ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 22
ԵՐԳ 109 Ողջունե՛նք Եահի անդրանիկ Որդին
Եհովային անունը որքա՞ն կարեւոր էր Յիսուսին համար
«Քու անունդ անոնց ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ» (ՅՈՎՀ. 17։26)։
ՆԻՒԹ
Յիսուս Եհովային անունը ինչպէ՞ս ճանչցուց, եւ այդ անունը ինչպէ՞ս սրբացուց ու պաշտպանեց։
1-2. ա) Իր մահէն մէկ գիշեր առաջ, Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ն էր. հինգշաբթի իրիկուն էր։ Յիսուս քիչ ետք պիտի մատնուէր, դատուէր, դատապարտուէր, չարչարուէր եւ սպաննուէր։ Վերնատան մը մէջ, ան իր հաւատարիմ առաքեալներուն հետ յատուկ ընթրիք մը ըրաւ, որմէ ետք քաջալերական խօսքեր խօսեցաւ անոնց։ Եւ երթալէ առաջ Յիսուս շատ կարեւոր աղօթք մը ըրաւ։ Յովհաննէս արձանագրեց այդ աղօթքը, որ կը գտնենք իր Աւետարանին 17–րդ գլուխին մէջ։
2 Այս յօդուածին մէջ, պիտի տեսնենք թէ Յիսուսի աղօթքէն ի՛նչ կարգ մը բաներ կրնանք սորվիլ։ Առաջին, իր մահէն առաջ ան ի՞նչ բանով մտահոգ էր։ Երկրորդ, երբ երկրի վրայ էր, իրեն համար ի՞նչն էր ամէնէն կարեւոր բանը։ Եկէք տեսնենք այս հարցումներուն պատասխանները։
«ՔՈՒ ԱՆՈՒՆԴ ԱՆՈՆՑ ՃԱՆՉՑՈՒՑԻ»
3. Յիսուս ի՞նչ ըսաւ Եհովային անունին մասին, եւ ան ի՞նչ ըսել ուզեց (Յովհաննէս 17։6, 26)։
3 Յիսուս իր աղօթքին մէջ ըսաւ. «Քու անունդ անոնց ճանչցուցի»։ Նոյն աղօթքին մէջ, ան երկո՛ւ անգամ ըսաւ որ Եհովային անունը ճանչցուցած էր իր աշակերտներուն (կարդա՛ Յովհաննէս 17։6, 26)։ Ան ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ Արդեօք ըսել կ’ուզէ՞ր որ իր աշակերտներուն սորվեցուցած էր որ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ Ո՛չ։ Անոնք հրեայ էին եւ արդէն գիտէին ասիկա։ Այս անունը հազարաւոր անգամներ յիշուած էր Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ։ Ուրեմն, Յիսուս ըսել կ’ուզէր որ ինք անոնց սորվեցուցած էր ոչ թէ Աստուծոյ անունը, հապա՝ Եհովային ի՛նչպիսի Աստուած մը ըլլալը։ Ան մարդոց գիտցուցած էր Եհովային նպատակները, գործերը եւ յատկութիւնները։ Մէկը չկայ որ Յիսուսին չափ լաւ գիտէ Եհովան։
4-5. ա) Մէկու մը անունը ինչպէ՞ս կրնայ աւելի կարեւոր դառնալ. օրինակ մը տուր։ բ) Յիսուսի աշակերտները ինչպէ՞ս Եհովային անունը ճանչցան։
4 Ասիկա աւելի լաւ հասկնալու համար օրինակ մը առնենք։ Ըսենք թէ ժողովքիդ մէջ Տէյվիտ անունով երէց մը կայ, որ բժիշկ է եւ դուն զինք տարիներէ ի վեր կը ճանչնաս։ Բայց օր մը առողջապահական լուրջ խնդիր մը կ’ունենաս։ Քեզ անմիջապէս կը տանին այն հիւանդանոցը, ուր այդ եղբայրը բժիշկ է, եւ ան կեանքդ կ’ազատէ։ Հիմա, այս եղբայրը առաջուընէ ա՛լ աւելի կը սիրես եւ ամէն անգամ որ իր անունը լսես, կը յիշես ի՛նչ ըրած է քեզի համար։ Այլեւս Տէյվիտը պարզապէս երէց մը չէ քեզի համար, հապա՝ այն բժիշկն է որ կեանքդ ազատեց։
5 Նոյնպէս, Յիսուսի աշակերտները լաւ գիտէին Եհովային անունը, բայց այդ անունը աւելի կարեւոր դարձաւ իրենց համար, երբ Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին անոնց օգնեց որ Եհովան աւելի՛ լաւ ճանչնան։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Որովհետեւ Յիսուս ամէն բանի մէջ իր Հայրը ընդօրինակեց։ Ատոր համար, երբ Յիսուսի առաքեալները լսեցին թէ Յիսուս ինչպէ՛ս կը սորվեցնէ եւ տեսան թէ ան ուրիշներուն հետ ինչպէ՛ս կը վարուի, կրցան ա՛լ աւելի ‘ճանչնալ’ Եհովան (Յովհ. 14։9. 17։3)։
‘ՔՈՒ ԱՆՈՒՆԴ ՈՐ ԴՈՒՆ ԻՆԾԻ ՏՈՒԻՐ’
6. Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ, թէ Եհովան Իր անունը տուած է իրեն (Յովհաննէս 17։11, 12)։
6 Յիսուս իր աղօթքին մէջ իր աշակերտներուն համար աղօթեց, ըսելով. «Քու անունովդ պահէ զանոնք, որ դուն ինծի տուիր» (կարդա՛ Յովհաննէս 17։11, 12)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Յիսուս այլեւս պիտի կոչուէր Եհովա։ Ո՛չ։ Նկատէ թէ երբ Յիսուս Եհովային անունին մասին կը խօսէր, ըսաւ՝ «քու անունովդ»։ Ուրեմն, Եհովային անունը Յիսուսին անունը չեղաւ։ Լաւ, Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ որ Աստուծոյ անունը իրեն տրուած էր։ Առաջին, Յիսուս Եհովային ներկայացուցիչն ու Խօսնակն է։ Ան իր Հօր անունովը եկաւ եւ այդ անունով ալ հրաշքներ ըրաւ (Յովհ. 5։43. 10։25)։ Երկրորդ, Յիսուս անունը կը նշանակէ՝ «Եհովան փրկութիւն է»։ Ուրեմն, Յիսուսի անուան նշանակութեան մէջ Եհովային անունն ալ կայ։
7. Օրինակով մը բացատրէ, թէ Յիսուս ինչո՛ւ կրնար Եհովային անունովը խօսիլ։
7 Աւելի լաւ հասկնալու համար կրնանք հետեւեալ օրինակը առնել։ Դեսպան մը կը ներկայացնէ նախագահ մը եւ անոր անունով կը խօսի։ Ուրիշ խօսքով, դեսպանին խօսքը եւ նախագահին խօսքը նոյն ազդեցութիւնը ունին։ Նոյնպէս, Յիսուս Եհովան ներկայացուց եւ Անոր անունովը խօսեցաւ մարդոց (Մատ. 21։9. Ղուկ. 13։35)։
8. Եհովային անունը ի՞նչ իմաստով Յիսուսին «վրայ» էր՝ երկիր գալէ առաջ (Ելից 23։20, 21)։
8 Սուրբ Գիրքը Յիսուսը կը կոչէ «Բանը», այսինքն՝ Եհովային Խօսնակը, քանի որ Եհովան զինք կը գործածէ, որ տեղեկութիւններ եւ ուղղութիւններ փոխանցէ հրեշտակներուն եւ մարդոց (Յովհ. 1։1-3)։ Հաւանաբար, Յիսուս էր այն հրեշտակը, որ Եհովան ղրկեց իսրայէլացիներուն հոգ տանելու համար անապատին մէջ։ Երբ Եհովան իսրայէլացիներուն ըսաւ որ այդ հրեշտակին հնազանդին, պատճառն ալ տուաւ անոնց, ըսելով. «Իմ անունս անոր վրայ է» (կարդա՛ Ելից 23։20, 21)a։ Եհովային անունը Յիսուսին «վրայ» է այն իմաստով, որ Յիսուս Եհովան կը ներկայացնէ եւ գլխաւոր անձն է, որ իր Հօր անունը կը պաշտպանէ եւ կը սրբացնէ։
«ՀԱ՛ՅՐ, ՓԱՌԱՒՈՐԷ ՔՈՒ ԱՆՈՒՆԴ»
9. Յիսուսին համար որքա՞ն կարեւոր էր Եհովային անունը. բացատրէ։
9 Ինչպէս որ տեսանք, նոյնիսկ երկիր չգալէն, Եհովային անունը շատ կարեւոր էր Յիսուսին համար։ Եւ երբ ան երկրի վրայ էր, իր բոլոր ըրածներով ալ ցուցուց թէ իրեն համար որքա՛ն կարեւոր էր Եհովային անունը։ Յիսուս իր ծառայութեան վերջաւորութեան, Եհովային ըսաւ. «Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ»։ Եհովան անմիջապէս երկինքէն շատ բարձր ձայնով պատասխանեց, ըսելով. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ» (Յովհ. 12։28)։
10-11. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս փառաւորեց իր Հօրը անունը (տե՛ս նաեւ նկարը)։ բ) Եհովային անունը ինչո՞ւ պէտք է սրբացուի ու պաշտպանուի։
10 Յիսուսն ալ իր Հօրը անունը փառաւորեց։ Ինչպէ՞ս։ Ան ուրիշներուն յայտնեց Եհովային հիանալի յատկութիւններուն եւ մարդոց համար իր ըրած գործերուն մասին։ Բայց ասիկա բաւարար չէր։ Նաեւ կարեւոր էր որ Յիսուս Եհովային անունը սրբացնէր եւ զինք պաշտպանէրb։ Եւ ան ցուցուց թէ ասիկա որքա՛ն կարեւոր էր, երբ տիպար աղօթքը սորվեցուց իր հետեւորդներուն։ Ան ըսաւ. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատ. 6։9)։
11 Եհովային անունը ինչո՞ւ պէտք է սրբացուի ու պաշտպանուի։ Որովհետեւ Եդեմի պարտէզին մէջ, Բանսարկու Սատանան Եհովա Աստուծոյ մասին սուտեր խօսեցաւ։ Ան ըսաւ որ Եհովան ստախօս է, եւ թէ Ադամն ու Եւան լաւ բանէ մը կը զրկէ (Ծն. 3։1-5)։ Ասանկ ըսելով, ան ըսել ուզեց թէ Եհովային վարուած կերպը ճիշդ չէ։ Սատանային այս սուտերը Եհովային լաւ անունին վնաս հասցուցին, պատճառ դառնալով որ մարդիկ կարծեն թէ Եհովան գէշ Աստուած մըն է։ Ետքը, Յոբի օրերուն, Սատանան ըսաւ թէ մարդիկ Եհովային կը ծառայեն, միա՛յն քանի որ իրմէ կ’օգտուին։ Այդ ստախօսը նաեւ ըսաւ թէ երբ մարդիկ դժուարութիւններու հանդիպին, պիտի դադրին Եհովային ծառայելէ, քանի որ իրեն հանդէպ իրական սէր չունին (Յոբ 1։9-11. 2։4)։ Ժամանակ պէտք էր որ անցնէր, որպէսզի փաստուէր թէ ո՛վ էր ստախօսը, Եհովա՞ն թէ Սատանա՞ն։
Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց թէ որքա՛ն կարեւոր է Աստուծոյ անունը սրբացնելը (տե՛ս պարբերութիւն 10)
«ԵՍ ԻՄ ԿԵԱՆՔՍ ԿԸ ԴՆԵՄ»
12. Յիսուս ի՞նչ պատրաստ էր ընելու, քանի որ Եհովային անունը կը սիրէր։
12 Քանի որ Յիսուս Եհովան կը սիրէր, ան պատրաստ էր նոյնիսկ մեռնելու, որպէսզի Եհովային անունը սրբացնէր եւ պաշտպանէրc։ Ան ըսաւ. «Ես իմ կեանքս կը դնեմ» (Յովհ. 10։17, 18)։ Մինչ առաջին կատարեալ զոյգը՝ Ադամն ու Եւան՝ իրենց կռնակը դարձուցին Եհովային եւ հետեւեցան Սատանային, անդին Յիսուս նոյնիսկ երկիր եկաւ որ ցուցնէ թէ որչա՜փ կը սիրէ Եհովան։ Ան իր սէրը փաստեց՝ ամէն ինչի մէջ Եհովային հնազանդելով (Եբ. 4։15. 5։7-10)։ Ան մինչեւ մահ Եհովային հաւատարիմ մնաց (Եբ. 12։2)։ Այսպիսով, ան փաստեց որ կը սիրէ Եհովան եւ անոր անունը։
13. Յիսուս ինչո՞ւ լաւագոյն անձն էր, որ կրնար Սատանային ստախօս ըլլալը փաստել (տե՛ս նաեւ նկարը)։
13 Յիսուս իր կեանքի ընթացքով հարիւր առ հարիւր փաստեց թէ Սատանան է ստախօսը եւ ոչ թէ՝ Եհովան (Յովհ. 8։44)։ Մէ՛կը չկար որ Յիսուսին չափ Եհովան կը ճանչնար։ Եթէ Եհովային դէմ ըսուած բաներէն մէ՛կը իրական ըլլար, Յիսուս ատիկա պիտի գիտնար։ Բայց քանի որ պարագան այդպէս չէր, Յիսուս հաստատ կերպով Եհովային համբաւը կամ անունը պաշտպանեց։ Նոյնիսկ երբ այնպէս երեւցաւ որ Եհովան զինք երեսի վրայ ձգած էր, Յիսուս ցուցուց որ պատրաստ էր մեռնելու, քան թէ իր սիրելի Հօր կռնակ դարձնելու (Մատ. 27։46)d։
Ամէն ինչ որ Յիսուս ըրաւ փաստեց որ Սատանա՛ն է ստախօսը, եւ ոչ թէ՝ Եհովան (տե՛ս պարբերութիւն 13)
«ԱՅՆ ԳՈՐԾԸ ՈՐ ԻՆԾԻ ՏՈՒԻՐ ԸՆԵԼՈՒ՝ ԼՄՆՑՈՒՑԻ»
14. Եհովան ինչպէ՞ս օրհնեց Յիսուսը իր հաւատարմութեան համար։
14 Յիսուս իր մահէն գիշեր մը առաջ, իր աղօթքին մէջ ըսաւ. «Այն գործը որ ինծի տուիր ընելու՝ լմնցուցի»։ Ան վստահութիւն ունէր թէ Եհովան պիտի օրհնէր զինք իր հաւատարմութեան համար (Յովհ. 17։4, 5)։ Եւ այս վստահութիւնը տեղին էր, քանի որ Եհովան զինք չձգեց գերեզմանին մէջ (Գործք 2։23, 24)։ Ան իրեն յարութիւն տուաւ եւ երկինքին մէջ՝ շատ բարձր դիրք մը (Փլպ. 2։8, 9)։ Ի վերջոյ, Յիսուս սկսաւ իբր թագաւոր իշխել Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ։ Լաւ, այս Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի ընէր։ Յիսուս այս հարցումին պատասխանեց, երբ իր աշակերտներուն սորվեցուց որ այսպէս աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու [Եհովային] կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատ. 6։10)։
15. Յիսուս ուրիշ ի՞նչ պիտի ընէ։
15 Մօտ ատենէն, Յիսուս Աստուծոյ թշնամիներուն դէմ պիտի պատերազմի եւ զանոնք պիտի կործանէ Արմագեդոնին (Յայտ. 16։14, 16. 19։11-16)։ Ատկէ քիչ ժամանակ ետք, Յիսուս Սատանան «անդունդը» պիտի նետէ, ուր ան անգործունեայ պիտի մնայ (Յայտ. 20։1-3)։ Իր Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Յիսուս երկրի վրայ խաղաղութիւն պիտի բերէ եւ մարդիկը կատարեալ պիտի դարձնէ։ Ասկէ զատ, ան մեռելներուն յարութիւն պիտի տայ եւ ամբողջ երկիրը դրախտի պիտի վերածէ։ Այսպիսով, Եհովային նպատակը իրագործուած պիտի ըլլայ (Յայտ. 21։1-4)։
16. Կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ Հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան։
16 Կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ Հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան։ Մեղքն ու անկատարութիւնը անհետացած պիտի ըլլան։ Մարդիկը այլեւս պէտք պիտի չունենան փրկանքին հիման վրայ ներողութիւն խնդրելու իրենց մեղքերուն համար, ո՛չ ալ պէտք պիտի ունենան միջնորդի մը կամ՝ քահանայութեան։ Եւ «վերջին թշնամին որ [ոչնչացուած պիտի ըլլայ]՝ [ադամական] մահն է»։ Գերեզմանները պարապ պիտի ըլլան, քանի որ մեռելները յարութիւն առած պիտի ըլլան։ Երկրի վրայ ամէն մարդ կատարեալ պիտի ըլլայ (Ա. Կոր. 15։25, 26, ԱԾ)։
17-18. ա) Ի՞նչ պիտի պատահի Հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան։ բ) Յիսուս ի՞նչ պիտի ընէ, երբ իր իշխանութիւնը վերջ գտնէ (Ա. Կորնթացիս 15։24, 28) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
17 Ուրիշ ի՞նչ պիտի պատահի Հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան։ Շատ յատուկ բան մը։ Եհովային սուրբ եւ արդար ըլլալուն նկատմամբ բոլոր կասկածները վերջ պիտի գտնեն։ Ինչպէ՞ս։ Հակառակ անոր որ Եդեմի պարտէզին մէջ Սատանան ըսաւ որ Եհովան ստախօս է եւ սէրէ մղուած չ’իշխեր մարդոց վրայ, բայց Եհովային ծառաները այդ օրէն ի վեր շատ անգամներ սրբացուցած ու պաշտպանած են Եհովային անունը։ Իսկ Հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան, լման փաստուած պիտի ըլլայ, թէ Սատանային բոլոր ըսածները սուտ են եւ թէ Եհովան սիրալիր Հայր մըն է։
18 Յիսուս ի՞նչ պիտի ընէ, երբ իր իշխանութիւնը վերջ գտնէ։ Արդեօք Սատանային պէս դէմ պիտի ելլէ՞ Եհովային։ Ո՛չ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։24, 28)։ Յիսուս Թագաւորութիւնը ետ Եհովային պիտի յանձնէ եւ ինքն ալ Եհովային իշխանութեան պիտի հնազանդի։ Ինք պատրաստ է ամէն ինչէ վազ անցնելու, որովհետեւ Եհովան կը սիրէ։
Հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան, Յիսուս Թագաւորութիւնը ետ Եհովային պիտի յանձնէ (տե՛ս պարբերութիւն 18)
19. Եհովային անունը որքա՞ն կարեւոր է Յիսուսին համար։
19 Ինչո՞ւ չենք զարմանար որ Եհովան պատրաստ էր Իր անունը Յիսուսին տալու։ Քանի որ Յիսուս փաստեց որ իր Հօր կատարեալ ներկայացուցիչն է։ Իսկ Եհովային անունը որքա՞ն կարեւոր է Յիսուսին համար։ Ատիկա իրեն համար որեւէ բանէ աւելի կարեւոր է։ Ան պատրաստ էր այս անունին համար մեռնելու եւ պատրաստ պիտի ըլլայ ամէն բան ետ Եհովային յանձնելու՝ Հազարամեայ իշխանութենէն ետք։ Լաւ, մենք ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։ Պատասխանը պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։
ԵՐԳ 108 Փա՛ռք տանք Եհովային, իր Թագաւորութեան համար
a Ատեններ, հրեշտակներն ալ Եհովան ներկայացուցած են, երբ իր անունով բան մը ըսած են մարդոց։ Ասոր համար, Սուրբ Գիրքին մէջ անցած են դէպքեր, ուր հրեշտակի մը մասին կը խօսուի որպէս թէ ան Եհովան է (Ծն. 18։1-33)։ Թէեւ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ Մովսէս Օրէնքը Եհովայէ՛ն առաւ, բայց ուրիշ համարներ ցոյց կու տան, որ Եհովան հրեշտակներո՛ւ միջոցաւ է որ այդ Օրէնքը իր անունով Մովսէսին տուաւ (Ղեւ. 27։34. Գործք 7։38, 53. Գաղ. 3։19. Եբ. 2։2-4)։
b ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. «Սրբացնել» ըսել է՝ պատուել, սուրբ նկատել կամ խոր յարգանք ունենալ։ «Պաշտպանել» բառը ունի նաեւ ջատագովել իմաստը, որ ըսել է՝ մէկու մը անունը մաքրել սուտերէ, կամ փաստել՝ որ ան անմեղ է եւ իր մասին ըսուածները սխալ են։
c Յիսուսին մահը նաեւ առիթ բացաւ որ մարդիկ յաւիտենական կեանք ունենան։
d Տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը՝ Դիտարան–ի ապրիլ 2021 թիւին մէջ, էջ 30-31։