ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Հաւատք ունի՞ս
Մենք պէտք է հաւա՛տք ունենանք, որ Եհովան հաճեցնենք։ Բայց Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ «ամէնքը հաւատք չունին» (Բ. Թես. 3։2)։ Երբ Պօղոս առաքեալ ասիկա ըսաւ, ան կը խօսէր «անիրաւ ու չար մարդոց» մասին, որոնք զինք կը հալածէին։ Բայց իր ըսածը ուրիշ մարդոց ալ կը կիրարկուի։ Կարգ մը մարդիկ չեն ընդունիր, թէ Աստուած մը կայ, որ ամէն բան ստեղծած է (Հռով. 1։20)։ Ուրիշներ կը հաւատան որ մարդոցմէ աւելի զօրաւոր բան մը կամ անձ մը կայ։ Բայց այսպիսի հաւատք բաւարար չէ որ Եհովան հաճեցնեն։
Մենք պէտք է համոզուած ըլլանք, որ Աստուած կայ եւ կը վարձատրէ զանոնք, որոնք իրեն հանդէպ իսկական հաւատք ունին (Եբ. 11։6)։ Այսպիսի հաւատք ունենալու համար սուրբ հոգիին պէտք ունինք։ Եւ սուրբ հոգին ստանալու համար պէտք է ատիկա աղօթքով խնդրենք Աստուծմէ (Ղուկ. 11։9, 10, 13)։ Ուրիշ կարեւոր կերպ մըն ալ կայ որ սուրբ հոգի ստանանք. Սուրբ Գիրքը կարդալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սուրբ Գիրքը գրողները սուրբ հոգիին ազդեցութեան տակ գրեցին զայն։ Երբ Սուրբ Գիրքին մէջ մեր կարդացած բաներուն մասին մտածենք եւ փորձենք զանոնք գործադրել, Եհովային սուրբ հոգին կրնայ մեր կեանքին ազդել եւ մեզի օգնել, որ ունենանք այնպիսի հաւատք մը, որ Եհովան կը հաճեցնէ։