջեւ ծառայութեան ի՞նչ դռներ բացուած են։ Ոմանք նշանակուեցան ծառայելու օտար լեզուներ գործածող շրջաններ, կամ ալ նշանակուեցան մասնակցելու մեծ քաղաքներու համար ծրագրուած հանրային վկայութեան։ Ոմանք ալ յետագային կը ծառայեն որպէս շրջանային տեսուչը փոխարինող, որպէս շրջանային տեսուչ կամ որպէս դաշտին մէջ միսիոնարներ։ Մինչ կը մտածես որ Եհովային ծառայութեան մէջ ինչ կրնաս ընել, կրնաս Եսայի մարգարէին կեցուածքը ունենալ, որ ըսաւ. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ» (Եսա. 6։8)։

ԴԻՏԷ ԴԱՇՏԻ ՄԻՍԻՈՆԱՐՆԵՐԸ Կ’ՕԳՆԵՆ ՀՈՒՆՁՔԻՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • ‘Դաշտի միսիոնարները կ’օգնեն հունձքին’ վիտէոյէն տեսարան մը. միսիոնար զոյգ մը ճամբան կը քալէ ծառայութեան ընթացքին։

    Դաշտին մէջի միսիոնարները ինչպէ՞ս կ’ընտրուին։

  • ‘Դաշտի միսիոնարները կ’օգնեն հունձքին’ վիտէոյէն տեսարան մը. Միսիոնար մը եւ ուրիշ քոյր մը Սուրբ Գիրքը կը սերտեն կնոջ մը հետ։

    Դաշտին մէջի միսիոնարները ի՞նչ լաւ գործ մը կ’ընեն։

  • ‘Դաշտի միսիոնարները կ’օգնեն հունձքին’ վիտէոյէն տեսարան մը. նշանային լեզու խօսող եղբայր մը ուրիշ եղբօր մը հետ կը քննարկէ յատուկ ծառայութեան համար եղող դիմումնագիր մը։

    Միսիոնարական ծառայութեան կարգ մը օրհնութիւնները ի՞նչ են։

Կ’ուզե՞ս լսել թէ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը աւարտողներէն ոմանք ի՛նչ կ’ըսեն դպրոցին մասին։ Բաց www.jw.org/hyw կայքը, գնա՛ «Գրադարան» բաժինը, ընտրէ «Վիտէօներ» եւ տես ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ԵՒ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ՍՈՒՐԲ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։ Դիտէ Եհովային տուած կրթութիւնը հոգեւորապէս կը հարստացնէ վիտէոն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել