ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Լաւ օրինակներէն սորվելով առատապէս օրհնուեցայ
ԵՐԲ պատանի էի, ծառայութեան մասնակցիլը ինծի համար դժուար էր։ Իսկ երբ չափահաս եղայ, ինծի տրուեցան նշանակումներ, որոնք չէի խորհեր թէ կրնայի ընել։ Ձեզի կ’ուզեմ պատմել ոմանց մասին, որոնց լաւ օրինակը ինծի օգնեց վախերս յաղթահարելու եւ լիաժամ ծառայութեան 58 տարիներու ընթացքին հոյակապ օրհնութիւններ վայելելու։
Ես ծնայ ֆրանսախօս Քեպէք նահանգի Քեպէք Սիթիի մէջ, Քանատա։ Ծնողքս՝ Լուի ու Զելիա, զիս քնքշութեամբ մեծցուցին։ Հայրս բնոյթով ամչկոտ էր ու կը սիրէր կարդալ։ Ես շարադրութիւնը կը սիրէի եւ երազս էր՝ լրագրող դառնալ։
Երբ շուրջ 12 տարեկան էի, հօրս գործակիցը՝ Ռոտոլֆ Սուսի, եւ անոր բարեկամը մեր տունը եկան։ Անոնք Եհովայի վկաներ էին։ Վկաներուն մասին շատ բան չէի գիտեր եւ անոնց կրօնքով չէի հետաքրքրուած։ Բայց հիացայ թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչը գործածելով տրամաբանօրէն կը պատասխանէին մեր հարցումներուն։ Ծնողքս նոյնպէս տպաւորուեցան, ուստի ընդունեցինք Աստուածաշունչը սերտել։
Ես կաթողիկէ դպրոց կը յաճախէի։ Ատենը մէյ մը, դասընկերներուս հետ զրոյցներ կ’ունենայի Սուրբ Գիրքէն սորվածներուս շուրջ։ Ի վերջոյ, ուսուցիչները՝ որոնք քահանաներ էին, ատոր մասին գիտցան։ Փոխանակ Սուրբ Գիրքը գործածելով ըսածներս հերքելու, անոնցմէ մէկը ամբողջ դասարանին առջեւ ըսաւ որ ըմբոստ եմ։ Այս ճնշիչ իրավիճակը լաւ արդիւնք տուաւ. ինծի յայտնեց, որ դպրոցի կրօնական ուսուցումները չէին համաձայներ Աստուածաշունչի ըսածներուն։ Անդրադարձայ, որ տեղս հոն չէր։ Ծնողքիս արտօնութեամբ, ուրիշ դպրոց փոխադրուեցայ։
ՍՈՐՎԵՑԱՅ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵՆԷՆ ՀԱՃՈՅՔ ԱՌՆԵԼ
Շարունակեցի Աստուածաշունչը սերտել, բայց հոգեւոր յառաջդիմութիւնս դանդաղ էր, քանի որ կը վախնայի դռնէ դուռ ծառայութեան մասնակցելու։ Կաթողիկէ եկեղեցին մեծ ազդեցութիւն ունէր եւ մեր քարոզչութեան խստօրէն կը հակառակէր։ Քեպէքի քաղաքական առաջնորդը՝ Մորիս Տիւփլեսի, եկեղեցիին հետ սերտ կապ ունէր։ Անոր աջակցութեամբ, խուժաններ նեղութիւն տուին Վկաներուն եւ նոյնիսկ յարձակեցան անոնց վրայ։ Այդ օրերուն, քարոզելը մեծ քաջութիւն կը պահանջէր։
Վախս յաղթահարելու մէջ ինծի օգնեց եղբայր Ճոն Ռէյ, որ Գաղաադի դպրոցին 9–րդ դասարանէն շրջանաւարտ եղած էր։ Ան շատ փորձառու ըլլալով հանդերձ, հեզ, համեստ ու մարդամօտ էր։ Ան հազուադէպ զիս ուղղակի կը խրատէր, բայց իր լաւ օրինակը շատ բան ինծի սորվեցուց։ Ճոն դժուարութեամբ ֆրանսերէն կը խօսէր, անոր համար յաճախ իրեն հետ ծառայութեան կ’ելլէի եւ լեզուական հարցով կ’օգնէի։ Անոր հետ ժամանակ անցընելը օգնեց, որ վերջապէս ճշմարտութեան կողքին քաջ կեցուածք առնեմ։ Վկաներուն հետ առաջին անգամ հանդիպելէս տասը տարի ետք, 26 մայիս 1951–ին մկրտուեցայ։
Ճոն Ռէյի (Ա) լաւ օրինակը ինծի (Բ) օգնեց, դռնէ դուռ քարոզելու վախս յաղթահարելու
Քեպէք Սիթիի մէջ մեր պզտիկ ժողովքը գլխաւորաբար ռահվիրաներէ բաղկացած էր։ Անոնց լաւ ազդեցութիւնը զիս մղեց ռահվիրայութիւն ընելու։ Այդ ժամանակ, դռնէ դուռ կը քարոզէինք՝ գործածելով միայն Աստուածաշունչը։ Չունենալով որեւէ հրատարակութիւն, հարկ էր որ Աստուածաշունչը աւելի ազդու կերպով գործածէինք։ Անոր համար, ջանացի լաւ գիտնալ այն համարները, որոնց օգնութեամբ ճշմարտութիւնը պիտի պաշտպանէի։ Սակայն շատեր կը մերժէին կարդալ Սուրբ Գիրքի որեւէ թարգմանութիւն, որ կաթողիկէ եկեղեցիին կողմէ ընդունուած չէր։
1952–ին, ամուսնացայ Սիմոն Փէդրիի հետ, որ ժողովքէս հաւատարիմ քոյր մըն էր։ Փոխադրուեցանք Մոնրէալ, եւ մէկ տարի չանցած՝ աղջիկ մը ունեցանք, որուն Լիզ անունը տուինք։ Թէեւ ամուսնութենէն քիչ առաջ ռահվիրայութիւնս դադրեցուցած էի, բայց ես ու Սիմոն ջանացինք մեր կեանքը պարզ պահել, որպէսզի ընտանեօք կարենայինք լիովին մասնակցիլ ժողովքի գործունէութիւններուն։
Տասը տարի անցնելէ ետք, սկսայ լրջօրէն մտածել ծառայութիւնս ընդլայնելու մասին։ 1962–ին, երբ Քանատայի Բեթէլի մէջ երէցներու միամսեայ «Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոց»ին ներկայ եղայ, Քամիլ Ուալեթ անունով եղբայր մը սենեկակիցս էր։ Ծառայութեան հանդէպ անոր նախանձախնդրութիւնը իրապէս զիս տպաւորեց, մանաւանդ քանի որ ամուսնացած էր ու զաւակներ ունէր։ Այդ օրերուն, Քեպէքի մէջ գրեթէ չլսուած բան մըն էր, որ մէկը ռահվիրայութիւն ընէ մինչ զաւակ կը մեծցնէ։ Բայց Քամիլ այդ նպատակը ունէր։ Միասին եղած ատեն, զիս քաջալերեց, որ պարագաս քննեմ։ Շատ չանցած, համոզուեցայ որ կրնամ դարձեալ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ ծառայել։ Ոմանք կարծեցին որ իմաստուն որոշում չառի, բայց ականջ չկախեցի ու ռահվիրայութեան նետուեցայ, վստահ ըլլալով որ Եհովան պիտի օրհնէր ծառայութեան մէջ աւելի բաժին բերելու ջանքերս։
ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ՔԵՊԷՔ ՍԻԹԻ՝ ՈՐՊԷՍ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐ
1964–ին, ես ու Սիմոն նշանակուեցանք ծառայելու որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ Քեպէք Սիթիի մէջ, եւ հոն ծառայեցինք քանի մը տարի։ Այս անգամ քարոզելու պայմանները նպաստաւոր էին, բայց դեռ հակառակութիւն կը դիմագրաւէինք։
Շաբաթ օր մը՝ կէսօրէ ետք, Քեպէք Սիթիին մօտ եղող Սենթ–Մարի գիւղաքաղաքին մէջ ձերբակալուեցայ։ Ոստիկան մը զիս ոստիկանատուն տարաւ ու բանտը դրաւ, քանի որ առանց արտօնագիրի տունէ տուն կը քարոզէի։ Ետքը, ներկայացայ Պայարժոն անունով դատաւորի մը առջեւ, որ վախազդու անձնաւորութիւն ունէր։ Ինծի հարցուց, թէ փաստաբանս ո՛վ պիտի ըլլար։ Երբ ըսի Կլէն Հաուa, որ ճանչցուած Վկայ փաստաբան էր, ան ջղագրգռութեամբ բացագանչեց. «Օ՜, ո՛չ. նորէ՛ն ինքը»։ Կլէն Հաու այն ժամանակ համբաւաւոր էր որպէս Վկաները պաշտպանող փաստաբան։ Շուտով դատարանը ինծի տեղեկացուց, որ ամբաստանութիւնը չեղեալ նկատուեցաւ։
Հակառակութեան պատճառով, Քեպէքի մէջ ժողովներու համար յարմար վայրեր վարձելը նոյնպէս դժուար էր։ Մեր պզտիկ ժողովքը կրցաւ կարգադրել միայն հին կառատուն մը, որ տաքութիւն ապահովելու սարքեր չունէր։ Ցուրտ ձմրան ընթացքին, եղբայրները իւղ գործածող ջեռուցիչ մը կ’աշխատցնէին։ Յաճախ ատոր շուրջ կը հաւաքուէինք ժողովներէն քանի մը ժամ առաջ, քաջալերական փորձառութիւններ իրարու պատմելու համար։
Ի՜նչ հոյակապ է տեսնել, թէ քարոզչութեան գործը ինչպէ՛ս յառաջդիմած է տարիներու ընթացքին։ 1960–ականներուն, Քոթ–Նորի շրջանը, Քեպէք Սիթիի շրջանը եւ Կասփէյ թերակղզիին մէջ, միայն քանի մը պզտիկ ժողովքներ կային։ Իսկ ներկայիս, հոն բազմաթիւ ժողովքներ կան, եւ եղբայրները ժողովները կ’ընեն գեղեցիկ Թագաւորութեան սրահներու մէջ։
ՀՐԱՒԷՐ՝ ՇՐՋԱԳԱՅԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ
1977–ին, շրջագայող տեսուչներու յատկացուած ժողովի մը ներկայ եղայ Թորոնթոյի մէջ, Քանատա
1970–ին, ես ու Սիմոն շրջանային գործին նշանակուեցանք։ Ետքը, 1973–ին, նահանգային գործին նշանակուեցանք։ Այդ տարիներուն, շատ բան սորվեցայ այնպիսի փորձառու եղբայրներէ, ինչպէս՝ Լորիէ Սոմիւրb եւ Տէյվիտ Սբլէյնc, որոնք երկուքն ալ շրջագայական գործին մէջ էին։ Իւրաքանչիւր համաժողովէ ետք, ես ու Տէյվիտ կը խօսակցէինք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ուսուցանելու հմտութիւնը բարելաւել։ Անգամ մը ան ինծի ըսաւ. «Սիրեցի վերջին դասախօսութիւնդ։ Լաւ էր, բայց տուած նիւթդ կրնամ երե՛ք դասախօսութիւններու վերածել»։ Այո, դասախօսութիւններուս մէջ շատ տեղեկութիւններ պարփակելու հակում ունէի։ Հարկ կար որ սորվէի ամփոփ կերպով նիւթ մը ներկայացնել։
Քանատայի արեւելեան կողմը գտնուող քաղաքներու մէջ ծառայեցի
Նահանգային տեսուչներուն մէկ պատասխանատուութիւնն էր՝ քաջալերել շրջանային տեսուչները։ Սակայն Քեպէքի մէջ շատ մը հրատարակիչներ զիս լաւ կը ճանչնային ու երբ շրջանները կ’այցելէի, կ’ուզէին հետս ծառայութեան ելլել։ Անոնց հետ ծառայելը կը սիրէի, բայց բաւարար ժամանակ չէի տրամադրեր շրջանային տեսուչներուն համար։ Անգամ մը, սիրալիր շրջանային տեսուչ մը ինծի յիշեցուց. «Աղուոր է որ եղբայրներուն ժամանակ կու տաս, բայց մի՛ մոռնար որ հոս եկած ես ինծի այցելելու. ե՛ս ալ քաջալերութեան պէտք ունիմ»։ Այս ազնիւ խրատը ինծի օգնեց, որ աւելի հաւասարակշռուած ըլլամ։
Ցաւօք սրտի, 1976–ին, անակնկալօրէն շատ տխուր բան մը եղաւ. սիրելի կինս ծանրօրէն հիւանդացաւ ու իր կեանքը կորսնցուց։ Ան հիանալի կողակից էր, քանի որ անձնուրաց ոգի եւ Եհովայի հանդէպ մեծ սէր ունէր։ Ծառայութեան մէջ զբաղած մնալով կրցայ կորուստիս դիմանալ, եւ շնորհակալ եմ Եհովայէն որ այդ դժուար հանգրուանին ինծի սիրալիրօրէն օգնեց։ Յետագային, ամուսնացայ Քարոլին Էլլիէթի հետ, որ նախանձախնդիր անգլիախօս ռահվիրայ էր եւ Քեպէք եկած էր ծառայելու ո՛ւր որ քարոզիչներու աւելի պէտք կար։ Քարոլին մարդամօտ է եւ ուրիշներով անկեղծօրէն կը հետաքրքրուի, մանաւանդ անոնցմով որ ամչկոտ կամ միայնակ են։ Ան ինծի իսկական օրհնութիւն եղաւ, երբ ինծի միացաւ շրջագայական գործին մէջ։
ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԱՐԻ ՄԸ
Յունուար 1978–ին, ինձմէ խնդրուեցաւ Քեպէքի մէջ առաջին «Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոց»ը վարել։ Շատ ջղագրգիռ էի, քանի որ դասընթացքը թէ՛ ինծի եւ թէ աշակերտներուն համար բոլորովին նոր էր։ Ուրախ էի որ առաջին դասարանին մէջ բազմաթիւ փորձառու ռահվիրաներ կային։ Թէեւ ե՛ս ուսուցիչն էի, բայց աշակերտներէն շա՜տ բան սորվեցայ։
1978–ին, Մոնրէալի Ողիմպիական Սթատիումի մէջ տեղի ունեցաւ «Յաղթական հաւատք» խորագրով միջազգային համաժողովը։ Ատիկա Քեպէքի մէջ ցարդ ամենամեծ համաժողովն էր, որուն ներկաներուն թիւը աւելի քան 80,000 էր։ Ես նշանակուած էի ծառայելու համաժողովի Լրատուական սպասարկման բաժանմունքին մէջ։ Շատ մը լրագրողներու հետ խօսեցայ եւ ուրախ էի տեսնելով, թէ որչա՜փ լաւ բաներ գրեցին մեր մասին։ Հեռատեսիլի եւ ռատիոյի յայտագիրներու մէջ, մեզի հետ հարցազրոյցներ վարեցին՝ աւելի քան 20 ժամ տեւողութեամբ, եւ հարիւրաւոր յօդուածներ հրատարակուեցան։ Ի՜նչ հսկայական վկայութիւն տրուեցաւ։
ՏԱՐԲԵՐ ԹԱՂԱՄԱՍԻ ՄԸ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅԵԼ
1996–ին, ինծի համար մեծ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Մկրտութենէս ի վեր ֆրանսախօս Քեպէքի մէջ ծառայելէ ետք, նշանակուեցայ ծառայելու Թորոնթոյի շրջանը եղող անգլիախօս նահանգի մը մէջ։ Ատակ չէի զգար եւ կը վախնայի անգլերէն լեզուով դասախօսութիւններ ներկայացնելու, քանի որ զայն լաւ չէի խօսեր։ Սկսայ աւելի յաճախ աղօթել եւ Եհովային ա՛լ աւելի ապաւինիլ։
Հիմա կ’անդրադառնամ որ իրապէս վայելեցի այդ երկու հոյակապ տարիները, որ ծառայեցի Թորոնթոյի շրջանին մէջ։ Քարոլին համբերութեամբ օգնեց, որ անգլերէն լեզուս բարելաւեմ, իսկ եղբայրները շատ օգնեցին ու քաջալերեցին։ Շուտով բազմաթիւ նոր բարեկամներ ունեցանք։
Շաբաթավերջին կայանալիք համաժողովին պատրաստութիւնները տեսնելէ զատ, յաճախ ուրբաթ օրը երեկոյեան մէկ ժամ դռնէ դուռ կը քարոզէի։ Ոմանք թերեւս մտածեցին. «Ի՞նչ պէտք կայ ծառայութեան ելլելու՝ համաժողովով խճողուած շաբաթավերջէն ճիշդ առաջ»։ Բայց ես փորձառաբար նկատած էի, որ ծառայութեան մէջ լաւ խօսակցութիւններ ունենալը սփոփիչ էր։ Նոյնիսկ հիմա, դաշտի ծառայութեան մասնակցիլը միշտ տրամադրութիւնս կը բարձրացնէ։
1998–ին, ես եւ Քարոլին դարձեալ նշանակուեցանք Մոնրէալի մէջ ծառայելու որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ։ Տարիներ շարունակ, ծառայութիւնս կը պարփակէր՝ յատուկ հանրային վկայութիւն կազմակերպել եւ լրատուամիջոցներու հետ հաղորդակցիլ, Եհովայի վկաներու հանդէպ եղած կանխադատութիւնը սրբագրելու համար։ Այժմ ես եւ Քարոլին հաճոյքով կը քարոզենք օտարներու, որոնք վերջերս Քանատա փոխադրուած են եւ կը փափաքին Աստուածաշունչի մասին աւելին գիտնալ։
Ես եւ Քարոլին
Մկրտութեանս վրայ 68 տարիներ անցած են։ Երբ անոնց մասին կը մտածեմ, իրապէս օրհնուած կը զգամ։ Մեծ ուրախութիւն էր՝ սորվիլ ծառայութենէն հաճոյք առնել եւ բազմաթիւ անհատներու օգնել, որ ճշմարտութիւնը ճանչնան։ Աղջիկս՝ Լիզ, եւ իր ամուսինը, զաւակներ մեծցնելէ ետք, կանոնաւոր ռահվիրայութեան սկսան։ Ծառայութեան մէջ անոր նախանձախնդրութիւնը տեսնելը սիրտս կ’ուրախացնէ։ Յատկապէս շնորհակալ եմ այն հաւատակիցներէն, որոնց լաւ օրինակը եւ իմաստուն խրատները ինծի օգնեցին, որ հոգեւորապէս յառաջդիմեմ եւ աստուածպետական զանազան նշանակումներու հոգ տանիմ։ Համոզուած եմ որ նշանակումի մը մէջ կրնանք հաւատարիմ մնալ, միայն երբ Եհովայի զօրեղ սուրբ հոգիին ապաւինինք (Սաղ. 51։11)։ Շարունակ Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ ինծի տուաւ իր անունը փառաբանելու արժէքաւոր առանձնաշնորհումը (Սաղ. 54։6)։
a Տե՛ս Ու. Կլէն Հաուի կենսագրութիւնը Զարթի՛ր–ի 22 ապրիլ 2000 թիւին մէջ, էջ 18-24 (անգլերէն)։
b Տե՛ս Լորիէ Սոմիւրի կենսագրութիւնը, Դիտարան–ի 15 նոյեմբեր 1976 թիւին մէջ, էջ 690-695 (անգլերէն)։
c Ներկայիս, Տէյվիտ Սբլէյն կը ծառայէ որպէս Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամը։