Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ22 Յուլիս էջ 14-19
  • Հին մարգարէութիւն մը, որ քեզի կ’ազդէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հին մարգարէութիւն մը, որ քեզի կ’ազդէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՈՐՈ՞ՆՔ ՅԻՇՈՒԱԾ ԵՆ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
  • ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ Է
  • ԱՅՍ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ՕԳՏՈՒԻՆՔ
  • Օձին սերունդը—Ինչպէ՞ս քօղազերծուած
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Աստուածաշունչի ընդհանուր ներդաշնակութիւնը
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
  • Եհովան կը յայտնէ իր նպատակը
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Եդեմը ինչո՛ւ քեզի համար կարեւոր է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
դ22 Յուլիս էջ 14-19

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 30

Հին մարգարէութիւն մը, որ քեզի կ’ազդէ

«Քու ու կնոջ մէջտեղ. . . թշնամութիւն պիտի դնեմ» (ԾՆ. 3։15)։

ԵՐԳ 109 Ողջունե՛նք Եահի անդրանիկ Որդին

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa

1. Ադամն ու Եւան մեղք գործելէն անմիջապէս ետք, Եհովան ի՞նչ ըրաւ (Ծննդոց 3։15)։

ԱԴԱՄՆ ու Եւան մեղք գործելէն անմիջապէս ետք, Եհովան իրենց սերունդին յոյս տուաւ՝ կարեւոր մարգարէութեան մը միջոցաւ։ Այն ինչ որ Եհովան ըսաւ, գրուած է Ծննդոց 3։15–ին մէջ (կարդա՛)։

2. Այս մարգարէութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։

2 Այս մարգարէութիւնը կը յիշուի Աստուածաշունչի առաջին գիրքին մէջ, բայց միւս բոլոր գիրքերը կերպով մը անոր հետ կապ ունին։ Ճիշդ ինչպէս որ խէժը գիրքի մը բոլոր էջերը իրարու կը միացնէ, նոյնպէս Ծննդոց 3։15–ի խօսքը Աստուածաշունչի բոլոր գիրքերը իրարու կը միացնէ մէկ պատգամով։ Այդ պատգամը այն է, որ Ազատարար մը պիտի ղրկուէր՝ կործանելու համար Սատանան եւ անոր բոլոր չար հետեւորդներըb։ Ատիկա ի՜նչ մեծ օրհնութիւն պիտի ըլլայ անոնց համար, որոնք Եհովան կը սիրեն։

3. Յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Յօդուածին մէջ պիտի պատասխանենք Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութեան նկատմամբ հետեւեալ հարցումներուն. Որո՞նք յիշուած են մարգարէութեան մէջ։ Անիկա ինչպէ՞ս կը կատարուի։ Եւ մենք անկէ ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

ՈՐՈ՞ՆՔ ՅԻՇՈՒԱԾ ԵՆ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

«Ծննդոց 3։14, 15–ի անձնաւորութիւնները»։ 1) Օձը. Սատանան՝ որպէս հոգեղէն արարած։ 2) Օձին սերունդը. չար հոգեղէն արարածներ։ 3) Կինը. հաւատարիմ հոգեղէն արարածներ։ 4) Կնոջ սերունդը. Յիսուս Քրիստոս եւ իր օծեալ իշխանակիցները՝ իրենց երկնային փառքին մէջ։ Նկարները կը կրկնուին պարբերութիւն 4, 5, 7 եւ 8–ին հետ։

4. Ո՞վ է «օձ»ը, եւ ատիկա ինչպէ՞ս գիտենք։

4 Ծննդոց 3։14, 15–ին մէջ յիշուած են՝ «օձ» մը, օձին «սերունդ»ը, «կին» մը եւ կնոջ «սերունդ»ը։ Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ գիտնալու, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ո՛վ էc։ Սկսինք «օձ»ով։ Բառացի օձ մը պիտի չհասկնար այն ինչ որ Եհովան ըսաւ Եդեմի պարտէզին մէջ։ Ուստի ան, որուն նկատմամբ Եհովան դատավճիռ արձակեց, պէտք էր որ մտածող արարած ըլլար։ Եհովան որո՞ւն խօսեցաւ։ Յայտնութիւն 12։9–ն յստակօրէն կը բացատրէ, թէ օձը ո՛վ է, ըսելով որ «առաջուան օձը» Բանսարկու Սատանան է։ Բայց օձին սերունդը ո՞վ է։

Սատանան՝ որպէս հոգեղէն արարած։

ՕՁԸ

Բանսարկու Սատանան, որուն մասին Յայտնութիւն 12։9–ն կ’ըսէ, որ «առաջուան օձ»ն է (տե՛ս պարբ. 4)

5. Օձին սերունդը որոնցմէ՞ կազմուած է։

5 Երբ Աստուածաշունչը «սերունդ» բառը այլաբանական կերպով կը գործածէ, կ’ակնարկէ անոնց, որոնք իրենց այլաբանական Հօր պէս կը մտածեն եւ կը վարուին։ Ուստի, օձին սերունդը կազմուած է հոգեղէն արարածներէ եւ մարդոցմէ, որոնք Սատանային պէս Եհովա Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին կը հակառակին։ Անոնց մէջ կան՝ այն հրեշտակները, որոնք Նոյի օրերուն երկինքը ձգեցին, ինչպէս նաեւ՝ չար մարդիկը, որոնք կը վարուին իրենց Հօր՝ Սատանային պէս (Ծն. 6։1, 2. Յովհ. 8։44. Ա. Յովհ. 5։19. Յդ. 6)։

Չար հոգեղէն արարածներ։

ՕՁԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

Չար հոգեղէն արարածներ եւ մարդիկ, որոնք Եհովա Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին կը հակառակին (տե՛ս պարբ. 5)

6. Ինչո՞ւ կարելի չէ որ «կին»ը Եւան ըլլար։

6 Հիմա տեսնենք, թէ «կին»ը ո՛վ է։ Կարելի չէ որ ան Եւան ըլլար։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ միայն մէկ պատճառ։ Մարգարէութիւնը կ’ըսէ, որ կնոջ սերունդը Սատանային գլուխը պիտի ‘ջախջախէր’։ Ինչպէս որ հիմա քննարկեցինք, օձը հոգեղէն արարած է եւ Եւայի անկատար սերունդէն ոչ մէկ անձ պիտի կարենար զինք ջախջախել։ Ուրեմն Սատանան ինչպէ՞ս պիտի բնաջնջուէր։

7. Ինչպէս Յայտնութիւն 12։1, 2, 5, 10–ն ցոյց կու տայ, ո՞վ է Ծննդոց 3։15–ին մէջ յիշուած կինը։

7 Ծննդոց 3։15–ին մէջ յիշուած կնոջ ո՛վ ըլլալը յայտնի կը դառնայ Աստուածաշունչի վերջին գիրքին մէջ (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։1, 2, 5, 10)։ Անիկա սովորական կին մը չէ։ Ան իր ոտքերուն տակ ունի լուսինը, իր գլխուն վրայ ունի 12 աստղէ պսակ մը եւ ծնունդ կու տայ յատուկ զաւակի մը՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան։ Թագաւորութիւնը երկնային է, ուրեմն կինն ալ պէտք է երկնային ըլլայ։ Ան կը ներկայացնէ Եհովայի կազմակերպութեան երկնային մասը, որ բաղկացած է հաւատարիմ հոգեղէն արարածներէ (Գաղ. 4։26)։

Հաւատարիմ հոգեղէն արարածներ։

ԿԻՆԸ

Եհովայի կազմակերպութեան երկնային մասը, որ բաղկացած է հաւատարիմ հոգեղէն արարածներէ (տե՛ս պարբ. 7)

8. Ո՞վ կնոջ սերունդին գլխաւոր մասը եղաւ, եւ ե՞րբ (Ծննդոց 22։15-18)։

8 Աստուծոյ Խօսքը նաեւ մեզի կ’օգնէ գիտնալու, թէ ո՛վ է կնոջ սերունդին գլխաւոր մասը։ Այս սերունդը պէտք էր Աբրահամէն սերած ըլլար (կարդա՛ Ծննդոց 22։15-18)։ Մարգարէութեան ըսածին պէս, այդ հաւատարիմ տղամարդը Յիսուսին նախահայրը եղաւ (Ղուկ. 3։23, 34)։ Բայց սերունդը պէտք էր մարդ արարածէն աւելի զօրաւոր ըլլար, քանի որ պիտի ոչնչացնէր Բանսարկու Սատանան։ Ուստի, երբ Յիսուս շուրջ 30 տարեկան եղաւ, սուրբ հոգիով օծուեցաւ։ Օծուելով, ան կնոջ սերունդին գլխաւոր մասը դարձաւ (Գաղ. 3։16)։ Յիսուսի մահէն եւ յարութիւն առնելէն ետք, Աստուած զինք ‘փառքով ու պատուով պսակեց’ եւ իրեն ‘ամէն իշխանութիւն տուաւ երկնքի ու երկրի մէջ’, մէջը ըլլալով՝ իշխանութիւնը ‘Սատանային գործերը քանդելու’ (Եբ. 2։7. Մատ. 28։18. Ա. Յովհ. 3։8)։

Յիսուս Քրիստոս եւ իր օծեալ իշխանակիցները՝ իրենց երկնային փառքին մէջ։

ԿՆՈՋ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

Յիսուս Քրիստոս եւ իր 144,000 օծեալ իշխանակիցները (տե՛ս պարբ. 8-9)

9-10. ա) Ուրիշ որո՞նք կնոջ սերունդին մաս կը կազմեն, եւ ե՞րբ կը սկսին մաս կազմել։ բ) Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

9 Բայց Յիսուսէն զատ ուրիշներ ալ սերունդին մաս պիտի կազմէին։ Պօղոս առաքեալ սերունդին այս մասը յայտնի դարձուց, երբ հրեայ եւ ոչ–հրեայ օծեալ քրիստոնեաներուն գրեց. «Եթէ դուք Քրիստոսինն էք, ուրեմն Աբրահամին սերունդն էք ու խոստումին նայելով՝ ժառանգորդներ» (Գաղ. 3։28, 29)։ Երբ Եհովան քրիստոնեայ մը սուրբ հոգիով օծէ, ան կը դառնայ կնոջ սերունդին մէկ մասը։ Այսպէս, սերունդը բաղկացած է Յիսուս Քրիստոսէն եւ իր 144,000 իշխանակիցներէն (Յայտ. 14։1)։ Անոնք բոլորն ալ ջանք կ’ընեն, որ իրենց Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ պէս մտածեն ու վարուին։

10 Հիմա որ գիտցանք, թէ Ծննդոց 3։15–ին մէջ յիշուած անձնաւորութիւնները որո՛նք են, կարճ կերպով նկատի առնենք, թէ Եհովան արդէն ինչե՛ր ըրած է, որ այս մարգարէութիւնը կատարէ, եւ թէ մենք ատկէ ինչպէ՛ս կ’օգտուինք։

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ Է

11. Ի՞նչ առումով կնոջ սերունդին «գարշապարը» խայթուեցաւ։

11 Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութեան համաձայն, օձը կնոջ սերունդին «գարշապարը», կամ կրունկը, պիտի խայթէր։ Սատանան ատիկա ըրաւ, երբ հրեաները եւ հռոմայեցիները գործածեց Աստուծոյ Որդին մեռցնելու համար (Ղուկ. 23։13, 20-24)։ Ճիշդ ինչպէս որ երբ մէկու մը կրունկը կը վիրաւորուի, ան որոշ ժամանակ կը կաղայ, նոյնպէս Յիսուսի մահը զինք ժամանակաւորապէս անգործունեայ դարձուց եւ ան գերեզմանին մէջ մեռած մնաց երեք օրեր,– բայց ոչ լման երեք օրեր (Մատ. 16։21)։

12. Ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ օձին գլուխը պիտի ջախջախուի։

12 Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութիւնը կատարուելու համար, Յիսուս չէր կրնար գերեզմանին մէջ մնալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարգարէութեան համաձայն, սերունդը օձին գլուխը պիտի ջախջախէր։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Յիսուսին գարշապարը պէտք էր ապաքինէր։ Այդպէս ալ եղա՛ւ։ Իր մահէն երեք օր ետք, Յիսուս յարութիւն առաւ որպէս անմահ հոգեղէն արարած։ Եւ Աստուծոյ նշանակած ժամանակին, Յիսուս Սատանան պիտի ոչնչացնէ (Եբ. 2։14)։ Քրիստոս եւ իր իշխանակիցները պիտի բնաջնջեն Աստուծոյ բոլոր թշնամիները,– օձին սերունդը (Յայտ. 17։14. 20։4, 9, 10)d։

Կարգ մը գլխաւոր դէպքեր, որոնք կապ ունին Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութեան կատարման հետ

Ցուցակ մը, որ ցոյց կու տայ կարգ մը գլխաւոր դէպքեր, որոնք կապ ունին Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութեան կատարման հետ։ Ա) Ք.Ա. 1943. Աբրահամ աստղազարդ երկինքը կը դիտէ։ Բ) Ք.Ե. 29. Յիսուս սուրբ հոգիով կ’օծուի, Յովհաննէս զինք մկրտելէն ետք։ Գ) Պասեք՝ Ք.Ե. 33. Յիսուս տանջանքի ցիցը կը հանուի։ Դ) Պէնտէկոստէ՝ Ք.Ե. 33. «Որպէս թէ կրակէ լեզուներ» կ’երեւնան Քրիստոսի հետեւորդներուն գլուխներուն վրայ։ Ե) Շուրջ Ք.Ե. 1914. Յիսուս երկինքէն դուրս կը նետէ Սատանան եւ անոր դեւերը։ Զ) Հազարամեայ իշխանութիւնը վերջանալէն ետք. Սատանան եւ իր դեւերը կրակի լիճին մէջ կը ձգուին։
  1. Ա. Ք.Ա. 1943

    Աստուած կը սկսի կատարել իր այն խոստումը, որ Աբրահամի սերունդէն եղող մէկը պիտի դառնար խոստացուած սերունդին գլխաւոր մասը (Ծն. 12։1-3. 22։15-18)։

  2. Բ. Ք.Ե. 29

    Յիսուս կ’օծուի, դառնալով կնոջ սերունդին գլխաւոր մասը (Մատ. 3։16. Գաղ. 3։16)։

  3. Գ. ՊԱՍԵՔ՝ Ք.Ե. 33

    Յիսուսի գարշապարը կը խայթուի, բայց երեք օր ետք կ’ապաքինի (Մատ. 16։21. 26։1, 2)։

  4. Դ. ՊԷՆՏԷԿՈՍՏԷ՝ Ք.Ե. 33

    Ուրիշներ, որոնք կնոջ սերունդին մաս կը կազմեն, սուրբ հոգիով կ’օծուին (Գործք 2։1-4. Գաղ. 3։29)։

  5. Ե. ՇՈՒՐՋ 1914

    Սատանան երկինքէն վար կը ձգուի եւ կնոջ սերունդը աւելի կը հալածուի (Յայտ. 12։9, 12, 17)։

  6. Զ. ՀԱԶԱՐԱՄԵԱՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՋԱՆԱԼԷՆ ԵՏՔ

    Սատանան վերջնականապէս կը ջախջախուի (Յայտ. 20։7, 9, 10)։

ԱՅՍ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ՕԳՏՈՒԻՆՔ

13. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք այս մարգարէութեան կատարումէն։

13 Եթէ Աստուծոյ նուիրուած ծառայ մըն ես, դուն այս մարգարէութեան կատարումէն կ’օգտուիս։ Յիսուս երկիր եկաւ որպէս մարդ արարած։ Ան կատարելապէս ընդօրինակեց իր Հօր անձնաւորութիւնը (Յովհ. 14։9)։ Ուստի, Յիսուսին մասին սորվելով, մենք կրցած ենք Եհովա Աստուածը ճանչնալ ու սիրել։ Նաեւ օգտուած ենք Յիսուսի սորվեցուցածներէն եւ այն կերպէն, որով ներկայիս քրիստոնէական ժողովքը կ’առաջնորդէ։ Ան մեզի սորվեցուցած է ապրիլ այնպիսի կերպով մը, որ Եհովային հաճութիւնը ունենանք։ Եւ Յիսուսի մեռնիլը,– կամ գարշապարը խայթուիլը,– բոլորիս կ’օգտէ։ Ինչպէ՞ս։ Երբ Յիսուս յարութիւն առաւ, Եհովան ընդունեց անոր կատարեալ զոհը, որ «մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ» (Ա. Յովհ. 1։7)։

14. Ինչպէ՞ս գիտենք, որ Եդեմին մէջ Եհովայի տուած մարգարէութիւնը անմիջապէս չկատարուեցաւ. բացատրէ։

14 Եդեմին մէջ Եհովայի ըսած խօսքը ցոյց տուաւ, որ ժամանակ պէտք էր անցնէր, մինչեւ որ այդ մարգարէութիւնը լիովին կատարուէր։ Ժամանակ պիտի առնէր, մինչեւ որ կինը խոստացուած սերունդը մէջտեղ բերէր, Սատանան հետեւորդներ հաւաքէր եւ երկու խումբերուն միջեւ թշնամութիւն (կամ ատելութիւն) զարգանար։ Այս մարգարէութիւնը հասկնալով կ’օգտուինք, քանի որ անիկա մեզ կը զգուշացնէ որ Սատանայի իշխանութեան տակ գտնուող աշխարհը Եհովայի ծառաները պիտի ատէ։ Եդեմի մարգարէութենէն բաւական ժամանակ ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն այսպիսի զգուշացում տուաւ (Մար. 13։13. Յովհ. 17։14)։ Մենք մարգարէութեան այդ մասին կատարումը մեր աչքով տեսած ենք, մանաւանդ վերջին 100 տարուան ընթացքին։ Ինչպէ՞ս։

15. Ինչո՞ւ Սատանային աշխարհը որեւէ ժամանակէ աւելի մեզ կ’ատէ, բայց ինչո՞ւ պատճառ չունինք Սատանայէն վախնալու։

15 1914–ին Յիսուս Մեսիական Թագաւոր ըլլալէ կարճ ժամանակ ետք, Սատանան երկինքէն վար ձգուեցաւ եւ կործանումի դատապարտուած է (Յայտ. 12։9, 12)։ Բայց ան ձեռքերը ծալած չի սպասեր։ Սատանան կատղած է եւ իր բարկութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ կը պարպէ (Յայտ. 12։13, 17)։ Անոր համար, Սատանայի աշխարհը որեւէ ժամանակէ աւելի կ’ատէ Աստուծոյ ժողովուրդը։ Բայց մենք պատճառ չունինք վախնալու Սատանայէն եւ անոր հետեւորդներէն։ Փոխարէնը, ունինք այն նոյն համոզումը, որ Պօղոս առաքեալ ունէր, երբ գրեց. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ» (Հռով. 8։31)։ Կրնանք Եհովայի հանդէպ կատարեալ վստահութիւն ունենալ, քանի որ՝ ինչպէս որ տեսանք, Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութեան մեծ մասը արդէն կատարուած է։

16-18. Քերթիս, Ուրսուլա եւ Ճեսիքա ինչպէ՞ս օգտուած են Ծննդոց 3։15–ը հասկնալով։

16 Եհովային խոստումը, որ գրուած է Ծննդոց 3։15–ին մէջ, կրնայ մեզի օգնել որեւէ դժուարութեան հետ գլուխ ելլելու։ Կուամի մէջ որպէս միսիոնար ծառայող Քերթիս կ’ըսէ. «Ատեններ, ունեցած եմ դժուարութիւններ եւ յուսախաբութիւններ, որոնք Եհովային հանդէպ նուիրուածութիւնս փորձած են։ Բայց Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութեան վրայ խոկալը ինծի օգնած է, որ շարունակեմ երկնաւոր Հօրս վստահիլ»։ Քերթիս կը սպասէ այն օրուան, երբ Եհովան մեր բոլոր դժուարութիւններուն վերջ պիտի դնէ։

17 Պավարիոյ մէջ, Ուրսուլա անունով քոյր մը կ’ըսէ, որ Ծննդոց 3։15–ը հասկնալը իրեն օգնեց համոզուելու թէ Սուրբ Գիրքը Աստուծմէ ներշնչուած է։ Ան տեսաւ, թէ ինչպէ՛ս միւս բոլոր մարգարէութիւնները կապ ունին այս մարգարէութեան հետ եւ ասիկա զինք խորապէս տպաւորեց։ Ան նաեւ կ’ըսէ. «Շա՜տ ազդուեցայ, երբ գիտցայ որ Եհովան անմիջապէս քայլեր առաւ, որ մարդկութիւնը անյոյս չձգէ»։

18 Միքրոնեզիայէն եղող Ճեսիքան կ’ըսէ. «Տակաւին կը յիշեմ թէ ի՛նչ զգացի, երբ անդրադարձայ որ ճշմարտութիւնը գտած եմ։ Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութիւնը իրապէս կը կատարուէր։ Ասիկա ինծի կ’օգնէ յիշելու, որ մեր ապրած կեանքը իսկական կեանքը չէ։ Այս մարգարէութիւնը նաեւ զօրացուցած է հաւատքս, որ Եհովային ծառայելով կրնամ լաւագոյն կեանքը ունենալ հիմա՛ եւ նոյնիսկ աւելի լաւ կեանք՝ ապագային»։

19. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ մարգարէութեան վերջին մասն ալ պիտի կատարուի։

19 Ինչպէս տեսանք, Ծննդոց 3։15–ը հիմա կը կատարուի։ Կնոջ սերունդին եւ օձին սերունդին ո՛վ ըլլալը յայտնի եղած է։ Յիսուս՝ կնոջ սերունդին գլխաւոր մասը, իր գարշապարի խայթոցէն ապաքինեցաւ եւ հիմա փառաւոր ու անմահ Թագաւոր է։ Հիմա Եհովան ընտրած է գրեթէ բոլոր անոնք, որոնք իր Որդիին հետ պիտի իշխեն երկինքի մէջ։ Որովհետեւ մարգարէութեան առաջին մասը կատարուած է, ամէն պատճառ ունինք վստահ ըլլալու, որ վերջին մասն ալ՝ այսինքն օձին գլուխին ջախջախուիլն ալ, պիտի կատարուի։ Աստուծոյ ծառաները որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլան, երբ Սատանան բնաջնջուի։ Մինչ այդ, մի՛ յանձնուիր։ Մեր Աստուածը վստահելի է։ Կնոջ սերունդին միջոցաւ ան անհամար օրհնութիւններ պիտի բերէ ‘երկրի բոլոր ազգերուն’ (Ծն. 22։18)։

ԿՐՆԱ՞Ս ԲԱՑԱՏՐԵԼ ԾՆՆԴՈՑ 3։15–Ի ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ

  • Որո՞նք են օձն ու իր սերունդը, եւ կինն ու իր սերունդը։

  • Այս մարգարէութիւնը մինչեւ հիմա ինչպէ՞ս կատարուած է։

  • Անձնապէս ինչպէ՞ս օգտուած ես այս մարգարէութեան կատարումէն։

ԵՐԳ 30 Եհովան կը սկսի թագաւորել

a Չենք կրնար Աստուածաշունչի պատգամը լիովին հասկնալ, եթէ չհասկնանք այն մարգարէութիւնը, որ գրուած է Ծննդոց 3։15–ին մէջ։ Այս մարգարէութիւնը սերտելով, Եհովային հանդէպ մեր հաւատքը կրնայ զօրանալ եւ մեր համոզումը կրնայ աւելնալ, որ ան իր բոլոր խոստումները պիտի կատարէ։

b Տե՛ս «Աստուածաշունչին պատգամը» յօդուածը՝ Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց գրքոյկին մէջ։

c Տե՛ս «Ծննդոց 3։14, 15–ի անձնաւորութիւնները» շրջանակը։

d Տե՛ս «Կարգ մը գլխաւոր դէպքեր, որոնք կապ ունին Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութեան կատարման հետ» շրջանակը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել