Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ21 Սեպտեմբեր էջ 3-16
  • «Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն» գիրքը գործածէ ծառայութեան մէջ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն» գիրքը գործածէ ծառայութեան մէջ
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչպէ՞ս դաս վարել «Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն» գիրքով
    Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Աստուածաշունչի աշակերտիդ օգնէ որ մկրտուի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Ինչպէ՞ս վարել ուսումնասիրութիւն մը, որ մկրտութեան կ’առաջնորդէ (մաս 1)
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Ինչպէ՛ս գործածել՝ «Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր» գրքոյկը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
ժտ21 Սեպտեմբեր էջ 3-16
Զոյգ մը «Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն» գրքոյկը կը գործածէ, որ մարդու մը հետ խօսի մինչ ան պաս կը սպասէ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը գործածէ ծառայութեան մէջ

Որքա՜ն ուրախ ենք որ նոր գրքոյկ մը եւ գիրք մը ունինք ուրիշներուն հետ սերտելու համար։ Եհովային կ’աղօթենք որ մեր ջանքերը օրհնէ, որ շատ աւելի անհատներ Յիսուսին աշակերտները դառնան (Մատ. 28։18-20. Ա. Կոր. 3։6-9)։ Ինչպէ՞ս կրնանք գործածել գրքոյկն ու գիրքը։

Քանի որ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին միջոցաւ նոր կերպով պիտի սորվեցնենք մարդոց, այս ուղղութիւններուն հետեւէ, մինչ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն համար կը պատրաստուիս եւ զանոնք կը վարեսa։

  • Պարբերութիւնները կարդա՛ եւ հարցումները հարցուր

  • Կարդա՛ այն համարները որոնց քով «կարդացէ՛ք» գրուած է, եւ աշակերտին օգնէ որ հասկնայ թէ ատոնք ինչպէ՛ս կրնայ գործադրել

  • Վիտէօները դիտել տուր եւ աշակերտին հետ ատոնց մասին խօսէ, գործածելով գրուած հարցումները

  • Փորձէ ամէն մէկ դաս մէկ նիստի մէջ վերջացնել

Ծառայութեան մէջ նախ գրքոյկը առաջարկէ, որ տեսնես թէ անհատը հետաքրքրուած է կամ ոչ (տե՛ս «Ինչպէ՞ս կրնաս Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքոյկը առաջարկել առաջին հանդիպումին» շրջանակը)։ Երբ աշակերտին հետ սերտես ամբողջ գրքոյկը եւ աշակերտը ուզէ շարունակել, գիրքը առաջարկէ եւ սկսէ դաս 04–էն։ Եթէ արդէն մէկու մը հետ կը սերտես Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գիրքը կամ Աստուծոյ սէրը գիրքը, անցիր Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին եւ որոշէ ո՛ր դասէն սկսիլ։

Նոյն զոյգը «Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն» գիրքը կը գործածէ, որ այդ մարդուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ իր տան մէջ։

ԴԻՏԷ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ԸԼԼԱՅ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Աշակերտները ի՞նչ պիտի սորվին նոր գիրքէն։

  • Ինչո՞ւ պէտք է այս վիտէոն ցուցնես նոր աշակերտներուն։

  • Պէտք է կամաց–կամաց աշակերտին օգնես, որ ի՞նչ նպատակներ դնէ եւ ատոնց հասնի (տե՛ս «Ամէն մէկ մասին բուն կէտը եւ նպատակակէտերը ի՞նչ են» ցուցակը)։

a ՆՇՄԱՐ. Թէեւ պայման չէ աշակերտին հետ անձամբ նկատի առնես «Աւելի՛ն գիտցիր» բաժինը, բայց մինչ ուսումնասիրութեան կը պատրաստուիս՝ ժամանակ տրամադրէ որ հոն անցած յօդուածները կարդաս կամ վիտէօները դիտես։ Ասիկա պիտի ձգէ որ գիտնաս, թէ անոնցմէ ո՛ր մէկը կրնայ աշակերտդ հետաքրքրել եւ իրեն օգնել։ Գիրքին ելեկտրոնային ձեւը կրնայ անհատը ուղղակի կապել յօդուածներուն եւ վիտէօներուն։

ԱՄԷՆ ՄԷԿ ՄԱՍԻՆ ԲՈՒՆ ԿԷՏԸ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԵՆ

 

ԴԱՍԵՐ

ԲՈՒՆ ԿԷՏԸ

ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐԸ

1

01-12

Կրնաս Աստուածաշունչէն շատ մը օգուտներ քաղել, եւ կրնաս ճանչնալ Աստուած, որ մեզի Աստուածաշունչը տուած է

Աշակերտը քաջալերէ որ Սուրբ Գիրքը կարդայ, ուսումնասիրութեան պատրաստուի եւ սկսի ժողովներուն ներկայ ըլլալ

2

13-33

Տե՛ս թէ Աստուած ի՛նչ ըրած է մեզի համար, եւ թէ ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ զինք պաշտենք

Աշակերտին մէջ փափաք արթնցուր որ ճշմարտութեան մասին խօսի ուրիշներուն եւ հրատարակիչ ըլլայ

3

34-47

Տե՛ս թէ Աստուած զինք պաշտողներէն ի՛նչ կ’ակնկալէ

Աշակերտին մէջ փափաք արթնցուր, որ իր կեանքը Եհովային նուիրէ եւ մկրտուի

4

48-60

Տե՛ս թէ ի՛նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ Աստուծոյ բարեկամը մնաս

Աշակերտին սորվեցուր որ ինչպէ՛ս կրնայ գիտնալ, թէ ի՛նչը ճիշդ է ու ի՛նչը սխալ, եւ ինչպէ՛ս կրնայ հոգեւորապէս յառաջդիմել

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԿԵԱՆՔԸ ՎԱՅԵԼԷ ՅԱՒԻՏԵԱ՛Ն ԳՐՔՈՅԿԸ ԱՌԱՋԱՐԿԵԼ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

Գրքոյկին ետեւի կողքին վրայ հետաքրքրական հարցում մը կայ, ճիշդ մեր թերթիկներուն պէս։ Հետեւեալները փորձէ.

  • Հարցումը հարցուր եւ ընտրութիւնները ըսէ

  • Սաղմոս 37։29–ն կարդա՛ եւ Սուրբ Գիրքին պատասխանը տուր

  • «Ատիկա քեզի համար կրնայ նշանակել» բաժինին տակի կէտերուն մասին խօսէ անհատին հետ։ Եթէ ժամանակ ըլլայ, համարները կարդա՛ եւ նկարին մասին խօսէ

  • Էջին վերջաւորութեան եղող հարցումը հարցուր եւ սկսէ առաջին դասը նկատի առնել

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել