Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ20 Փետրուար էջ 31
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Չորս բառեր՝ որոնք աշխարհը փոխեցին
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
  • Դանիէլ. ամբաստանուած գիրք մը
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
դ20 Փետրուար էջ 31
Բաղտասարին անունը պարունակող կաւէ գլան մը։

Բաղտասարին անունը պարունակող կաւէ գլան մը

Գիտէի՞ր

Հնագիտութիւնը ինչպէ՞ս կը հաստատէ Բաբելոնի Բաղտասարին դերը։

ԵՐԿԱՐ տարիներ, Աստուածաշունչի քննադատներ կ’ըսէին, որ Դանիէլ գիրքին մէջ նշուած Բաղտասար թագաւորը գոյութիւն չէ ունեցած (Դան. 5։1) Անոնք այդ կարծիքը ունէին, քանի որ հնագէտները չէին կրցած գտնել որեւէ փաստ, թէ ան իրապէս ապրած է։ Սակայն, 1854–ին այս մէկը փոխուեցաւ։ Ինչո՞ւ։

Այդ տարի, Բրիտանիոյ հիւպատոս Ճ. Ճ. Թէյլըր հետազօտեց այժմու Իրաքի հարաւը գտնուող Ուր քաղաքի աւերակները։ Մեծ աշտարակի մը մէջ, ան քանի մը կաւէ գլաններ գտաւ։ Իւրաքանչիւր գլան շուրջ 10 սմ. երկարութիւն ունի, եւ անոնց վրայ սեպագիր գրութիւններ փորագրուած են։ Գլաններէն մէկուն գրութիւնը կը բովանդակէ աղօթք մը, Բաբելոնի Նաբունիտոս թագաւորի եւ անոր երիցագոյն որդիին՝ Բաղտասարի համար, խնդրելով որ երկար կեանք ունենան։ Նոյնիսկ քննադատները համաձայնեցան, որ այս յայտնաբերումը կը փաստէ, թէ Բաղտասար իրապէս գոյութիւն ունեցած է։

Սակայն Աստուածաշունչը ոչ միայն կ’ըսէ որ Բաղտասար գոյութիւն ունէր, այլեւ թէ ան թագաւոր էր։ Քննադատները ասիկա նոյնպէս հարցականի տակ առած էին։ Օրինակ, 19–րդ դարու անգլիացի գիտնական Ուիլիամ Թալպոթ գրեց, որ ոմանց կարծիքով՝ «Բել–սար–ուշուր [Բաղտասար] իր հօր՝ Նաբունիտոսին հետ միեւնոյն ատեն իշխեց։ Բայց ասոր նոյնիսկ ամենաչնչին փաստը չկայ»։

Այդ հակաճառութիւնը վերջ գտաւ, երբ ուրիշ կաւէ գլաններու գրութիւնները յայտնեցին, թէ Բաղտասարին հայրը՝ Նաբունիտոս թագաւոր, ատեն մը քանի մը տարի մայրաքաղաքէն հեռու էր։ Ի՞նչ պատահեցաւ անոր բացակայութեան ընթացքին։ Encyclopaedia Britannica կ’ըսէ. «Երբ Նաբունիտոս ուրիշ երկրի մէջ էր, ան Բաղտասարին վստահեցաւ գահը եւ բանակին մեծ մասը»։ Ուրեմն, Բաղտասար այդ ժամանակամիջոցին իշխանակից էր Բաբելոնի մէջ։ Այդ պատճառով, հնագէտ եւ լեզուաբան Ալէն Միլարտ նշեց, թէ «Դանիէլ գիրքին մէջ Բաղտասարը ‘թագաւոր’ կոչելը» տեղին էր։

Անշուշտ, Աստուծոյ ծառաներուն համար գլխաւոր ապացոյցը, թէ Դանիէլ գիրքը վստահելի է եւ Աստուծմէ ներշնչուած է, կը գտնուի Աստուածաշունչի՛ն մէջ (Բ. Տիմ. 3։16)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել