Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ21 Յունուար էջ 5
  • Ամուսնութիւնդ պահպանէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ամուսնութիւնդ պահպանէ
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ամուսնութիւնդ յաջող դարձուր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Եթէ ձեր ամուսնութիւնը քայքայուելու վրայ է
    Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Ամուսնութեանդ մէջ ուրախութիւն գտիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
ժտ21 Յունուար էջ 5
Ամուսին մը գետինը իր կնոջ քով նստած ուրախութեամբ լուացքը կը լուայ անոր հետ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ամուսնութիւնդ պահպանէ

Եհովան ամուսնական ուխտը շատ լուրջի կ’առնէ։ Ինք ըսաւ որ ամուսինն ու կինը իրարու պէտք է յարին (Մատ. 19։5, 6)։ Եհովայի ժողովուրդին մէջ շատ մը օրինակելի ամուսնութիւններ կան։ Բայց կատարեալ ամուսնութիւն մը չկայ։ Խնդիրներ պիտի՛ ըլլան, բայց պէտք չէ շատերու պէս մտածենք, որ եթէ զոյգ մը խնդիրներ կ’ունենայ, լուծումը բաժանումն ու ամուսնալուծումն է։ Լաւ, ամուսնացած զոյգերը ինչպէ՞ս կրնան իրենց ամուսնութիւնը պահպանել։

Նկատի առ հինգ կարեւոր քայլեր.

  1. Սիրտդ պահպանէ՝ անբարոյ ժամանցը մերժելով եւ սիրային խօսքեր չըսելով հակառակ սեռի պատկանող անհատներու։ Այս սովորութիւնները կը տկարացնեն ամուսնութիւնը (Մատ. 5։28. Բ. Պետ. 2։14)։

  2. Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնդ զօրացուր, եւ շատ ջանք թափէ որ ամուսնութիւնդ զինք հաճեցնէ (Սաղ. 97։10)։

  3. Շարունակէ նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ, եւ պզտիկ ազնիւ արարքներ ըրէ, որոնք կը դիւրացնեն կողակիցիդ կեանքը (Կող. 3։8-10, 12-14)։

  4. Միշտ կողակիցիդ հետ հաղորդակցէ եւ յարգանքով խօսէ իրեն հետ։ Խօսեցէք ձեր ամէն մէկուն համար կարեւոր եղող բաներու մասին, եւ ոչ թէ միայն երկրորդական բաներու մասին (Կող. 4։6)։

  5. Գուրգուրանքով եւ սիրով վճարէ ամուսնական պարտքը (Ա. Կոր. 7։3, 4. 10։24)։

Երբ քրիստոնեաները պատուեն ամուսնութիւնը, անոնք պատուած կ’ըլլան ամուսնութեան Հիմնադիրը՝ Եհովան։

ԴԻՏԷ ՊԷՏՔ Է «ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆՈՎ ՎԱԶԵՆՔ». ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀՆԱԶԱՆԴԵՑԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • «Պէտք է ‘համբերութիւնով վազենք’. Մրցումին օրէնքներուն հնազանդեցէք» վիտէոյէն նկար մը. Թագաւորութեան սրահի մը մէջ եղբայր մը եւ իր կինը կը ժպտան իրենց ամուսնութեան դասախօսութենէն ետք։

    Թէեւ ամուսնութիւն մը կրնայ լաւ սկսիլ, բայց ի՞նչ դժուարութիւններ կրնան ծագիլ։

  • «Պէտք է ‘համբերութիւնով վազենք’. Մրցումին օրէնքներուն հնազանդեցէք» վիտէոյէն նկար մը. եղբայր մը եւ իր կինը հանդարտութեամբ կը քննարկեն իրենց դժուարութիւնները։ Սեղանին վրայ բաց Սուրբ Գիրք մը կայ։

    Սուրբ Գիրքին սկզբունքները ինչպէ՞ս կրնան օգնել անոնց, որոնք կը զգան որ իրենց ամուսնութեան մէջ սէր չկայ։

  • «Պէտք է ‘համբերութիւնով վազենք’. Մրցումին օրէնքներուն հնազանդեցէք» վիտէոյէն նկար մը. եղբայր մը իր կնոջ եւ երկու աղջիկներուն կը կարդայ ‘Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ’ գիրքէն։

    Ուրախ ամուսնութիւն մը ունենալու համար գործադրէ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները

    Եհովան ի՞նչ օրէնքներ դրած է ամուսնութեան համար։

  • Ամուսնութիւն մը յաջող ըլլալու համար, երկու կողակիցները ի՞նչ պէտք է ընեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել