Ընտանեօք՝ կանոնաւորաբար ուսումնասիրեցէք Աստուծոյ Խօսքը
«Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 4։4
1. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ, իրենց զաւակներուն Եհովայի ճամբաները սորվեցնելու ընտանիքի գլուխներուն պատասխանատուութեան մասին։
ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ ընտանիքի գլուխներուն կրկին անգամ վերյիշեցուցած է իրենց զաւակներուն սորվեցնելու իրենց պատասխանատուութիւնը։ Այսպիսի դաստիարակութիւն պիտի զինէ երախաները ներկայ կեանքին համար եւ կրնայ զանոնք պատրաստել գալիք կեանքին համար ալ։ Աստուած ներկայացնող հրեշտակ մը Աբրահամի նշեց իր տան անդամներուն սորվեցնելու պատասխանատուութեան, որպէսզի անոնք ‘Տէրոջը ճամբան պահեն’։ (Ծննդոց 18։19) Իսրայելացի ծնողներուն ըսուեցաւ որ իրենց զաւակներուն բացատրեն թէ Աստուած ի՛նչպէս Իսրայէլը ազատագրեց Եգիպտոսէն եւ թէ ի՛նչպէս Քորեբի մէջ, Սինա Լերան վրայ, իր Օրէնքը տուաւ անոնց։ (Ելից 13։8, 9. Բ. Օրինաց 4։9, 10. 11։18-21) Քրիստոնեայ տան գլուխներուն խրատ տրուած է որ իրենց զաւակները մեծցնեն «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։ (Եփեսացիս 6։4) Նոյնիսկ երբ ծնողներէն միայն մէկը Եհովայի կը ծառայէ, ան պէտք է ջանք թափէ իր զաւակներուն սորվեցնելու Եհովայի ճամբաները։—Բ. Տիմոթէոս 1։5. 3։14, 15
2. Եթէ տան մէջ զաւակներ չկան, ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը անհրաժե՞շտ է. բացատրեցէք։
2 Ասիկա չի նշանակեր որ Աստուծոյ Խօսքը ընտանեօք ուսումնասիրելը միմիայն զաւակներ ունեցող ընտանիքներուն համար է։ Երբ զաւակներ չունեցող զոյգ մը ընտանեկան ուսումնասիրութիւն ընէ, ասիկա հոգեւոր բաներու հանդէպ լաւ գնահատութիւն ցոյց կու տայ։—Եփեսացիս 5։25, 26
3. Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը կանոնաւոր ըլլայ։
3 Լաւագոյն օգուտը քաղելու համար, այս դաստիարակութիւնը կանոնաւորաբար պէտք է տրուի, անապատին մէջ Իսրայելացիներուն սորվեցուցած Եհովայի դասին հետ ներդաշնակ ըլլալով. «Մարդ միայն հացով չապրիր, հապա Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսքովը կ’ապրի»։ (Բ. Օրինաց 8։3) Տան պարագաներէն կախեալ ըլլալով, կարգ մը ընտանիքներ թերեւս շաբաթը անգամ մը ուսումնասիրութեան կարգադրութիւն ընեն, իսկ ուրիշներ կրնան աւելի կարճ նիստեր ունենալ, բայց՝ ամէն օր։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ ձեր նախասիրած կարգադրութիւնը, ուսումնասիրութիւնը դիպուածի մի՛ ձգէք։ Անոր համար «Ժամանակը ծախու առէք»։ Այս ժամանակին համար հարկ եղած գինը վճարելը, լաւ ներդրում մըն է։ Ձեր ընտանիքի անդամներուն կեանքը խնդրոյ առարկայ է։—Եփեսացիս 5։15-17. Փիլիպպեցիս 3։16
Նպատակակէտեր՝ Որոնք Ի Մտի Պէտք Է Ունենանք
4, 5. (ա) Մովսէսի միջոցաւ, Եհովա ծնողներուն դիմաց իրենց զաւակներուն սորվեցնելու ի՞նչ կարեւոր նպատակակէտ մը դրաւ։ (բ) Անիկա ի՞նչ կը ներփակէ ներկայիս։
4 Երբ ընտանեկան ուսումնասիրութիւն մը կը վարէք, անկէ լաւագոյնս կ’օգտուիք, եթէ ձեր մտքին մէջ յստակօրէն սահմանուած նպատակակէտեր ունենաք։ Մի քանի կարելիութիւններ նկատի առնենք։
5 Իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան, ջանացէք Եհովա Աստուծոյ հանդէպ սէր կերտել։ Խոստացեալ Երկիրը մտնելէ առաջ, երբ Իսրայէլ Մովաբի դաշտագետնին վրայ հաւաքուած էր, Մովսէս իրենց ուշադրութիւնը դարձուց այն բանին զոր Յիսուս Քրիստոս հետագային կոչեց ‘օրէնքին մեծագոյն պատուիրանքը’։ Ի՞նչ էր այդ։ «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։ (Մատթէոս 22։36, 37. Բ. Օրինաց 6։5) Մովսէս յորդորեց Իսրայելացիները որ ասիկա իրենց սրտին վրայ դրոշմեն եւ զայն սորվեցնեն իրենց զաւակներուն։ Ասիկա կը պահանջէր կրկնել, Եհովան սիրելու պատճառներուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել, գիտնալ ի՛նչպէս վարուիլ այսպիսի սէր ցոյց տալու արգելք հանդիսացող կեցուածքներու ու վարքի հետ, եւ իրենց կեանքին մէջ Եհովայի հանդէպ սէր ցոյց տալ։ Արդեօք մեր զաւակներն ալ այսպիսի դաստիարակութեան կարիքը չո՞ւնին։ Անշո՛ւշտ։ Անոնք ալ օգնութեան պէտք ունին, որպէսզի ‘իրենց սիրտը թլփատեն’, այսինքն, Աստուծոյ հանդէպ իրենց սիրոյն արգելք հանդիսացող որեւէ բան վերցնեն։ (Բ. Օրինաց 10։12, 16. Երեմեայ 4։4) Այդ խոչընդոտներուն մէջ կրնայ ըլլալ աշխարհի բաներուն, կամ անոր գործունէութիւններուն միջամուխ ըլլալու հանդէպ ցանկութիւն մը։ (Ա. Յովհաննու 2։15, 16) Եհովայի հանդէպ սէրը պէտք է աշխոյժ, արտայայտիչ ըլլայ, եւ մեր երկնաւոր Հօրը հաճելի եղած բաները ընելու մղէ մեզ։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Ձեր ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը երկարատեւ օգուտներ ունենալու համար, իւրաքանչիւր նիստ այնպիսի կերպով մը պէտք է վարուի, որ այս սէրը զօրացնէ։
6. (ա) Ճշգրիտ գիտութիւն տալու համար ի՞նչ պահանջուած է։ (բ) Սուրբ Գիրքը ի՞նչպէս կը շեշտէ ճշգրիտ գիտութեան կարեւորութիւնը։
6 Աստուծոյ պահանջներուն ճշգրիտ գիտութիւնը փոխանցել։ Ասիկա ի՞նչ կը ներփակէ։ Անիկա պարբերաթերթէ մը կամ գիրքէ մը պատասխան մը կարդալու կարող ըլլալէն աւելին կը ներփակէ։ Սովորաբար, ասիկա կը պահանջէ ուշադիր ըլլալ որ գլխաւոր բառերը եւ գաղափարները յստակօրէն հասկցուին։ Ճշգրիտ գիտութիւնը կենսական ազդակ մըն է նոր անձնաւորութիւնը հագնելու, կեանքի խնդիրները ձեռք առնելու ժամանակ իրապէս կարեւոր եղող բաներու վրայ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու, եւ այս կերպով, Եհովայի հաճելի եղածը ընելու համար։—Փիլիպպեցիս 1։9-11. Կողոսացիս 1։9, 10. 3։10
7. (ա) Ո՞ր հարցումներուն գործածութիւնը ընտանիքին կ’օգնէ որ ուսումնասիրուած նիւթին գործնական կիրարկումը ընեն։ (բ) Սուրբ Գիրքը ի՞նչպէս կը շեշտէ այսպիսի նպատակակէտի մը արժէքը։
7 Ուսուցուած բաներուն գործնական կիրարկումը ընելու համար օգնութիւն։ Այս նպատակակէտը ի մտի ունենալով, ընտանեկան իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Այս նիւթը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեր կեանքին։ Ասիկա, ներկայիս մեր ըրած բաներուն մէջ որեւէ փոփոխութիւն կը պահանջէ՞։ Ինչո՞ւ բարեփոխութիւններ պէտք է ընենք’։ (Առակաց 2։10-15. 9։10. Եսայեայ 48։17, 18) Մեր սորված բաներուն գործնական կիրարկման բաւարար ուշադրութիւն ընծայելը կրնայ ընտանիքի անդամներուն հոգեւոր աճման նպաստող կարեւոր ազդակ մը ըլլալ։
Ուսուցանելու Գործիքները Իմաստուն Կերպով Գործածեցէք
8. Ծառայ դասակարգը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ի՞նչ գործիքներ հայթայթած է։
8 «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» շատ գործիքներ հայթայթած է, որոնք կրնան գործածուիլ ուսումնասիրութեան համար։ Աստուածաշունչին հետ գործածուելիք Դիտարան պարբերաթերթը, 131 լեզուներով մատչելի է։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար 153 լեզուներով գրքեր, 284 լեզուներով գրքոյկներ, 61 լեզուներով ձայներիզներ, 41 լեզուներով պատկերիզներ, նոյնիսկ Աստուածաշունչի փնտռտուք կատարելու համար, 9 լեզուներով համակարգիչի յայտագիրներ ունինք։—Մատթէոս 24։45-47
9. Այս պարբերութեան մէջի սուրբ գրային խրատը ի՞նչպէս կրնանք կիրարկել, երբ ընտանեօք Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը կ’ընենք։
9 Շատեր՝ ընտանեկան ուսումնասիրութեան պահը կը գործածեն, Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը պատրաստելու համար։ Ասիկա շա՛տ օգտակար կրնայ ըլլալ։ Դիտարան–ը հոգեւոր հիմնական կերակուրը կը պարունակէ, որ համայն աշխարհի Եհովայի ծառաները կերտելու համար կը հայթայթուի։ Երբ որպէս ընտանիք Դիտարան–ը կ’ուսումնասիրէք, միայն պարբերութիւնները կարդալէ ու անոր տպուած հարցումներուն պատասխանելէն աւելին ըրէք։ Սրտանց ջանացէք զայն հասկնալ։ Ժամանակ յատկացուցէք յիշուած բայց չմէջբերուած համարները բանալու։ Ընտանիքի անդամները հրաւիրեցէք որ նկատի առնուած պարբերութեան մէջ նշուած կէտերուն հետ անոնց ունեցած յարակցութեան մասին բացատրութիւն տան. անոնց սրտին հասէք։—Առակաց 4։7, 23. Գործք 17։11
10. Երախաները ուսումնասիրութեան մէջ ներփակելու եւ զայն անոնց համար հաճելի պահ մը դարձնելու համար ի՞նչ կարելի է ընել։
10 Եթէ ձեր տան մէջ երախաներ կան, ի՞նչ կրնաք ընել, որպէսզի ձեր ուսումնասիրութիւնը ո՛չ թէ պարզապէս ընտանեկան վարժութիւն մը ըլլայ, այլ՝ կերտիչ, հետաքրքրական եւ ուրախ պահ մը։ Ջանացէք պատշաճ կերպով ամէն մէկը միջամուխ ընել, որպէսզի ուշադրութիւնը ուսումնասիրուած նիւթին վրայ կեդրոնացուի։ Եթէ կարելի է, հոգ տարէք որ ամէն մէկ երախայ իր անձնական Աստուածաշունչը եւ ուսումնասիրելիք պարբերաթերթը ունենայ։ Յիսուսի կողմէ արտայայտուած ջերմութիւնը ընդօրինակելով, ծնող մը կրնայ իր մանուկը ճիշդ իր քով նստեցնել, թերեւս իր թեւը անոր վրայ դնելով։ (Համեմատել՝ Մարկոս 10։13-16) Ընտանիքի գլուխը կրնայ մանուկէ մը խնդրել որ ուսումնասիրութեան նիւթին մէջի նկարին մասին բացատրութիւն տայ։ Կարելի է երախայի մը նախապէս որոշ համարներ նշանակել, որ կարդայ։ Աւելի մեծի մը նշանակութիւն տալ, որ ուսումնասիրուած նիւթին գործնական կիրարկումը ընելու առիթներ յիշէ։
11. Ուսուցումի ուրիշ ի՞նչ գործիքներ հայթայթուած են. իսկ եթէ անոնք մատչելի են, ի՞նչպէս օգտակար կերպով կրնանք գործածել ընտանեկան ուսումնասիրութեան համար։
11 Թէեւ կրնայ ըլլալ որ ձեր խօսակցութեան որպէս հիմ Դիտարան–ը կը գործածէք, բայց մի՛ մոռնաք ուսումնասիրութեան միւս գործիքները, որոնք մատչելի են շատ մը լեզուներով։ Եթէ թիկունք կանգնող տեղեկութիւններ, կամ Աստուածաշունչի արտայայտութեան մը մասին բացատրութեան կարիքը զգաք, Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գրքէն կրնաք քաղել զանոնք։ Ուրիշ հարցումներ կրնան պատասխանուիլ, քննելով Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–ը, կամ, Ընկերութեան կողմէ հայթայթուած համակարգիչի հետազօտիչ յայտագիրը գործածելով։ Եթէ ձեր լեզուով մատչելի են, այս գործիքները գործածել սորվիլը, ընտանեկան ուսումնասիրութեան արժէքաւոր մէկ մասը կրնայ դառնալ։ Դեռատիներուն հետաքրքրութիւնը արթնցնելու նպատակաւ, կրնաք նաեւ ձեր ուսումնասիրութեան ժամանակին մէկ մասը յատկացնել Ընկերութեան դաստիարակիչ պատկերիզները դիտելու, կամ ձայներիզի վրայ թատերախաղի մը մէկ մասը ունկնդրելու, որմէ ետք կրնաք խօսիլ այդ մասին։ Ուսումնասիրութեան այս գործիքները լաւ կերպով գործածելը ձեր ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը կրնայ հետաքրքրական դարձնել, ամբողջ ընտանիքին համար օգտակար ըլլալով։
Ձեր Ընտանիքի Կարիքներուն Յարմարցուցէք
12. Ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը ի՞նչպէս կրնայ ընտանիքին ստիպողական կարիքներուն մէջ դեր մը խաղալ։
12 Թերեւս ձեր ընտանիքը սովորաբար այդ շաբթուան Դիտարան–ի դասը կ’ուսումնասիրէ։ Բայց ընտանիքին բազկերակը քննեցէք։ Եթէ մայրը դուրսի աշխատանք չունի, ան կրնայ ամէն օր երախաներուն հետ ժամանակ անցընել, երբ անոնք դպրոցէն վերադառնան։ Կարգ մը պարագաներ այդ ժամանակ կրնան ձեռք առնուիլ, բայց ուրիշներ թերեւս յաւելեալ ուշադրութեան կը կարօտին։ Երբ ընտանեկան անհրաժեշտ կարիքներ կան, զանոնք մի՛ անտեսէք։ (Առակաց 27։12) Անոնք ոչ միայն դպրոցական խնդիրներ կրնան ըլլալ, այլ նաեւ՝ ուրիշ պարագաներ։ Յարմար նիւթեր ընտրեցէք եւ ընտանիքը նախապէս տեղեակ պահեցէք ուսումնասիրուելիք նիւթին շուրջ։
13. Աղքատութեան հետ գլուխ ելլելու մասին ընտանեկան խօսակցութիւնները ի՞նչպէս կրնան օգտակար ըլլալ։
13 Օրինակ, երկրի մեծ մասը աղքատութեան ճիրաններուն մէջ է. ուստի, շատ մը վայրերու մէջ, թերեւս անհրաժեշտ ըլլայ անոր հետ գլուխ ելլելու մասին խօսիլ։ Արդեօք ձեր ընտանիքին համար, կեանքի իրական կացութիւններու եւ Աստուածաշունչի սկզբունքներու շուրջ դարձող ուսումնասիրութիւն մը օգտակար պիտի չըլլա՞ր։—Առակաց 21։5. Ժողովողի 9։11. Եբրայեցիս 13։5, 6, 18
14. Ի՞նչպիսի կացութիւններու ներքեւ բռնութեան, պատերազմի եւ քրիստոնէական չէզոքութեան մասին Եհովայի տեսակէտներուն մասին խօսիլը ժամանակայարմար կրնայ ըլլալ։
14 Խօսակցութեան արժանի ուրիշ նիւթ մըն է բռնութիւնը։ Բոլորս ալ պէտք ունինք որ Եհովայի տեսակէտը խոր կերպով տպաւորուի մեր մտքին ու սրտին մէջ։ (Ծննդոց 6։13. Սաղմոս 11։5) Ընտանեօք այս նիւթը ուսումնասիրելը պատճառ կ’ըլլայ որ միասնաբար նկատի առնուի թէ ի՛նչպէս կարելի է վարուիլ դպրոցի մէջ կռիւ հրահրողներուն հետ, մարտական հմտութիւններու մարզում ստանալ թէ ոչ, եւ՝ ի՛նչպէս յարմար զբօսանքներ ընտրել։ Վայրագ պայքարները սովորական բաներ դարձած են. գրեթէ ամէն երկիր կա՛մ քաղաքացիական պատերազմով, կա՛մ քաղաքական եւ ազգատոհմեան պայքարներով, եւ կամ խմբակցութիւններու պատերազմներով հարուածուած է։ Որպէս հետեւանք, թերեւս ձեր ընտանիքը կարիքը ունի խօսակցելու թէ պատերազմող հատուածներով շրջապատուած ըլլալով, ի՛նչպէս կրնայ քրիստոնէական վարք մը պահել։—Եսայեայ 2։2-4. Յովհաննու 17։16
15. Սեռի եւ ամուսնութեան մասին ի՞նչպէս կարելի է խրատներ տալ զաւակներուն։
15 Մինչ զաւակները կը մեծնան, անոնք իրենց տարիքին յարմար՝ սեռի ու ամուսնութեան շուրջ խրատներու պէտք ունին։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, ծնողներ ընդհանրապէս իրենց զաւակներուն հետ բնաւ չեն խօսիր սեռի մասին։ Անտեղեակ զաւակներ կրնան խեղաթիւրուած տեսակէտներ քաղել ուրիշ պատանիներէն եւ արդիւնքը կրնայ աղիտալի ըլլալ։ Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր Եհովայի օրինակին հետեւիլ, որ Աստուածաշունչին մէջ այս մասին բացայայտ, սակայն շնորհալի կերպով կը խօսի։ Աստուածային խրատները մեր զաւակներուն պիտի օգնեն որ իրենք իրենց անձին հանդէպ յարգանք ունենան եւ հակառակ սեռի պատկանողներուն հետ պատուարժան կերպով վարուին։ (Առակաց 5։18-20. Կողոսացիս 3։5. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-8) Եթէ այս մասին արդէն խօսած էք, մի՛ վարանիք կրկնելէ։ Մինչ նոր կացութիւններ մէջտեղ կու գան, կրկնումը կենսական է։
16. (ա) Տարբեր տուներու մէջ ուսումնասիրութիւնը ե՞րբ տեղի կ’ունենայ։ (բ) Ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն ունենալու համար ձեր արգելքները ի՞նչպէս յաղթահարած էք։
16 Ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը ե՞րբ կրնայ վարուիլ։ Համայն երկրի շուրջ Պէթէլի ընտանիքներուն օրինակին հետեւելով, շատեր իրենց ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը յայտագրած են Երկուշաբթի երեկոյեան։ Ուրիշներու համար՝ պարագան տարբեր է։ Արժանթինի մէջ, 9 երախաներէ բաղկացած 11 անդամներ ունեցող ընտանիք մը, կանոնաւորաբար ամէն առաւօտ ժամը հինգին կ’արթննային իրենց ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը ունենալու համար։ Աշխատանքի տարբեր յայտագիրներ ունենալով, ուրիշ ժամանակ մը չունէին։ Թէեւ դիւրին չէր, բայց ասիկա երախաներուն սրտին ու մտքին մէջ դրոշմեց ընտանեկան ուսումնասիրութեան կարեւորութիւնը։ Ֆիլիպպինի մէջ, երէց մը ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը կը վարէր իր կնոջ եւ իր երեք անչափահաս զաւակներուն հետ։ Շաբթուան մէջ, ծնողները իւրաքանչիւր երախային հետ անձնապէս ուսումնասիրութիւն կը վարէին, որպէսզի ամէն մէկը իւրացնէր ճշմարտութիւնը։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, քոյր մը, որու ամուսինը Վկայ մը չէ, ամէն առաւօտ իր զաւակներուն հետ մինչեւ դպրոցին հանրակառքը կը քալէ։ Մինչ հանրակառքը կը սպասեն, անոնք միասնաբար տասը վայրկեան կը կարդան եւ սուրբ գրային յարմար նիւթի մը մասին կը խօսակցին, ապա մայրը կարճ աղօթք մը կը մատուցանէ, պզտիկները հանրակառք բարձրանալէ առաջ։ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ, կին մը՝ որուն անհաւատ ամուսինը ընտանիքը լքած էր, սահմանափակ ուսում ունեցած ըլլալուն պատճառաւ, ծանր կ’աշխատի ուսումնասիրութիւնը պատրաստելու համար։ Իր չափահաս տղան իրենց օգտակար կ’ըլլայ, ամէն շաբաթ գալով, որպէսզի իր մօրը եւ աւելի կրտսեր եղբայրներուն հետ ուսումնասիրութիւն մը վարէ։ Մայրը ջանադիր պատրաստութեամբ օրինակ կը հանդիսանայ։ Արդեօք ձեր տան մէջ ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը կանոնաւորաբար ընելու համար որոշ դժուարութիւններ ունի՞ք։ Մի՛ յուսահատիք։ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն ունենալու համար ջանադրութեամբ Եհովայի օրհնութիւնը փնտռեցէք։—Մարկոս 11։23, 24
Յարատեւութեան Վարձատրութիւնները
17. (ա) Ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը ունենալու համար ի՞նչ պահանջուած է։ (բ) Ո՞ր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ Եհովայի ճամբաներուն մէջ ընտանեկան կանոնաւոր դաստիարակութեան արժէքը։
17 Ծրագրելը անհրաժեշտ է։ Յարատեւութիւն կը պահանջուի։ Բայց ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած օգուտներուն ի տես, ի՛րապէս կ’արժէ ջանք թափել։ (Առակաց 22։6. Գ. Յովհաննու 4) Գերմանիոյ մէջ, Ֆրանզը եւ Հիլտան 11 երախաներ մեծցուցին։ Տարիներ ետք, անոնց աղջիկը՝ Մակտալէնան ըսաւ. «Ներկայիս կը խորհիմ որ ամենակարեւոր բանն էր, որ բնաւ օր մը չանցընէինք, առանց որոշ հոգեւոր խրատներ ստանալու»։ Երբ Ատոլֆ Հիթլէրի իշխանութեան ներքեւ ազգայնականութեան բուռն հոգին կը տիրէր, Մակտալէնայի հայրը Աստուածաշունչը գործածեց, իր ընտանիքը պատրաստելու իր նախատեսած փորձութիւններուն համար։ Ժամանակ մը ետք, ընտանիքի անչափահաս անդամները առնուեցան ու բարեկարգիչ դպրոց ուղղարկուեցան. միւս անդամները ձերբակալուեցան եւ բանտ կամ կեդրոնացման ճամբարներ ղրկուեցան։ Անոնցմէ ոմանք սպաննուեցան։ Բոլորին հաւատքը անխախտ մնաց, ո՛չ միայն այդ կատաղի հալածանքի ժամանակ, այլ վերապրողներուն համար, նաեւ անոր յաջորդող տարիներուն։
18. Առանձին ծնողներու ջանքերը ի՞նչպէս վարձատրուած են։
18 Առանձին ծնողներէն, ինչպէս նաեւ իրենց կողակիցները նոյն հաւատքի մէջ չեղողներէն շատեր ալ, իրենց զաւակներուն Աստուածաշունչի կանոնաւոր դաստիարակութիւն մը տուած են։ Հնդկաստանի մէջ, այրի մայր մը ծանր աշխատեցաւ իր երկու զաւակներուն մէջ Եհովայի սէրը քանդակելու համար։ Բայց անոր սիրտը կոտրեցաւ, երբ տղոցմէ մէկը Եհովայի ժողովուրդին հետ իր ընկերակցութիւնը խզեց։ Ան Եհովայի պաղատեցաւ որ ներէր իրեն, իր տղուն մարզումին մէջ ունեցած իր թերացումներուն համար։ Բայց տղան իրապէս չէր մոռցած իր սորված բաները։ Աւելի քան տասը տարի ետք ան վերադարձաւ, հոգեւորապէս լաւ կերպով յառաջդիմեց եւ ժողովքի երէց մը եղաւ։ Հիմա ինք եւ իր կինը կը ծառայեն որպէս լիաժամ ռահվիրաներ։ Որքա՜ն երախտապարտ են այն ծնողները, որոնք ընտանեկան շրջանակէն ներս Աստուածաշունչի կանոնաւոր դաստիարակութիւն տալու Եհովայի ու իր կազմակերպութեան տուած խրատը սրտանց ընդունած են։ Այդ խրատը ձեր տան մէջ ալ կը կիրարկէ՞ք։
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Ինչո՞ւ ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութիւնը կարեւոր է։
◻ Ընտանեկան իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան ի՞նչ նպատակակէտ պէտք է հետապնդենք։
◻ Ուսուցումի ի՞նչ գործիքներ մատչելի են մեզի։
◻ Ուսումնասիրութիւնը ի՞նչպէս կարելի է ընտանիքի կարիքներուն յարմարցնել։
[Նկար՝ էջ 25]
Յստակ նպատակակէտեր աւելի պիտի արժեւորեն ձեր ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը