ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 42
ԵՐԳ 123 Հովիւները պարգեւներ են
Գնահատանքդ ցուցուր ‘որպէս պարգեւներ տրուած տղամարդոց’
«Բարձրը ելաւ. . . ու տղամարդիկ որպէս պարգեւներ տուաւ» (ԵՓ. 4։8, ՆԱ)։
ՆԻՒԹ
Օգնական ծառաները, երէցները եւ շրջանային տեսուչները ինչպէ՞ս կ’օգնեն մեզի, եւ մենք ինչպէ՞ս կրնանք մեր գնահատանքը արտայայտել այս հաւատարիմ մարդոց ըրածներուն համար։
1. Յիսուս մեզի ի՞նչ նուէրներ տուած է։
ՉԿԱՅ մէկը որ Յիսուսին չափ առատաձեռն եղած է։ Երբ երկրի վրայ էր, ան շատ անգամներ հրաշքներ ընելով մարդոց օգնեց (Ղուկ. 9։12-17)։ Ան իր կեանքը մեզի համար զոհելով ամէնէն մեծ նուէրը տուաւ մեզի (Յովհ. 15։13)։ Յիսուս իր յարութենէն ի վեր կը շարունակէ առատաձեռն ըլլալ։ Ինչպէս որ խոստացած էր, ան Եհովայէն խնդրեց որ սուրբ հոգին տայ մեզի, որպէսզի մեզի սորվեցնէ եւ մխիթարէ (Յովհ. 14։16, 17. 16։13)։ Եւ ան մեր ժողովներուն միջոցաւ կը շարունակէ մեզի պէտք եղածը տալ, որպէսզի մարդիկը աշակերտենք աշխարհին չորս կողմը (Մատ. 28։18-20)։
2. Եփեսացիս 4։7, 8–ին մէջ յիշուած ‘որպէս պարգեւներ տրուած տղամարդոց’ մէջ որո՞նք կան։
2 Յիսուս մեզի ուրիշ նուէր մըն ալ տուած է։ Պօղոս առաքեալ գրեց, որ երբ Յիսուս երկինք ելաւ, «տղամարդիկ որպէս պարգեւներ տուաւ» (Եփ. 4։7, 8, ՆԱ)։ Պօղոս բացատրեց որ Յիսուս այս պարգեւները կամ նուէրները տուաւ, որպէսզի շատ մը կերպերով ժողովքին օգնէ (Եփ. 1։22, 23. 4։11-13)։ Այսօր, ‘որպէս պարգեւներ տրուած տղամարդոց’ մէջ կան՝ օգնական ծառաները, երէցները եւ շրջանային տեսուչներըa։ Անշուշտ, այս տղամարդիկը անկատար են եւ սխալներ կ’ընեն (Յակ. 3։2)։ Բայց Տէր Յիսուս Քրիստոս զանոնք կը գործածէ, որ մեզի օգնէ։ Անոնք մեզի համար նուէրներ են։
3. Օրինակով մը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք օգնել ‘որպէս պարգեւներ տրուած տղամարդոց’։
3 Յիսուս այս տղամարդոց տուաւ ժողովքը զօրացնելու նշանակումը (Եփ. 4։12)։ Բայց բոլորս կրնանք անոնց օգնել որ այս կարեւոր պատասխանատուութիւնը կատարեն։ Ասիկա կը նմանի Թագաւորութեան սրահ շինելուն։ Մեզմէ ոմանք սրահը կը շինեն, իսկ ուրիշներ շինողներուն կ’օգնեն՝ անոնց ապահովելով ուտելիք, փոխադրամիջոց եւ ուրիշ բաներ։ Նոյն ձեւով, մենք ալ կրնանք մեր խօսքերով եւ գործերով օգնել օգնական ծառաներուն, երէցներուն եւ շրջանային տեսուչներուն որ ժողովքը զօրացնեն։ Հիմա նկատի առնենք որ մենք ինչպէ՛ս կ’օգտուինք անոնց ըրածներէն, եւ ինչպէ՛ս կրնանք թէ՛ անոնց եւ թէ՛ Յիսուսին ցոյց տալ, որ այս «պարգեւներ»ը կը գնահատենք։
ՕԳՆԱԿԱՆ ԾԱՌԱՆԵՐԸ ‘Կ’ՕԳՆԵՆ’
4. Առաջին դարուն, օգնական ծառաները ի՞նչ բաներու մէջ կ’օգնէին։
4 Առաջին դարուն, կարգ մը եղբայրներ նշանակուած էին որպէս օգնական ծառայ (Ա. Տիմ. 3։8)։ Այնպէս կ’երեւի թէ անոնք էին Պօղոսին յիշած «օգնողներ»ը (Ա. Կոր. 12։28)։ Յստակ է որ օգնական ծառաները կարեւոր պատասխանատուութիւններ կը շալկէին, որպէսզի երէցները կարենային կեդրոնանալ սորվեցնելու եւ հովուելու վրայ։ Օրինակ, թերեւս կ’օգնէին Սուրբ Գրութիւնները ընդօրինակելու մէջ, կամ ալ թերեւս կ’ապահովէին ատոր համար պէտք եղած առարկաները։
5. Այսօր, օգնական ծառաները ի՞նչ կարգ մը բաներ կ’ընեն։
5 Նկատի առ կարգ մը բաներ, որ օգնական ծառաները կ’ընեն ժողովքիդ մէջ (Ա. Պետ. 4։10)։ Անոնք թերեւս ժողովքին հաշիւները կամ թաղամասերը կը կազմակերպեն, հրատարակութիւններ կ’ապսպրեն ժողովքին համար, ձայնի գործիքները կ’աշխատցնեն, հիւրընկալ կ’ըլլան կամ Թագաւորութեան սրահին նորոգութեան կ’օգնեն։ Բոլոր այս գործերը կարեւոր են, որպէսզի ժողովները եւ ծառայութիւնը կազմակերպուած կերպով կատարուին (Ա. Կոր. 14։40)։ Ասկէ զատ, կարգ մը օգնական ծառաներ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովին ընթացքին բաժին կու տան, կամ ալ հանրային դասախօսութիւն կը ներկայացնեն։ Օգնական ծառան նաեւ կրնայ նշանակուիլ որ խումբի տեսուչի մը օգնէ։ Եւ ատեններ երէց մը կրնայ օգնական ծառայէ մը խնդրել, որ իրեն հետ հովուական այցելութիւն մը տայ։
6. Ի՞նչ են կարգ մը պատճառներ, որ մենք կը գնահատենք ծանր աշխատող մեր օգնական ծառաները։
6 Օգնական ծառաները ինչպէ՞ս օգտակար կ’ըլլան ժողովքին։ Պոլիվիայի մէջ ապրող Պէպըրլիb անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Օգնական ծառաներուն միջոցաւ լման կ’օգտուիմ ժողովներէն։ Իրենք կ’օգնեն որ երգենք, պատասխան տանք, դասախօսութիւններ մտիկ ընենք եւ վիտէօներէն ու նկարներէն սորվինք։ Իրենք վստահ կ’ըլլան որ ամէն մարդ ապահով է, եւ կ’օգնեն որ եղբայրները համացանցով ժողովները դիտեն։ Ժողովէն ետք, անոնք միշտ մաքրութեան կը մասնակցին, հաշիւները կ’ընեն եւ հրատարակութիւններ կ’ապահովեն։ Ես շատ շնորհակալ եմ անոնց»։ Լեսլին, որ Քոլոմպիայի մէջ կ’ապրի եւ որուն ամուսինը երէց է, կ’ըսէ. «Ամուսինս օգնական ծառաներուն օգնութեան պէտք ունի որ կարենայ իր նշանակումները ընել։ Եթէ անոնք չըլլան, ինքը ա՛լ աւելի զբաղած կ’ըլլայ։ Անոր համար, շատ շնորհակալ եմ անոնց նախանձախնդրութեան եւ անձնազոհութեան համար»։ Անկասկած դուն ալ այսպէս կը զգաս (Ա. Տիմ. 3։13)։
7. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր գնահատանքը ցոյց տալ օգնական ծառաներուն հանդէպ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
7 Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ օգնական ծառաներուն հանդէպ մեր գնահատանքը մեր մէջը չպահենք, հապա ատիկա ցոյց տանք (Կող. 3։15)։ Ֆինլանտայէն եղող Քշիշդոֆ անունով երէց մը ասիկա կ’ընէ. «Ես օգնական ծառային քարտ մը կամ մէսըճ մը կը ղրկեմ, եւ ատոր մէջ համար մը կը գրեմ եւ իրեն կ’ըսեմ որ ի՛նչ մասնայատուկ կերպով մը ինծի օգտակար դարձած է եւ ինչո՛ւ կը գնահատեմ իր ըրածները»։ Նոր Գալետոնիա ապրող Բասքալը եւ Ժաէլը ուղղակի կ’աղօթեն օգնական ծառաներուն համար։ Բասքալը կը բացատրէ. «Վերջերս շատ կ’աղօթենք օգնական ծառաներուն համար։ Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոնց համար եւ իրմէ կը խնդրենք որ անոնց օգնէ»։ Եհովան այսպիսի աղօթքներու ականջ կու տայ եւ այսպիսով լման ժողովքը կ’օգտուի (Բ. Կոր. 1։11)։
ԵՐԷՑՆԵՐԸ ԾԱՆՐ Կ’ԱՇԽԱՏԻՆ
8. Պօղոս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ առաջին դարուն երէցները ծանր կ’աշխատէին (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12, 13)։
8 Առաջին դարուն, երէցները ծանր կ’աշխատէին ժողովքին համար (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12, 13. Ա. Տիմ. 5։17)։ Անոնք ժողովքին մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնէին՝ ժողովները վարելով եւ որպէս երէցներու մարմին միաբերան որոշումներ առնելով։ Անոնք եղբայրներուն ու քոյրերուն ազնուօրէն խրատ կու տային, որպէսզի ժողովքը պաշտպանեն (Ա. Թես. 2։11, 12. Բ. Տիմ. 4։2)։ Անշուշտ, անոնք նաեւ ծանր կ’աշխատէին, որ իրենց ընտանիքին հոգ տանին եւ հոգեւորապէս զօրաւոր մնան (Ա. Տիմ. 3։2, 4. Տիտ. 1։6-9)։
9. Երէցներուն կարգ մը պատասխանատուութիւնները ի՞նչ են։
9 Երէցները շատ պատասխանատուութիւններ ունին։ Անոնք աւետարանիչներ են (Բ. Տիմ. 4։5)։ Անոնք նախանձախնդրօրէն քարոզելով օրինակ կ’ըլլան միւսներուն, թաղամասին մէջ քարոզչութիւնը կը կազմակերպեն եւ մեզ կը մարզեն որ լաւ քարոզենք ու սորվեցնենք։ Անոնք նաեւ որպէս դատաւորներ ողորմութիւն ցոյց կու տան եւ զատողութիւն չեն դներ։ Երբ ժողովքին մէջ մէկը լուրջ մեղք մը գործէ, երէցները իրեն կ’օգնեն, որ ետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենայ Եհովային հետ։ Միեւնոյն ատեն, անոնք ուշադիր կ’ըլլան որ ժողովքը մաքուր մնայ (Ա. Կոր. 5։12, 13. Գաղ. 6։1)։ Երէցները գլխաւորաբար ճանչցուած են որպէս հովիւներ (Ա. Պետ. 5։1-3)։ Անոնք լաւ պատրաստուած դասախօսութիւններ կու տան, ջանք կ’ընեն որ ժողովքին մէջ բոլորը մօտէն ճանչնան եւ հովուական այցելութիւններ կու տան։ Ասոնցմէ զատ, կարգ մը երէցներ նաեւ Թագաւորութեան սրահներ կը շինեն ու կը նորոգեն, համաժողովներ կը կազմակերպեն եւ կը ծառայեն Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբերու եւ Հիւանդներու այցելող խմբակներու մէջ եւ այլն։ Իրապէս ալ երէցները ծանր կ’աշխատին մեզի համար։
10. Ինչո՞ւ կը գնահատենք մեր երէցները։
10 Եհովան մարգարէացաւ որ հովիւները լաւ հոգ պիտի տանին մեզի եւ մենք ‘ա՛լ պիտի չվախնանք ու պիտի չզարհուրինք’ (Եր. 23։4)։ Ֆինլանտայէն եղող Եոաննա անունով քոյր մը ասիկա իր մորթին վրայ զգաց, երբ իր մայրը լուրջ հիւանդութիւն մը ունեցաւ։ Ան կը պատմէ. «Հակառակ անոր որ ինծի համար դիւրին չէ զգացումներուս մասին ուրիշներուն խօսիլ, բայց ինծի շատ ծանօթ չեղող երէց մը ինծի համբերեց, հետս աղօթեց եւ ինծի ըսաւ որ Եհովան զիս կը սիրէ։ Ես չեմ յիշեր որ ան ճիշդ ի՛նչ ըսաւ, բայց կը յիշեմ որ հանգիստ եւ ապահով զգացի։ Կը զգամ որ Եհովան ճիշդ ատենին այդ երէցը ղրկեց որ ինծի օգնէ»։ Քու ժողովքիդ երէցները ինչպէ՞ս քեզի օգնած են։
11. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր գնահատանքը ցոյց տալ երէցներուն։
11 Եհովան կ’ուզէ որ մեր գնահատանքը սրտանց ցոյց տանք երէցներուն՝ «իրենց գործին համար» (Ա. Թես. 5։12, 13)։ Ֆինլանտայէն ուրիշ քոյր մը՝ Հենրիէթան՝ կ’ըսէ. «Երէցները միշտ պատրաստ են ուրիշներուն օգնելու։ Բայց ասիկա ըսել չէ որ անոնք միւսներէն աւելի ժամանակ եւ ոյժ ունին, կամ նեղութիւններ չունին։ Ատեններ ես պարզապէս իրենց կ’ըսեմ. ‘Գիտե՞ս ինչ։ Կ’ուզեմ գիտնաս որ դուն շատ լաւ երէց մըն ես’»։ Թուրքիոյ մէջ ապրող Սէրա անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Երէցները ‘պենզինի’ պէտք ունին որ շարունակեն ծառայել։ Անոր համար, մենք կրնանք իրենց քարտ մը գրել, ճաշի հրաւիրել կամ իրենց հետ ծառայութեան ելլել»։ Կա՞յ երէց մը, որուն ըրածները շատ կը գնահատես։ Տես թէ ինչպէ՛ս կրնաս գնահատանքդ ցոյց տալ իրեն (Ա. Կոր. 16։18)։
Կրնաս երէցներուն «պենզին» տալ, որ շարունակեն ժողովքին ծառայել (տե՛ս պարբերութիւններ 7, 11, 15)
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՏԵՍՈՒՉՆԵՐԸ ԺՈՂՈՎՔՆԵՐԸ ԿԸ ԶՕՐԱՑՆԵՆ
12. Առաջին դարուն, Յիսուս ուրիշ որո՞նք գործածեց, որ ժողովքները զօրացնէ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8)։
12 Յիսուս նաեւ կարգ մը տղամարդիկ նշանակեց, որ ուրիշ կերպով մը օգնեն ժողովքներուն։ Ան Երուսաղէմի երէցներուն միջոցաւ ղրկեց Պօղոսը, Բառնաբասը եւ ուրիշներ, որպէսզի ծառայեն որպէս շրջանային տեսուչներ (Գործք 11։22)։ Ինչո՞ւ։ Նոյն պատճառին համար որ օգնական ծառաները եւ երէցները կը նշանակուէին. որպէսզի ժողովքները զօրացնեն (Գործք 15։40, 41)։ Անոնք շատ մը զոհողութիւններ ըրին եւ նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգի տակ դրին, որպէսզի սորվեցնեն եւ քաջալերեն ուրիշները (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8)։
13. Շրջանային տեսուչներուն կարգ մը պատասխանատուութիւնները ի՞նչ են։
13 Շրջանային տեսուչները միշտ տեղէ–տեղ կ’երթան։ Ոմանք հարիւրաւոր քիլոմեթրներ կը կտրեն մէկ ժողովքէ միւսը երթալու համար։ Ամէն շաբաթ, շրջանային տեսուչը քանի մը դասախօսութիւններ կու տայ, հովուական այցելութիւններ կ’ընէ, կը վարէ ռահվիրաներու հետ ժողով մը, երէցներու հետ ժողով մը եւ դաշտի ծառայութեան ժողովներ։ Ան դասախօսութիւններ կը պատրաստէ եւ համաժողովներ կը կազմակերպէ։ Ան ռահվիրաներու դպրոցներուն մէջ կը սորվեցնէ, շրջանին ռահվիրաներուն հետ յատուկ ժողով մը կը կազմակերպէ եւ մասնաճիւղին տուած նշանակումները կ’ընէ, որոնք ատեններ շատ կարեւոր կ’ըլլան։
14. Ի՞նչ կարգ մը պատճառներով կը գնահատենք ծանր աշխատող մեր շրջանային տեսուչները։
14 Ժողովքները ինչպէ՞ս կ’օգտուին շրջանային տեսուչներուն ըրածներէն։ Թուրքիոյ մէջ եղբայր մը կ’ըսէ. «Ամէն անգամ որ անոնք մեր ժողովքը այցելեն, կը զգամ որ աւելի փափաք կ’ունենամ որ եղբայրներուս ու քոյրերուս օգնեմ։ Շատ շրջանային տեսուչներ գիտեմ, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը կը զգացնէ, որ ինք շատ զբաղած է կամ դիւրին–դիւրին չես կրնար իր հետը խօսիլ»։ Նախապէս յիշուած Եոաննան, անգամ մը շրջանային տեսուչին հետ ծառայութեան ելաւ, բայց տունը մէկը չգտան։ Ան կ’ըսէ. «Ես բնա՛ւ պիտի չմոռնամ այդ օրը, քանի որ շրջանային տեսուչէն շատ քաջալերուեցայ։ Այդ ժամանակ երկու քոյրիկներս դեռ նոր փոխադրուած էին եւ իրենց շատ կը կարօտնայի։ Տեսուչը ինծի օգնեց որ տեսնեմ, թէ ճիշդ է որ հիմա իմ սիրած անհատներէս հեռու եմ, բայց ասիկա ժամանակաւոր է։ Նոր աշխարհին մէջ երկա՜ր ժամանակ պիտի անցընենք իրարու հետ»։ Մեզմէ շատեր այսպիսի աղուոր յիշատակներ ունին շրջանային տեսուչներու հետ (Գործք 20։37–21։1)։
15. ա) Գ. Յովհաննէս 5-8–ին համաձայն, ինչպէ՞ս կրնանք մեր գնահատանքը ցուցնել շրջանային տեսուչներուն (տե՛ս նաեւ նկարը)։ բ) Ինչո՞ւ պէտք է մեր գնահատանքը ցուցնենք պատասխանատու եղբայրներուն կիներուն, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել (տե՛ս «Անոնց կիները մի՛ մոռնաք» տուփը)։
15 Յովհաննէս առաքեալը Գայիոսը քաջալերեց, որ այցելող եղբայրները հիւրասիրէ եւ ‘աստուածահաճոյ կերպով զանոնք ճամբայ դնէ’ (կարդա՛ Գ. Յովհաննէս 5-8)։ Մենք ասիկա կրնանք շատ մը կերպերով ընել։ Օրինակ երբ ճաշի կը հրաւիրենք շրջանային տեսուչը, կամ երբ ներկայ կ’ըլլանք անոր վարած ծառայութեան ժողովներուն։ Նախապէս յիշուած Լեսլին, իր գնահատանքը ուրիշ կերպերով ալ կ’արտայայտէ։ Ան կ’ըսէ. «Կ’աղօթեմ որ Եհովան անոնց պէտքերը ապահովէ։ Ասկէ զատ, ամուսինս ու ես նամակ կը գրենք անոնց եւ կ’ըսենք, որ անոնց այցելութիւնները շատ օգնած են մեզի»։ Յիշէ որ շրջանային տեսուչները ինծի–քեզի պէս մարդիկ են։ Ատեններ, անոնք ալ կը հիւանդանան, կը մտահոգուին եւ նոյնիսկ կը յուսահատին։ Թերեւս քու ազնիւ խօսքերուդ կամ տուած պզտիկ նուէրիդ միջոցաւ Եհովան պատասխանէ շրջանային տեսուչիդ աղօթքին (Առ. 12։25)։
ՄԵՆՔ «ՊԱՐԳԵՒՆԵՐ»ՈՒՆ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ
16. Առակաց 3։27–ին համաձայն, եղբայրները ի՞նչ հարցումներ կրնան հարցնել իրենք զիրենք։
16 Աշխարհին չորս կողմը աւելի եղբայրներու պէտք ունինք, որ որպէս «պարգեւներ» ծառայեն։ Եթէ մկրտուած եղբայր մըն ես, ‘ձեռքէդ այս աղէկութիւնը ընել կու գա՞յ’ (կարդա՛ Առակաց 3։27)։ Պատրա՞ստ ես ջանք թափելու որ օգնական ծառայ ըլլաս։ Եթէ արդէն օգնական ծառայ ես, պատրա՞ստ ես ջանք թափելու որ երէց ըլլաս եւ եղբայրներուդ հոգ տանիսc։ Պատրա՞ստ ես կեանքիդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու, որպէսզի Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը երթաս։ Այդ դպրոցը պիտի մարզէ քեզ եւ օգնէ որ Յիսուս քեզ աւելի գործածէ։ Եթէ կը զգաս որ ասոնք կարողութենէդ վեր են, Եհովային աղօթէ եւ իրմէ սուրբ հոգին խնդրէ, որպէսզի կարենաս քեզի տրուած որեւէ նշանակումի մէջ յաջողիլ (Ղուկ. 11։13. Գործք 20։28)։
17. ‘Որպէս պարգեւներ տրուած տղամարդիկը’ ի՞նչ կը փաստեն մեր Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսին մասին։
17 Յիսուսին կողմէ ‘որպէս պարգեւներ տրուած տղամարդիկը’ կը փաստեն, որ Եհովան մեզ կ’առաջնորդէ այս վերջին օրերուն ընթացքին (Մատ. 28։20)։ Երախտապարտ չե՞ս որ մենք շատ սիրալիր եւ առատաձեռն Թագաւոր մը ունինք, որ գիտէ մեր պէտքերը եւ որակեալ եղբայրներու միջոցաւ մեզի կ’օգնէ։ Ուրեմն, առիթներ փնտռէ որ գնահատանքդ ցուցնես ծանր աշխատող այս եղբայրներուն հանդէպ։ Եւ մի՛ մոռնար շնորհակալութիւն յայտնելու Եհովային, քանի որ «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» իրմէ է (Յակ. 1։17)։
ԵՐԳ 122 Միլիոնաւոր եղբայրներ
a ‘Որպէս պարգեւներ տրուած տղամարդոց’ մէջ կան նաեւ այն երէցները, որոնք կը ծառայեն որպէս Կառավարիչ մարմինի անդամներ, Կառավարիչ մարմինի օգնականներ, Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամներ եւ այլն։
b Կարգ մը անուններ փոխուած են։
c Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, թէ ինչպէ՛ս կրնաս ջանք թափել օգնական ծառայ կամ երէց մը ըլլալու համար, տե՛ս «Եղբայրներ, ջանք կը թափէ՞ք օգնական ծառայ ըլլալու» եւ «Եղբայրներ, ջանք կը թափէ՞ք որպէս երէց ծառայելու» յօդուածները՝ Դիտարան–ի նոյեմբեր 2024 թիւին մէջ։