Ուսումնասիրելը Վարձահատոյց Է
ԲՆԱՒ մարդոց պտուղ ընտրելը դիտա՞ծ էք։ Շատեր անոնց գոյնին եւ չափին կը նային, անոնց հասունութիւնը որոշելու համար։ Ոմանք կը հոտոտան պտուղը։ Ուրիշներ կը ձեռնեն, նոյնիսկ՝ կը սեղմեն զայն։ Տակաւին ուրիշներ կը կշռեն զայն, իւրաքանչիւր ափին մէջ պտուղ մը դնելով, տեսնելու համար թէ ո՛ր մէկը աւելի ծանր է հիւթով։ Այս մարդոց մտքին մէջ ի՞նչ կայ։ Անոնք կարգ մը մանրամասնութիւններ կը քննեն, տարբերութիւնները կ’արժեւորեն, նախկին ընտրութիւնները կը յիշեն, եւ հիմա իրենց տեսածը կը բաղդատեն իրենց արդէն գիտցածին հետ։ Շատ հաճելի վարձատրութիւն մը կը սպասէ իրենց, քանի որ հարցը հոգածութեամբ ձեռք կ’առնեն։
Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելուն վարձատրութիւնները անշուշտ շա՛տ աւելի մեծ են։ Երբ այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը կարեւոր տեղ գրաւէ մեր կեանքին մէջ, մեր հաւատքը աւելի զօրաւոր, մեր սէրը աւելի խոր, մեր ծառայութիւնը աւելի արդիւնաբեր կ’ըլլայ, եւ մեր տուած որոշումները աւելի խորատեսութիւն ու աստուածային իմաստութիւն կ’ապացուցանեն։ Այսպիսի վարձատրութեանց մասին, Առակաց 3։15–ը կ’ըսէ. «Քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ»։ Այսպիսի վարձատրութիւններ կը վայելէ՞ք։ Ազդակներէն մէկը ձեր ուսումնասիրելու կերպը կրնայ ըլլալ։—Կող. 1։9, 10
Խոկալու ժամանակ յատկացուցէք
Ուսումնասիրելը ինքնին ի՞նչ է։ Անիկա մակերեսային ընթերցանութիւն մը ընելէն աւելին է։ Անիկա կ’ընդգրկէ նիւթ մը ուշադիր կամ ընդարձակ կերպով նկատի առնելու համար ձեր մտային կարողութիւնը գործածել։ Անիկա կը պարփակէ ձեր ընթերցած նիւթը վերլուծել, զայն բաղդատել ձեր արդէն գիտցածին հետ, եւ տրուած գաղափարներուն համար պատճառաբանութիւնները նկատի առնել։ Երբ կ’ուսումնասիրէք, խոր կերպով մտածեցէք ձեզի նորութիւն եղող որեւէ գաղափարի մասին։ Նաեւ նկատի առէք թէ սուրբ գրային խրատը անձնապէս ի՛նչպէս կրնաք աւելի լման կերպով կիրարկել։ Որպէս Եհովայի Վկայ մը, պիտի ուզէք նաեւ խորհիլ թէ ի՛նչպէս կրնաք նիւթը գործածել ուրիշներու օգնելու համար։ Բացայայտ է որ ուսումնասիրելը խոկալ կը պարփակէ։
Շիտակ Մտավիճակ Ունենալ
Ձեր անձնական ուսումնասիրութենէն լիովին օգտուելու համար, ձեր սիրտը պատրաստեցէք
Երբ ուսումնասիրելու կը պատրաստուիք, կը հանէք, զոր օրինակ, ձեր Աստուածաշունչը, այն գրականութիւնները զորս կը մտածէք գործածել, մատիտ կամ գրիչ մը, եւ թերեւս նոթատետր մը։ Բայց ձեր սիրտն ալ կը պատրաստէ՞ք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Եզրաս «իր սիրտը պատրաստեց՝ որպէս զի Տէրոջը օրէնքը փնտռէ ու կատարէ ու օրէնքն ու կանոնները սորվեցնէ Իսրայէլին»։ (Եզրաս. 7։10) Սիրտը այս կերպով պատրաստելը ի՞նչ կը պարփակէ։
Աղօթքը կ’օգնէ որ շիտակ մօտեցում մը ունենանք Աստուծոյ Խօսքին ուսումնասիրութեան։ Կ’ուզենք որ մեր սիրտը, մեր ներքին անձնաւորութիւնը, Եհովայի տուած ուսուցումին ընդունակ ըլլայ։ Իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան նիստի սկիզբը, Եհովայէն իր հոգիին օգնութիւնը խնդրեցէք։ (Ղուկ. 11։13) Իրմէ օգնութիւն խնդրեցէք որ հասկնաք ձեր ուսումնասիրելիք նիւթին իմաստը, իր նպատակին հետ անոր ունեցած առնչութիւնը, բարին ու չարը զանազանելու մէջ անոր տալիք օգնութիւնը, ձեր կեանքին մէջ իր սկզբունքները կիրարկելու կերպը, եւ այդ նիւթին ունեցած ազդեցութիւնը իրեն հետ ձեր ունեցած յարաբերութեան վրայ։ (Առ. 9։10) Մինչ կ’ուսումնասիրէք, իմաստութիւն ‘խնդրեցէք Աստուծմէ’։ (Յակ. 1։5) Ձեր սորված բանին լոյսին տակ պարկեշտօրէն դուք ձեզ կշռադատեցէք, մինչ Եհովայէն օգնութիւն կը խնդրէք ձեր սխալ խորհուրդներէն կամ վնասակար ցանկութիւններէն ձերբազատուելու համար։ Միշտ ‘Եհովայի գոհութիւն’ տուէք իր յայտնած բաներուն համար։ (Սաղմ. 147։7) Ուսումնասիրութեան այսպիսի աղօթարար մօտեցում մը, Եհովայի հետ մեզ պիտի մտերմացնէ, քանի որ անիկա կարելի պիտի դարձնէ որ ընդառաջենք, մինչ մեզի կը խօսի իր Խօսքին ընդմէջէն։—Սաղմ. 145։18
Այսպիսի ընկալում Եհովայի ծառաները կը զատորոշէ ուրիշ աշակերտներէ։ Աստուածապաշտ չեղողներուն մէջ ժողովրդական դարձած է գրուած բանին վրայ կասկածիլ, կամ անոր հակառակիլ։ Բայց մենք այս կեցուածքը չենք որդեգրեր։ Մենք կը վստահի՛նք Եհովայի։ (Առ. 3։5-7) Եթէ բան մը չհասկնանք, սնապարծօրէն չենք եզրակացներ թէ սխալ մը կայ անոր մէջ։ Մինչ պատասխաններ գտնելու համար կը պրպտենք, Եհովայի կը սպասենք։ (Միք. 7։7) Եզրասի նման, մեր նպատակն է մեր սորվածին համաձայն վարուիլ ու զայն սորվեցնել։ Սրտի այսպիսի հակում ունենալով, մեր ուսումնասիրութենէն ճոխ վարձատրութիւն կը քաղենք։
Ի՛նչպէս Ուսումնասիրել
Փոխանակ առաջին պարբերութենէն սկսելով մինչեւ վերջը հասնելու, նախ ամբողջ յօդուածը կամ խնդրոյ առարկայ գլուխը աչքէ անցուցէք։ Սկիզբը՝ խորագրին բառերը վերլուծեցէք։ Ասիկա ձեր ուսումնասիրելիք նիւթին բնաբանը պիտի ըլլայ։ Ապա ուշադրութեամբ նկատի առէք թէ ենթագլուխները ի՛նչ կապ ունին բնաբանին հետ։ Յօդուածին ընկերակցող պատկերները, ցուցակները կամ ուսուցումի տուփերը քննեցէք։ Դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Այս առաջին ակնարկէն, ի՞նչ կ’ակնկալեմ սորվիլ։ Ի՞նչ կերպով անիկա արժէք մը պիտի ունենայ ինծի համար’։ Ասիկա ուղղութիւն պիտի տայ ձեր ուսումնասիրութեան։
Ձեր լեզուով մատչելի եղող պրպտումի գործիքներուն ծանօթացէք
Այժմ, իրողութիւններուն անցէք։ Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան նիւթերը եւ կարգ մը գիրքեր տպագրուած հարցումներ կը պարունակեն։ Մինչ իւրաքանչիւր պարբերութիւն կը կարդաք, պատասխանները նշելը օգտաւէտ է։ Նոյնիսկ երբ ուսումնասիրութեան հարցումներ չկան, դարձեալ կրնաք նշել այն կարեւոր կէտերը, զորս կ’ուզէք յիշել։ Եթէ միտք մը նոր է ձեզի համար, անոր քիչ մը աւելի ժամանակ յատկացուցէք, մինչեւ որ լաւ հասկնաք։ Զգուշութիւն ըրէք օրինակներուն կամ տրամաբանութեան եզրերուն, որոնք դաշտի ծառայութեան մէջ կրնան օգտակար ըլլալ ձեզի, կամ թերեւս ձեր յաջորդ ելոյթին մէջ կրնաք ներմուծել զանոնք։ Խորհեցէք որոշ անհատներու մասին, որոնց հաւատքը կրնայ զօրանալ, եթէ ձեր ուսումնասիրած նիւթը իրենց հետ բաժնէք։ Նշեցէք այն կէտերը զորս կ’ուզէք գործածել եւ զանոնք վերաքաղ ըրէք, երբ վերջացնէք ձեր ուսումնասիրութիւնը։
Մինչ նիւթը նկատի կ’առնէք, նշուած համարները բացէք։ Վերլուծեցէք թէ իւրաքանչիւր համար ի՛նչ կապ ունի պարբերութեան ընդհանուր հոգիին հետ։
Թերեւս հանդիպիք կէտերու, որոնք անմիջապէս չհասկնաք, կամ ուզէք զանոնք աւելի պրպտել։ Փոխանակ թոյլ տալու որ անոնք ձեզ շեղեցնեն նիւթէն, ձեր քով նոթ առէք, որպէսզի ուրիշ ատեն աւելի խոր կերպով նկատի առնէք զանոնք։ Կէտերը յաճախ աւելի կը յստականան, երբ նիւթին մէջ մտնէք։ Եթէ ոչ՝ յաւելեալ պրպտում կատարեցէք։ Այս նպատակով ի՞նչ բաներ կրնաք նոթագրել։ Թերեւս համար մը մէջբերուած է, որ յստակ չէ ձեզի համար։ Կամ չէք կրնար հասկնալ թէ նկատի առնուած նիւթին հետ անիկա ի՛նչ կապակցութիւն ունի։ Թերեւս կը զգաք թէ նիւթին մէջ որոշ գաղափար մը դուք հասկցած էք, բայց ո՛չ ուրիշի մը բացատրելու աստիճան։ Փոխանակ ասոնց վրայէն անցնելու, խոհեմութիւն է ձեր սկսած ուսումնասիրութիւնը աւարտելէն ետք, անոնց մասին փնտռտուք ընել։
Համարները անպայման բացէք
Երբ Պօղոս առաքեալ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն մանրամասն նամակ մը գրեց, ան գրելու ընթացքին կանգ առաւ, ըսելու համար՝ «Միտք բանին սա է»։ (Եբր. 8։1, Անթիլիաս) Դուք ալ ժամանակ առ ժամանակ դուք ձեզի որոշ բաներ կը յիշեցնէ՞ք։ Նկատի առէք թէ Պօղոս ինչո՛ւ ասիկա ըրաւ։ Իր ներշնչեալ նամակին նախորդ գլուխներուն մէջ, ան արդէն ցոյց տուած էր թէ Քրիստոս որպէս Աստուծոյ մեծ Քահանայապետը, ուղղակի երկինք մտած էր։ (Եբր. 4։14–5։10. 6։20) Սակայն 8–րդ գլուխին սկիզբը այդ գլխաւոր կէտը անջատելով եւ շեշտելով, Պօղոս իր ընթերցողներուն միտքը պատրաստեց որ խոր կերպով մտածեն իրենց կեանքին հետ անոր ունեցած առնչութեան մասին։ Ան մատնանշեց թէ Քրիստոս իրենց համար Աստուծոյ առջեւ ներկայացած էր եւ ճամբան բացած էր որ իրենք ալ կարենային երկինք՝ «սուրբ տեղը» մտնել։ (Եբր. 9։24. 10։19-22) Այդ յոյսին ստոյգ ըլլալը զիրենք պիտի մղէր որ հաւատքի, համբերութեան եւ քրիստոնէական վարքի շուրջ այս նամակին մէջի տրուած խրատները կիրարկէին։ Նմանապէս, երբ կ’ուսումնասիրենք, մեր ուշադրութիւնը գլխաւոր կէտերուն վրայ սեւեռելը մեզի պիտի օգնէ որ բնաբանին զարգացումը ըմբռնենք եւ մեր մտքին մէջ դրոշմենք անոր համաձայն վարուելուն բուն պատճառները։
Ձեր անձնական ուսումնասիրութիւնը ձեզ գործի պիտի մղէ՞։ Ասիկա կենսական հարցում մըն է։ Երբ բան մը սորվիք, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ իմ կեցուածքիս եւ կեանքի մէջ իմ ունեցած նպատակակէտերուս վրայ։ Այս տեղեկութիւնը ի՞նչպէս կրնամ գործածել խնդիր մը լուծելու, որոշում մը կայացնելու կամ նպատակակէտի մը հասնելու համար։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնամ գործածել ընտանիքիս, դաշտի ծառայութեան եւ ժողովքին մէջ’։ Այս հարցումները աղօթքով նկատի առէք, մտածելով իրական վիճակներու մասին, որոնց մէջ կրնաք ձեր գիտութիւնը գործի դնել։
Գլուխ մը կամ յօդուած մը վերջացնելէ ետք, հակիրճ վերաքաղի ժամանակ յատկացուցէք։ Նայեցէք թէ գլխաւոր կէտերը եւ անոնց նեցուկ կանգնող պատճառաբանութիւնները կը յիշէ՞ք։ Այս քայլը ձեզի պիտի օգնէ որ տեղեկութիւնը ձեր միտքը պահէք ապագայ գործածութեան համար։
Ի՛նչ Ուսումնասիրել
Որպէս Եհովայի ծառաներ, ուսումնասիրելիք շա՛տ բան ունինք։ Բայց ուրկէ՞ պէտք է սկսինք։ Լաւ է որ ամէն օր՝ օրուան համարը եւ անոր մեկնութիւնը նկատի առնենք Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկէն։ Ամէն շաբաթ ժողովներու կը յաճախենք, եւ զանոնք պատրաստելու համար կատարուած ուսումնասիրութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ աւելի մեծ օգուտ քաղենք։ Ասկէ զատ, ոմանք իմաստութիւն գործածելով ժամանակ տրամադրած են, իրենց ճշմարտութեան գալէն առաջ հրատարակուած մեր քրիստոնէական գրականութիւնները ուսումնասիրելու։ Ուրիշներ, Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութենէն մաս մը առած եւ այդ համարները աւելի խոր կերպով ուսումնասիրած են։
Բայց ի՞նչ կրնաք ընել, եթէ ձեր պարագաները չեն ներեր որ ուշադրութեամբ ուսումնասիրէք այն բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք նկատի պիտի առնուին շաբաթական ժողովքի հանդիպումներուն։ Նիւթերը նկատի առնելու սիրոյն, հապճեպով անոնց վրայէն անցնելու, կամ քանի որ բոլորը չէք կրնար ուսումնասիրել, ո՛չ մէկը ուսումնասիրելու որոգայթէն խուսափեցէք։ Ընդհակառակը, նայեցէք թէ ո՛րքան կրնաք ուսումնասիրել եւ անիկա լաւ կերպով ըրէք։ Ասիկա ամէն շաբաթ ըրէք։ Ժամանակի ընթացքին, ուրիշ ժողովներ ալ պարփակեցէք անոր մէջ։
‘Տունդ Շինէ’
Եհովա կը գիտակցի որ ընտանիքի գլուխներ ծանր պէտք է աշխատին իրենց սիրելիներուն պէտքերը հոգալու համար։ Առակաց 24։27–ն կ’ըսէ. «Դուրսի գործդ կանոնաւորէ եւ զանիկա քու արտիդ մէջ կարգի դիր»։ Բայց ձեր ընտանիքին հոգեւոր կարիքները չեն կրնար անտեսուիլ։ Հետեւաբար, համարը կը շարունակէ ըսել. «Ու տունդ ետքը շինէ»։ Ընտանիքի գլուխներ ի՞նչպէս կրնան ընել ասիկա։ Առակաց 24։3–ը կ’ըսէ. «Տունը իմաստութեամբ [«խորատեսութեամբ», ՆԱ] կը շինուի»։
Խորատեսութիւնը ի՞նչպէս կրնայ օգտակար ըլլալ ընտանիքի մը։ Խորատեսութիւնը տեսնուածէն անդին տեսնելու մտային կարողութիւնն է։ Իրապէս կրնայ ըսուիլ թէ ազդեցիկ ընտանեկան ուսումնասիրութիւն մը կը սկսի ուղղակի ձեր ընտանիքի անդամներուն վիճակը ուսումնասիրելով։ Ձեր ընտանիքի անդամներուն հոգեւոր յառաջդիմութիւնը ի՞նչպէս է։ Անոնց հետ ձեր խօսակցութեան ընթացքին ուշադիր կերպով մտիկ ըրէք։ Գանգատի կամ ընդվզումի հոգի ունի՞ն։ Նիւթական բաներու հետապնդումը կարեւորագո՞յն բանն է իրենց համար։ Երբ ձեր զաւակներուն հետ դաշտի ծառայութեան մէջ էք, իրենց նմաններուն դիմաց հանգստօրէն իրենք զիրենք կը ճանչցնե՞ն որպէս Եհովայի Վկաներ։ Աստուածաշունչի ընտանեկան ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան ձեր յայտագրէն հաճոյք կ’առնե՞ն։ Եհովայի ճամբան իրապէս իրենց ապրելակերպը կը դարձնե՞ն։ Այս բաներուն լաւ կերպով ուշադրութիւն ընծայելը պիտի յայտնէ թէ որպէս տան գլուխ ի՛նչ պէտք է ընէք, ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին մէջ հոգեւոր յատկութիւններ կերտելու համար։
Մասնայատուկ կարիքներու համար Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի յօդուածներ աչքէ անցուցէք։ Ապա ընտանիքի անդամներուն տեղեկացուցէք թէ ի՛նչ պիտի ուսումնասիրուի, որպէսզի այդ մասին մտածեն։ Ուսումնասիրութեան ընթացքին սիրալիր մթնոլորտ մը պահեցէք։ Առանց ընտանիքի ոեւէ անդամ յանդիմանելու կամ նեղ կացութեան մատնելու, ընդգծեցէք նկատի առնուած նիւթին արժէքը, մասնայատուկ կիրարկումներ ընելով ձեր ընտանիքի կարիքներուն։ Իւրաքանչիւր անդամ անոր մասնակից դարձուցէք։ Իւրաքանչիւրին օգնեցէք որ տեսնէ թէ Եհովայի Խօսքը ի՛նչպէս «կատարեալ» է կեանքի մէջ ճիշդ պէտք եղածը հայթայթելու համար։—Սաղմ. 19։7
Վարձատրութիւնները Քաղել
Ուշադիր անհատներ առանց հոգեւոր հասկացողութիւն ունենալու, կրնան ուսումնասիրել տիեզերքը, աշխարհի իրադարձութիւնները եւ նոյնիսկ իրենք զիրենք, բայց չեն ըմբռներ իրենց տեսած բաներուն իսկական իմաստը։ Միւս կողմէ, Աստուծոյ հոգիին օգնութեամբ, կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրող անհատներ այս բաներուն մէջ կրնան տեսնել Աստուծոյ ձեռքին գործը, Աստուածաշունչի մարգարէութեանց կատարումը եւ Աստուծոյ կամքին բացայայտուիլը՝ հնազանդ մարդկութեան օրհնութեան համար։—Մար. 13։4-29. Հռովմ. 1։20. Յայտ. 12։12
Թէեւ ասիկա հոյակապ է, բայց մեզ պէտք չէ հպարտացնէ։ Ընդհակառակը, ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը քննելը մեզի կ’օգնէ որ խոնարհ մնանք։ (Բ. Օր. 17։18-20) Անիկա մեզ կը պաշտպանէ նաեւ ‘մեղքին խաբէութենէն’, քանի որ երբ Աստուծոյ Խօսքը կենդանի ըլլայ մեր սրտին մէջ, աւելի քիչ հաւանականութիւն կայ որ մեղքին հրապոյրը անոր ընդդիմանալու մեր որոշումին յաղթէ։ (Եբր. 2։1. 3։13. Կող. 3։5-10) Այս կերպով, Եհովայի ‘արժանի կերպով պիտի քալենք եւ ամէն բանի մէջ զինք պիտի հաճեցնենք, բարի գործերով պտղաբեր’ ըլլալով։ (Կող. 1։10) Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելու մէջ մեր նպատակը ա՛յս է, եւ ասիկա իրագործելը մեծագոյն վարձատրութիւնն է։