Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ22 Յունուար էջ 13
  • Ի՞նչ կը սորվինք Սամուէլի կեանքէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչ կը սորվինք Սամուէլի կեանքէն
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ան «Տէրոջը առջեւ մեծցաւ»
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Յուսախաբութիւններու ներքեւ տոկաց
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Սամուէլ միշտ շիտակ բաներ ըրաւ
    Զաւակներուդ սորվեցուր
  • Պզտիկ տղեկ մը Աստուծոյ կը ծառայէ
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
ժտ22 Յունուար էջ 13
«Անոնցմէ սորվէ. Սամուէլ» վիտէոյին վրայ հիմնուած գծագրութիւններ. 1. Տէնին։ 2. Պզտիկ Սամուէլը։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ի՞նչ կը սորվինք Սամուէլի կեանքէն

Սամուէլ Եհովային հաւատարիմ մնաց իր ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Երբ ան պզտիկ էր, Հեղիին որդիներուն՝ Ոփնիին եւ Փենէհէսին, պէս գէշ բաներ չըրաւ (Ա. Թագ. 2։22-26)։ Մինչ կը մեծնար, Եհովան իրեն հետ էր (Ա. Թագ. 3։19)։ Նոյնիսկ երբ տարիքով մեծցաւ, շարունակեց Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել, հակառակ անոր որ իր որդիները հաւատարիմ չէին (Ա. Թագ. 8։1-5)։

Սամուէլէն ի՞նչ կը սորվինք։ Եթէ տարիքով պզտիկ ես, վստահ եղիր որ Եհովան քեզ կը հասկնայ եւ գիտէ թէ ի՛նչ կը զգաս։ Ան կրնայ քեզի օգնել, որ քաջ ըլլաս (Եսա. 41։10, 13)։ Իսկ եթէ ծնող մըն ես եւ զաւակդ Եհովայէն հեռացած է, կրնաս մխիթարուիլ գիտնալով որ Սամուէլ իր չափահաս որդիները չստիպեց, որ Եհովային ուզածին պէս ապրին։ Ան իր լաւագոյնը ըրաւ որ անձամբ հաւատարիմ մնայ իր երկնաւոր Հօր՝ Եհովային, մինչ անոր յանձնեց իր որդիներուն հարցը։ Ի՞նչ գիտես. թերեւս քու լաւ օրինակդ զաւակիդ օգնէ, որ Եհովային վերադառնայ։

ԴԻՏԷ ԱՆՈՆՑՄԷ ՍՈՐՎԷ. ՍԱՄՈՒԷԼ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • «Անոնցմէ սորվէ. Սամուէլ» վիտէոյէն տեսարան մը. պզտիկ Սամուէլը փայտեր կը շալկէ խորանին գաւիթին մէջ։

    Սամուէլ ինչպէ՞ս քաջութեամբ վարուեցաւ, երբ պզտիկ էր։

  • «Անոնցմէ սորվէ. Սամուէլ» վիտէոյէն տեսարան մը. Տէնին իր մեծ եղբօր հետ կը խօսի անոր ըրած անպատշաճ բաներուն մասին։

    Տէնին ինչպէ՞ս քաջութեամբ վարուեցաւ։

  • «Անոնցմէ սորվէ. Սամուէլ» վիտէոյէն տեսարան մը. տարիքով մեծցած Սամուէլ մարգարէն։

    Սամուէլ ինչպէ՞ս լաւ օրինակ ձգեց, երբ տարիքով մեծ էր։

  • «Անոնցմէ սորվէ. Սամուէլ» վիտէոյէն տեսարան մը. Տէնիին ծնողքը Տէնիին հետ հանրային վկայութեան մասնակցելէ ետք։

    Եհովան կ’օգնէ անոնց, որոնք կը շարունակեն ճիշդը ընել

    Տէնիին ծնողքը ի՞նչ լաւ օրինակ ձգեց։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել