Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ21 Մարտ էջ 5
  • Յիշատակատօնին համար կը պատրաստուի՞ս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յիշատակատօնին համար կը պատրաստուի՞ս
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Որո՞նց պիտի հրաւիրեմ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
  • Եհովան կ’օրհնէ Յիշատակատօնը տօնելու մեր ջանքերը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • «Ասիկա ըրէք». Յիշատակատօնը ապրիլ 5–ին տեղի պիտի ունենայ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
ժտ21 Մարտ էջ 5
Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները հաց եւ գաւաթներ կը դնեն սեղանի մը վրայ։

Պետրոս եւ Յովհաննէս վերնատունը կը պատրաստեն Ք.Ե. 33–ի Պասեքին համար

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Յիշատակատօնին համար կը պատրաստուի՞ս

Յիսուսին վերջին Պասեքը շատ կարեւոր առիթ մըն էր։ Որովհետեւ իր մահը մօտ էր, Յիսուս ծրագրեց որ Պասեքը իր առաքեալներուն հետ ուտէ եւ տարեկան նոր տօնակատարութիւն մը հաստատէ՝ Տէրունական ընթրիքը։ Ասոր համար, Յիսուս ղրկեց Պետրոսը եւ Յովհաննէսը, որ սենեակը պատրաստեն (Ղուկ. 22։7-13. տե՛ս կողքին նկարը)։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ որ պէտք է պատրաստուինք մարտ 27–ին տեղի ունենալիք Յիշատակատօնին համար։ Ժողովքները շատ հաւանաբար արդէն իսկ կարգադրութիւններ ըրած են դասախօսին համար, խորհրդանիշներուն համար եւ այլն։ Բայց անհատապէս ի՞նչ կրնանք ընել, որ Յիշատակատօնին համար պատրաստուինք։

Սիրտդ պատրաստէ։ Յիշատակատօնին համար Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը կարդա՛ եւ ատոր վրայ խոկա՛։ Յայտագիրը կրնաս գտնել Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկին մէջ։ Աւելի մանրամասն յայտագիր մը կրնաս գտնել Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց գրքոյկին Մաս 16–ին մէջ (տե՛ս նաեւ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր–ին ապրիլ 2020 թիւը)։ Ընտանիքները կրնան իրենց ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին նկատի առնել փրկանքին կարեւորութեան մասին տեղեկութիւններ, որոնք կրնան ձեռք ձգուիլ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար–էն կամ Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–էն։

Ընտանիք մը Յիշատակատօնին մասին կը խօսին իրենց ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին։

Ուրիշները հրաւիրէ Յիշատակատօնին։ Լման մասնակցէ հրաւիրագիր բաժնելու արշաւին։ Մտածէ թէ որոնք կրնաս հրաւիրել, ինչպէս՝ վերայցելութիւններ, Աստուածաշունչի նախկին աշակերտներ, ծանօթներ եւ ազգականներ։ Երէցները պէտք է ամէն ջանք թափեն որ անգործունեաները հրաւիրեն։ Յիշէ որ եթէ անհատ մը քու շրջանիդ մէջ չ’ապրիր, կրնաս իր ապրած շրջանին մէջ տեղի ունենալիք Յիշատակատօնին ժամն ու վայրը գիտնալ՝ այցելելով www.jw.org/hyw կայքը եւ ետքը երթալով ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ բաժինը եւ ընտրելով «Յիշատակատօն» մասը։

Երկու երէցներ անգործունեայ եղբօր մը կ’այցելեն եւ Յիշատակատօնին կը հրաւիրեն։

Ուրիշ ի՞նչ կրնանք ընել որ պատրաստուինք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել