Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 9/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ երջանիկ ըլլալ
    Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
  • Ամուսնութիւնդ պահպանէ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Ամուր եւ երջանիկ ամուսնութիւն կերտէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ամուսնութիւնդ յաջող դարձուր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 9/1 էջ 16
[Նկար՝ էջ 16]

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Ամուսնացած զոյգը ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ըլլալ։

Ամուսնութեան Հիմնադիրը՝ Եհովա Աստուած, Սուրբ Գիրքին միջոցաւ ուրախ ամուսնութեան մասին գործնական խրատներ կու տայ։ Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ որ զարգացնենք այնպիսի յատկութիւններ, որոնք կրնան ամուսնութիւնը երջանիկ դարձնել, եւ կը զգուշացնէ թէ որոշ կեցուածքներ կրնան ամուսնութիւնը քանդել։ Ատիկա նաեւ կը սորվեցնէ հաղորդակցութեան հմտութիւններ, որոնք կրնան ուրախ ամուսնութեան նպաստել (կարդա՛ Կողոսացիս 3։8-10, 12-14)։

Ամուսիններ եւ կիներ պէտք է զիրար պատուեն ու յարգեն։ Երբ երկուքը ամուսնութեան մէջ իրենց աստուածատուր դերը ընդունին, կրնան ուրախ ըլլալ (կարդա՛ Կողոսացիս 3։18, 19)։

Ի՞նչ բան ամուսնութիւնը մնայուն կը դարձնէ։

Ամուսնացած զոյգեր կրնան միասին մնալ, եթէ զիրար կը սիրեն։ Աստուած մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս սիրել։ Ան եւ իր Որդին՝ Յիսուս, անձնազոհ սիրոյ կատարեալ օրինակներ են (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։7, 8, 19)։

Երբ ամուսիններ եւ կիներ յարգեն ամուսնութիւնը որպէս Աստուծոյ կարգադրութիւնը, մի՛շտ միասին պիտի մնան։ Աստուած ամուսնութիւնը ստեղծեց, որ տղամարդուն եւ կնոջ միջեւ մնայուն կապ ըլլայ,– այսպէս, ընտանիքը ապահով ու պաշտպանուած կը մնայ։ Կարելի՛ է որ ամուսնութիւնը մնայուն մնայ, քանի որ Աստուած տղամարդուն ու կնոջ տուաւ զիրար ամբողջացնելու կարողութիւնը,– թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ զգացական գետնի վրայ։ Ինչպէս նաեւ ան զիրենք ի՛ր պատկերով ստեղծեց՝ իր սէրը ընդօրինակելու կարողութեամբ (կարդա՛ Ծննդոց 1։27. 2։18, 24)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 14–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

Կրնաս զայն բեռնել մեր կայքէն՝ www.jw.org

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել