ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 51
Նեղութեան ատեն կրնաս խաղաղութիւն ունենալ
«Սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ» (ՅՈՎՀ. 14։27)։
ԵՐԳ 76 Տէր Եհովան խաղաղութեան Աստուածն է
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa
1. Ի՞նչ է «Աստուծոյ խաղաղութիւնը», եւ զայն ունենալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։
ԿԱՅ խաղաղութեան տեսակ մը, որուն աշխարհը ծանօթ չէ։ Ատիկա «Աստուծոյ խաղաղութիւն»ն է՝ այն հանդարտութիւնը, որ անհատը կ’ունենայ, քանի որ մեր երկնաւոր Հօր հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունի։ Երբ Աստուծոյ խաղաղութիւնը ունինք, ապահով կը զգանք (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Զինք սիրողներուն հետ մտերիմ բարեկամութիւններ կ’ունենանք։ Եւ ‘խաղաղութեան Աստուծոյ’ հետ ջերմ ու մտերիմ փոխյարաբերութիւն կը վայելենք (Ա. Թես. 5։23)։ Երբ մեր Հայրը կը ճանչնանք, իրեն կը վստահինք ու կը հնազանդինք, իր խաղաղութիւնը կրնայ հանդարտեցնել մեր սիրտը, երբ մտահոգիչ պարագայի մը մէջ ենք։
2. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ կարելի է որ Աստուծոյ խաղաղութիւնը ունենանք։
2 Իրապէս կարելի՞ է որ Աստուծոյ խաղաղութիւնը ունենանք, երբ նեղութեան մը մէջ ենք, ինչպէս երբ հիւանդութիւն մը կը տարածուի, աղէտ մը կը հարուածէ, քաղաքային խռովութիւն կ’ըլլայ կամ հալածանք կ’ունենանք։ Այս նեղութիւններէն որեւէ մէկը կրնայ մեզ շատ վախցնել։ Բայց Յիսուս իր հետեւորդները խրատեց. «Սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ» (Յովհ. 14։27)։ Ուրախ ենք, որ եղբայրներ ու քոյրեր Յիսուսի այս խրատին հետեւած են։ Եհովայի օգնութեամբ, անոնք կրցած են դժուար պարագաներու ներքեւ խաղաղութիւն ունենալ։
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԳՏՆԵԼ ԵՐԲ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՏԱՐԱԾՈՒԻ
3. Ինչպէ՞ս համաճարակ մը կամ համավարակ մը կրնայ մեր խաղաղութիւնը խանգարել։
3 Համաճարակ մը կամ համավարակ մը կրնայ կեանքի ամէն մէկ մարզին մեծապէս ազդել։ Նկատի առ թէ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը ի՛նչ ազդեցութիւն ձգեց շատերու վրայ։ Աշխատասիրութեան մը մէջ, մարդոց կէսէն աւելին ըսին որ այդ համավարակին ընթացքին քունի խանգարում ունեցան։ Համավարակը պատճառ եղաւ որ աւելնան՝ մտահոգութիւնը, ընկճուածութիւնը, ալքոլի եւ թմրեցուցիչի չարաշահումը, ընտանիքի մէջ բռնութիւնը եւ անձնասպանութեան փորձերը։ Եթէ ապրած շրջանիդ մէջ հիւանդութիւն մը տարածուի, ինչպէ՞ս կրնաս մտահոգութիւնդ հակակշռի տակ պահել եւ Աստուծոյ հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւն ունենալ։
4. Ինչո՞ւ վերջին օրերու մասին Յիսուսի մարգարէութիւնը գիտնալը մեզի խաղաղութիւն կու տայ։
4 Յիսուս մարգարէացաւ որ վերջին օրերուն ընթացքին, «տեղ տեղ» մահտարաժամներ, այսինքն՝ համաճարակներ, պիտի ըլլային (Ղուկ. 21։11)։ Ատիկա գիտնալը մեզի ինչպէ՞ս խաղաղութիւն կու տայ։ Մենք չենք զարմանար որ հիւանդութիւններ կը տարածուին, հապա կը գիտակցինք որ դէպքերը կը պատահին այնպէս, ինչպէս Յիսուս ըսած էր։ Ուրեմն, մենք լաւ պատճառ ունինք հետեւելու Յիսուսի խրատին, որ տուաւ վերջին ժամանակին մէջ ապրողներուն, ըսելով. «Զգո՛յշ կեցէք որ չխռովիք» (Մատ. 24։6)։
Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ձայնագրութիւնները մտիկ ընելը կրնայ քեզի օգնել, որ հիւանդութիւն մը տարածուելու պարագային մտքի խաղաղութիւն ունենաս (տե՛ս պարբ. 5)
5. ա) Ըստ Փիլիպպեցիս 4։8, 9–ին, ինչի՞ համար պէտք է աղօթենք, երբ հիւանդութիւն մը կը տարածուի։ բ) Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ձայնագրութիւնները մտիկ ընելը քեզի ինչպէ՞ս կ’օգտեն։
5 Երբ հիւանդութիւն մը տարածուի, դիւրաւ կրնանք անապահով զգալ եւ վախնալ։ Տէզիb անունով քրոջ մը հետ այդպէս պատահեցաւ։ Իր հօրեղբայրը, մեծ–հօրեղբօր տղան եւ բժիշկը ՔՈՎԻՏ–19–ին պատճառով մեռնելէն ետք, ան վախցաւ որ ինքն ալ վարակուի եւ հիւանդութիւնը փոխանցէ իր տարեց մօր։ Ատկէ զատ, համավարակին պատճառով, ան նաեւ վախցաւ որ իր գործը կորսնցնէ եւ սկսաւ մտահոգուիլ թէ ինչպէ՛ս տունին եւ ուտելիքին ծախսերը պիտի գոցէ։ Ան այս բաներով այնքա՛ն մտահոգուեցաւ, որ իր քունը կորսնցուց։ Բայց Տէզին վերագտաւ իր խաղաղութիւնը։ Ինչպէ՞ս։ Ան Եհովային մասնաւորաբար աղօթեց, որ իրեն օգնէ հանդարտ ըլլալու եւ դրական կերպով մտածելու (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։8, 9)։ Ան Եհովային «ձայնը» մտիկ կ’ընէր Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ձայնագրութիւններուն միջոցաւ։ «Կարդացողներուն հանդարտ ձայները մտահոգութիւնս պակսեցուցին եւ ինծի յիշեցուցին, որ Եհովան ինծի հոգ կը տանի» (Սաղ. 94։19)։
6. Անձնական սերտողութիւնը եւ ժողովներու ներկայ գտնուիլը ինչպէ՞ս քեզի պիտի օգնեն։
6 Երբ հիւանդութիւն մը տարածուի, միշտ կարելի չըլլար որ ընես այն բաները, որոնք առաջ կ’ընէիր։ Բայց թոյլ մի՛ տար որ անիկա խանգարէ անձնական սերտողութիւնդ կամ ժողովներու ներկայ գտնուիլդ։ Մեր հրատարակութիւններուն եւ վիտէօներուն մէջի փորձառութիւնները քեզի պիտի յիշեցնեն, որ եղբայրներդ ու քոյրերդ այս տեսակ դժուարութիւններու մէջ իրենց ուղղամտութիւնը կը պահեն (Ա. Պետ. 5։9)։ Իսկ ժողովները քեզի պիտի օգնեն, որ միտքդ լեցնես սուրբգրային դրական գաղափարներով։ Ժողովները նաեւ քեզի առիթ պիտի տան, որ ուրիշներուն քաջալերես եւ իրենցմով քաջալերուիս (Հռով. 1։11, 12)։ Երբ կը մտածես թէ Եհովան ինչպէ՛ս զինք պաշտողներուն օգնած է, երբ անոնք հիւանդ էին, կը վախնային կամ առանձին էին, հաւատքդ պիտի զօրանայ եւ պիտի համոզուիս, որ ան քեզի ալ պիտի օգնէ։
7. Ի՞նչ կրնաս սորվիլ Յովհաննէս առաքեալէն։
7 Եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ կապի մէջ մտիր։ Հիւանդութեան մը տարածուելուն պատճառաւ, թերեւս ստիպուինք ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահել, նոյնիսկ երբ անոնց հետ ենք։ Այդպիսի պարագայի, թերեւս Յովհաննէս առաքեալին պէս զգաս, որ ուզեց իր բարեկամ Գայիոսը դէմ առ դէմ տեսնել (Գ. Յովհ. 13, 14)։ Բայց Յովհաննէս գիտէր որ այդ ատեն զինք չէր կրնար տեսնել։ Անոր համար Յովհաննէս ըրաւ ինչ որ ձեռքէն կու գար. նամակ գրեց Գայիոսին։ Եթէ չես կրնար միշտ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ անձամբ այցելել, փորձէ անոնց հետ կապի մէջ մտնել հեռաձայնով, վիտէոյով կամ ելեկտրոնային մէսըճներով։ Երբ հաւատակիցներուդ հետ կապի մէջ ըլլաս, աւելի ապահով եւ խաղաղ պիտի զգաս։ Իսկ եթէ չափէ դուրս կը մտահոգուիս, երէցներուն դիմէ եւ անոնցմէ քաջալերութիւն ստացիր (Եսա. 32։1, 2)։
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԳՏՆԵԼ ԱՂԷՏԻ ԱՏԵՆ
8. Աղէտ մը թերեւս ինչպէ՞ս խաղաղութիւնդ խանգարէ։
8 Եթէ շրջանիդ մէջ ջրհեղեղ կամ երկրաշարժ եղած է, կամ շրջանդ կրակ առած է, կրնայ ըլլալ որ աղէտէն երկար ժամանակ ետք տակաւին մտահոգութեան զգացումներդ մնացած են։ Իսկ եթէ սիրելիներ կամ ստացուածքներ կորսնցուցիր, թերեւս շատ տխրեցար, յոյսդ կորսնցուցիր կամ նոյնիսկ ջղայնացար։ Ասիկա չի նշանակեր որ դուն նիւթապաշտ ես, կամ հաւատքդ կորսնցուցած ես։ Դուն դժուար պարագայէ անցար եւ ոմանք պիտի ակնկալեն որ ժխտական կերպով հակազդես (Յոբ 1։11)։ Բայց հակառակ այս նեղացուցիչ պարագաներուն, տակաւին կրնաս խաղաղութիւն գտնել։ Ինչպէ՞ս։
9. Յիսուս մեզ ինչպէ՞ս աղէտներու նկատմամբ նախապատրաստեց։
9 Միտքդ բեր Յիսուսին մարգարէութիւնները։ Թէեւ աշխարհին մէջ կան ոմանք, որոնք կը կարծեն թէ իրենց բնա՛ւ աղէտ մը պիտի չպատահի, բայց մենք կ’ակնկալենք որ աւերիչ դէպքերը պիտի շատնան եւ թէ ատոնցմէ ոմանք մեզի ալ կրնան ազդել։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ, որ «մեծ երկրաշարժներ» եւ ուրիշ աղէտներ պիտի ըլլային վերջը գալէն առաջ (Ղուկ. 21։11)։ Ան նաեւ մարգարէացաւ որ ‘անօրէնութիւնը պիտի շատնար’, ինչ որ այսօր կը տեսնենք, օրինակ կը տեսնենք չարագործութիւններ, բռնութիւն եւ ահաբեկչութիւն (Մատ. 24։12)։ Յիսուս չըսաւ որ այդ ցաւալի բաները պիտի պատահէին միայն անոնց, որոնք Եհովան մերժած են։ Իրականութեան մէջ, Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն շատեր աղէտներու զոհ գացած են (Եսա. 57։1. Բ. Կոր. 11։25)։ Եհովան թերեւս մեզ հրաշքով չպաշտպանէ բոլոր աղէտներէն, բայց մեզի պիտի տայ պէտք եղածը, որպէսզի մնանք հանդարտ եւ խաղաղ։
10. Ինչո՞ւ աղէտի մը համար հիմակուընէ պատրաստուիլը ցոյց կու տայ որ հաւատք ունինք (Առակաց 22։3)։
10 Մեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ աղէտի ատեն հանդարտ մնալ, եթէ ատոր համար առաջուընէ պատրաստուած ենք։ Բայց պատրաստուիլը կը նշանակէ՞ որ մենք Եհովային հանդէպ հաւատք չունինք։ Ընդհակառա՛կը։ Աղէտի մը համար նախապատրաստուիլը ցոյց կու տայ, որ մենք հաւատք ունինք որ Եհովան կարող է մեզի հոգ տանիլ։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ որ աղէտներու համար նախապատրաստուինք (կարդա՛ Առակաց 22։3)։ Եւ պարբերաթերթերու յօդուածներու, ժողովներու եւ ժամանակայարմար ծանուցումներու միջոցաւ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը կրկին անգամ մեզ քաջալերած է, որ անակնկալ աղէտի համար նախապէս պատրաստուինքc։ Մենք Եհովային կը վստահի՞նք։ Եթէ այո՛, այդ խրատին հիմա պիտի հետեւինք՝ առաջ որ աղէտ մը հարուածէ։
Առաջուընէ պատրաստուիլը կրնայ քեզի օգնել որ աղէտէ մը ազատիս (տե՛ս պարբ. 11)d
11. Ի՞նչ կը սորվիս Մարկրէթի օրինակէն։
11 Նկատի առ Մարկրէթ անունով քրոջ մը փորձառութիւնը։ Կառավարութիւնը ծանուցանեց որ մարդիկ պէտք էր իրենց տուները ձգէին, քանի որ իրենց շրջանը կրակ առած էր։ Քանի որ շատեր փորձեցին իրենց տուներէն փախչիլ, շատ մեծ խճողում եղաւ եւ ճամբաները գոցուեցան։ Օդը սեւ ծուխով լեցուեցաւ եւ Մարկրէթ ստիպուեցաւ որոշ ժամանակ իր ինքնաշարժին մէջ մնալ։ Բայց ան ողջ մնաց, քանի որ նախապէս պատրաստուած էր։ Իր պայուսակին մէջ ան քարտէս մը կը պահէր, որուն օգնութեամբ կրցաւ շրջանէն դուրս ելլել։ Ան նոյնիսկ այդ ճամբով նախապէս քշած էր, որպէսզի կարենար անակնկալ պարագայի՝ դիւրաւ ճամբան գտնել։ Մարկրէթ ազատեցաւ, քանի որ պատրաստուած էր։
12. Ինչո՞ւ կը հետեւինք մեր ապահովութեան համար տրուած ուղղութիւններուն։
12 Մեզ պաշտպանելու եւ կարգապահութիւն պահելու նպատակով, իշխանութիւնները թերեւս մեզմէ խնդրեն որ տունը մնանք, տունէն հեռանանք, կամ ուրիշ գործնական քայլեր առնենք։ Ոմանք այս ուղղութիւններուն չեն հնազանդիր, քանի որ չեն ուզեր իրենց ունեցածները ձգել ու քալել։ Քրիստոնեաները ի՞նչ կ’ընեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Հնազանդ եղէ՛ք ամէն մարդկային հեղինակութեան Տէրոջը համար, թէ՛ թագաւորին՝ որ բարձրագոյն հեղինակութիւնն է, թէ՛ կուսակալներուն՝ անոր կողմէն ղրկուածներու պէս» (Ա. Պետ. 2։13, 14)։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ կազմակերպութիւնն ալ մեզի ուղղութիւններ կու տայ, որպէսզի ապահով մնանք։ Միշտ մեզի յիշեցումներ կը տրուին որ երէցներուն տանք մեր հեռաձայնի թիւն ու հասցէն, որպէսզի անոնք կարենան անակնկալ պարագայի մը մեզի հետ կապ պահել։ Դուն այդպէս ըրա՞ծ ես։ Թերեւս նաեւ ուղղութիւններ ստանանք տունը մնալու, տունէն հեռանալու, աղէտէ տուժածներուն տրուած օգնութիւնը ստանալու կամ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ ուրիշներուն օգնելու վերաբերեալ։ Եթէ չհնազանդինք, կրնանք մեր եւ երէցներուն կեանքը վտանգի տակ դնել։ Յիշէ թէ այս հաւատարիմ տղամարդիկը մեր վրայ կը հսկեն (Եբ. 13։17)։ Մարկրէթ ըսաւ. «Լիովին համոզուած եմ որ երէցներուն եւ կազմակերպութեան տուած ուղղութիւններուն հնազանդիլը կեանքս ազատեց»։
13. Ի՞նչ բան շատ մը տեղահանուած քրիստոնեաներու ուրախութիւն ու խաղաղութիւն տուած է։
13 Պատերազմի կամ քաղաքային խռովութիւններու պատճառաւ տեղահանուած շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր իրենց լաւագոյնը ըրած են, որ նոր պարագային յարմարին եւ անմիջապէս մասնակցած են աստուածպետական գործունէութիւններու։ Առաջին դարու քրիստոնեաներուն պէս, որոնք ցիրուցան եղած էին հալածանքի պատճառաւ, անոնք կը շարունակեն ‘խօսքը քարոզել’ (Գործք 8։4)։ Քարոզելը անոնց օգնած է, որ Թագաւորութեան վրայ կեդրոնանան, եւ ոչ թէ դժուար պարագաներու։ Եւ այդպէս, անոնք կրցած են իրենց ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանել։
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԳՏՆԵԼ ԵՐԲ ԿԸ ՀԱԼԱԾՈՒԻՆՔ
14. Հալածանքը ինչպէ՞ս կրնայ մեր խաղաղութիւնը խանգարել։
14 Հալածանքը կրնայ մեզմէ խլել շատ մը բաներ, որոնք ընդհանրապէս մեզի կ’օգնեն, որ խաղաղ զգանք։ Մենք կ’ուրախանանք եւ գոհունակ կը զգանք, երբ միասին կը հաւաքուինք, ազատօրէն կը քարոզենք, եւ մեր առօրեայ գործունէութիւնները կ’ընենք, առանց վախնալու որ պիտի ձերբակալուինք։ Երբ այս ազատութիւնները մեզմէ առնուին, կրնանք մտահոգ զգալ, վախնալով թէ ասկէ ետք ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Բնական է որ այսպէս զգանք։ Բայց պէտք է զգոյշ ըլլանք։ Յիսուս ցոյց տուաւ, որ հալածանքը կրնար պատճառ ըլլալ, որ իր հետեւորդները գայթակղէին (Յովհ. 16։1, 2)։ Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնանք խաղաղ մնալ, երբ կը հալածուինք։
15. Ինչո՞ւ պէտք չէ հալածանքէն վախնանք (Յովհաննէս 15։20. 16։33)։
15 Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ. «Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն» (Բ. Տիմ. 3։12)։ Անտրէյ անունով եղբօր մը համար դժուար էր ընդունիլ այդ գաղափարը, երբ իր երկրին մէջ մեր գործը արգիլուեցաւ։ Ան տրամաբանեց. ‘Հոս շատ Վկաներ կան։ Չի կրնար ըլլալ որ կառավարութիւնը մեզ բոլորս բանտը նետէ’։ Բայց փոխանակ այս մտածումը Անտրէյին մտքի խաղաղութիւն տալու, իրեն շարունակ մտահոգութիւն կը պատճառէր։ Մինչդեռ ուրիշ եղբայրներ հարցը Եհովային ձեռքը ձգած էին։ Եւ չէին փորձեր ինքզինքնին համոզել, որ կրնային չբանտարկուիլ։ Անոնք կը գիտակցէին, որ կրնային ձերբակալուիլ։ Բայց Անտրէյին չափ մտահոգ չէին։ Անոր համար, ան որոշեց զիրենք ընդօրինակել եւ լիովին Եհովային վստահիլ։ Շուտով ան խաղաղութիւն զգաց եւ այժմ ուրախ է հակառակ դժուարութիւններուն։ Նոյնը կրնանք ըսել մեր մասին։ Ճիշդ է որ Յիսուս ըսաւ թէ պէտք է ակնկալենք որ հալածանք ըլլայ, բայց նաեւ մեզ վստահեցուց որ կրնա՛նք հաւատարիմ մնալ (կարդա՛ Յովհաննէս 15։20. 16։33)։
16. Ի՞նչ ուղղութեան պէտք է հնազանդինք, երբ հալածանքի մէջ ենք։
16 Երբ մեր գործը արգիլուած կամ սահմանափակուած է, թերեւս մեզի ուղղութիւններ տրուին մասնաճիւղին եւ երէցներուն կողմէ։ Ատոնց նպատակն է մեզ պաշտպանել, վստահ ըլլալ որ շարունակ հոգեւոր սնունդ կը ստանանք, եւ մեզի օգնել որ շարունակենք կարելի եղածին չափ քարոզել։ Ամէն ջանք ըրէ, որ տրուած ուղղութեան հնազանդիս, նոյնիսկ եթէ լիովին չես հասկնար թէ ինչո՛ւ ատիկա տրուած է (Յակ. 3։17)։ Ասկէ զատ, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մասին կամ ժողովքային գործունէութիւններու մասին տեղեկութիւններ բնաւ մի՛ ըսեր անոնց, որոնք իրաւունք չունին գիտնալու (Ժող. 3։7)։
Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ խաղաղութիւն ունենաս նոյնիսկ դժուար ժամանակներու (տե՛ս պարբ. 17)e
17. Առաջին դարու առաքեալներուն պէս, վճռած ենք ի՞նչ ընել։
17 Պատճառներէն մէկը թէ ինչո՛ւ Սատանան Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ կը պատերազմի, այն է որ անոնք ‘Յիսուսին վկայութիւնը ունին’ (Յայտ. 12։17)։ Թոյլ մի՛ տար որ Սատանան եւ իր աշխարհը քեզ վախցնեն։ Երբ հակառակ հալածանքին կը քարոզենք ու կը սորվեցնենք, ուրախութիւն ու խաղաղութիւն կը գտնենք։ Օրինակ, երբ առաջին դարուն հրէական իշխանութիւնները առաքեալներուն պատուիրեցին, որ քարոզելէ դադրին, այդ հաւատարիմ տղամարդիկը որոշեցին Աստուծոյ հնազանդիլ։ Անոնք շարունակեցին քարոզել, եւ այդ գործը իրենց ուրախութիւն բերաւ (Գործք 5։27-29, 41, 42)։ Անշուշտ երբ մեր գործը սահմանափակուած է, քարոզելու ատեն պէտք է իմաստուն ըլլանք (Մատ. 10։16)։ Բայց եթէ մեր լաւագոյնը ընենք, պիտի ունենանք այն խաղաղութիւնը, որ կու գայ Եհովան հաճեցնելէն եւ փրկարար պատգամ մը բաժնելէն։
«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԸ ՁԵԶԻ ՀԵՏ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ»
18. Ո՞վ կրնայ մեզի տալ իսկական խաղաղութիւն։
18 Վստահ եղիր որ նոյնիսկ ամենադժուար ժամանակներուն, մենք կրնա՛նք խաղաղութիւն ունենալ։ Այդպիսի պարագաներու, պէտք է յիշենք, որ մենք պէտք ունինք Աստուծոյ խաղաղութեան, այսինքն՝ այն խաղաղութիւնը, որ միայն Եհովան կրնայ տալ մեզի։ Անոր համար իրեն վստահէ, երբ հիւանդութիւն մը տարածուի, աղէտ մը հարուածէ, կամ հալածանք ըլլայ։ Իր կազմակերպութեան մօտիկ մնացիր։ Եւ կեդրոնացիր այն հոյակապ ապագային վրայ, որ քեզի կը սպասէ։ Մինչ այդպէս կ’ընես, ‘խաղաղութեան Աստուածը քեզի հետ պիտի ըլլայ’ (Փլպ. 4։9)։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք օգնել հաւատակիցներու, որոնք դժուարութիւններէ կ’անցնին, որ Աստուծոյ խաղաղութիւնը ունենան։
ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ
a Եհովան կը խոստանայ, որ զինք սիրողներուն խաղաղութիւն պիտի տայ։ Ան ի՞նչ տեսակ խաղաղութիւն կու տայ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զայն ունենալ։ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» ունենալը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, երբ հիւանդութիւն մը տարածուի, աղէտներ ըլլան կամ հակառակութիւն դիմագրաւենք։ Այս յօդուածը այդ հարցումներուն պիտի պատասխանէ։
b Կարգ մը անուններ փոխուած են։
c Տե՛ս «Աղէտներէ ազատելու համար առնուելիք քայլեր» յօդուածը Զարթի՛ր–ի 2017–ի թիւ 5–ին մէջ (արաբ.)։
d ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյր մը, որ նախապէս պատրաստուած է տունէն փախչելու։
e ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը, որ կ’ապրի ուր մեր գործը սահմանափակուած է, կը շարունակէ իմաստուն կերպով վկայել։