Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ23 Մայիս էջ 5
  • Դրամական նեղութիւններու պատրա՞ստ ես

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դրամական նեղութիւններու պատրա՞ստ ես
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Պատրա՞ստ ես
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
  • «Վերջին օրերուն» վերջին ժամերուն ընթացքին պատրաստ եղիր
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Որոշումներ՝ որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովային կը վստահինք
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Քաղաքային խռովութեան պատրա՞ստ ես
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
ժտ23 Մայիս էջ 5

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Դրամական նեղութիւններու պատրա՞ստ ես

Մենք օդէն չենք իյնար, երբ տեսնենք որ աշխարհին չորս կողմը մարդիկ դրամական նեղութիւն կը քաշեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մենք վերջին օրերուն վերջին ժամանակներուն մէջ կ’ապրինք եւ Սուրբ Գիրքը մեզ կը զգուշացնէ, որ մեր յոյսը անկայուն հարստութեան վրայ չդնենք (Ա. Տիմ. 6։17. Բ. Տիմ. 3։1)։ Յովսափատ թագաւորէն ի՞նչ կը սորվինք դրամական նեղութիւններու պատրաստուելու մասին։

Յովսափատ Եհովային վստահեցաւ, երբ թշնամիները իսրայէլացիներուն վրայ պիտի յարձակէին (Բ. Մն. 20։9-12)։ Ասկէ զատ, ան գործնական քայլեր առաւ եւ քաղաքներուն մէջ զօրքեր դրաւ, որպէսզի ժողովուրդը պատրաստէ յարձակումին (Բ. Մն. 17։1, 2, 12, 13)։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք ալ Եհովային վստահինք եւ դժուարութիւններու պատրաստուինք։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ԸՆԵԼ ՈՐ ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆՔ

Հոգեւորապէս պատրաստուէ. Ունեցածովդ գոհ եղիր եւ ա՛լ աւելի վստահէ որ Եհովան կրնայ քու ամէնօրեայ պէտքերդ ապահովել (Մատ. 6։26. Ա. Տիմ. 6։8)։ Միտքդ դիր որ ի՛նչ ալ ըլլայ, պիտի շարունակես Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հետեւիլ (Հռով. 2։21)։ Մտածէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս շարունակել հոգեւոր սնունդ առնել, եթէ ելեկտրականութիւն կամ ինթըրնէթ չըլլայ։ Որոշ տպուած հրատարակութիւններ ունեցիր քովդ, եւ եթէ կարելիութիւնը ունիս, սկիզբէն բեռնէ ելեկտրոնային հրատարակութիւններ։

Դրամական գետնի վրայ պատրաստուէ. Առաջ որ դրամական նեղութիւններ ըլլան, պարտքերդ եւ կարեւոր չեղող ծախսերդ թեթեւցուր (Առ. 22։7)։ Եթէ կարելի է, որոշ քանակով ուտելիք եւ ուրիշ կարեւոր բաներ ապահովէ տունիդ մէջ։ Կարգ մը մարդիկ բանջարեղէններ կը ցանեն, որ դրամ խնայեն։

ԴԻՏԷ ԱՂԷՏԻ ՄԸ ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ ԵՍ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

«Աղէտի մը պատրա՞ստ ես» վիտէոյէն տեսարան մը, որ ցոյց կու տայ Աստուածաշունչ մը, անակնկալ պարագաներու համար պայուսակ մը, հեռաձայն մը եւ շինարարութեան մէջ ծառայող անհատներ։
  • Ի՞նչ կրնանք ընել, որ աղէտի մը պատրաստուինք։

«Աղէտի մը պատրա՞ստ ես» վիտէոյէն տեսարան մը։ Եղբայրներ օգնութեան աշխատանքներուն կը մասնակցին՝ շինարարութիւն ընելով եւ բեռնակառքէն ապրանքներ իջեցնելով։
  • Ինչպէ՞ս կրնանք պատրաստուիլ, որ ուրիշներուն օգնենք։

ՆՊԱՏԱԿ

Ընտանեկան պաշտամունքին վերաքաղ ըրէք Զարթի՛ր 2022–ի թիւ 1–ը (արաբ.)։ Խօսեցէք թէ ուրիշ ի՛նչ կրնաք ընել, որ աղէտի մը պատրաստուիք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել