Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ24 Սեպտեմբեր էջ 32
  • Տես թէ Եհովա՛ն ինչ կ’ուզէ սորվեցնել քեզի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Տես թէ Եհովա՛ն ինչ կ’ուզէ սորվեցնել քեզի
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովան իր ժողովուրդին հոգ կը տանի
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Լիովին օգտուէ Եհովային ըրած կարգադրութիւններէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ուսումնասիրելը Վարձահատոյց Է
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Թագաւորական օրինակին հետեւեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
դ24 Սեպտեմբեր էջ 32

ՍԵՐՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

Տես թէ Եհովա՛ն ինչ կ’ուզէ սորվեցնել քեզի

Մինչ կը պատրաստուինք սերտելու, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Ի՞նչ կ’ակնկալեմ սորվիլ’։ Բայց պէտք է մեր միտքը պահենք, որ նոյնիսկ եթէ կ’ակնկալենք որոշ բան մը սորվիլ, թերեւս Եհովան կ’ուզէ ուրիշ բան մըն ալ սորվեցնել մեզի։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք տեսնել թէ Եհովա՛ն ինչ կ’ուզէ սորվեցնել մեզի։

Աղօթքով իմաստութիւն խնդրէ՛։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ հասկնալու որ ինք ինչ կ’ուզէ որ հիմա սորվիս (Յակ. 1։5)։ Մի բաւարարուիր գիտցածներովդ (Առ. 3։5, 6)։

Ձգէ՛ որ Սուրբ Գիրքը ազդէ կեանքիդ։ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է» (Եբ. 4։12)։ Աստուծոյ ապրող խօսքը կրնայ տարբեր–տարբեր կերպերով մեր վրայ ազդել, ամէն անգամ որ զայն կը կարդանք։ Ասոր համար, կարեւոր է որ պատրաստ ըլլանք սորվելու ինչ որ Եհովա՛ն կ’ուզէ մեզի սորվեցնել։

Գնահատէ՛ ամէն ինչ որ Եհովան կը գործածէ քեզի սորվեցնելու համար։ Եհովային տուած հոգեւոր սնունդը կը նմանի ‘պարարտ բաներու կոչունքի’, կամ՝ համեղ կերակուրներու (Եսա. 25։6)։ «Կերակուր» մը մի՛ փախցներ, նոյնիսկ եթէ չես ակնկալեր որ զայն պիտի սիրես։ Այսպիսով, պիտի ձգես որ Աստուած քեզի օգնէ աւելի լաւ մէկը դառնալու, իսկ սերտելը՝ քեզի համար հաճելի բան մը պիտի դառնայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել