Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Յուլիս էջ 8-13
  • Ինչպէ՞ս պէտք է խրատ տանք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչպէ՞ս պէտք է խրատ տանք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՐԲ ՄԵԶՄԷ ԽՐԱՏ ՈՒԶՈՒԻ
  • ԵՐԲ ՄԵԶՄԷ ԽՐԱՏ ՉՈՒԶՈՒԻ
  • ՃԻՇԴ ԱՏԵՆ ԵՒ ՃԻՇԴ ԿԵՐՊՈՎ ԽՐԱՏ ՏԱԼ
  • ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԽՐԱՏ ՏԱԼ ԵՒ ԽՐԱՏ ԸՆԴՈՒՆԻԼ
  • Ինչպէ՞ս պէտք է խրատ փնտռենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • ‘Երէցները կանչէ’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Տուած խրատդ սիրտը կ’ուրախացնէ՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • «Իմաստուններուն խօսքերուն մտիկ ըրէ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Յուլիս էջ 8-13

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 29

ԵՐԳ 119 Եկէք եւ թարմացէք

Ինչպէ՞ս պէտք է խրատ տանք

«Քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ» (ՍԱՂ. 32։8)։

ՆԻՒԹ

Պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք ուրիշներուն օգտակար եղող խրատներ տալ։

1. Ո՞վ պէտք է խրատ տայ, եւ ինչո՞ւ։

ԽՐԱՏ տալու նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգաս։ Ոմանց համար ասիկա դիւրին է, իսկ ուրիշներ՝ կը քաշուին կամ հանգիստ չեն զգար ասիկա ընելու։ Ինչ որ ալ զգանք, բոլորս պէ՛տք է ատենէ ատեն իրարու խրատ տանք։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Յիսուս ըսաւ որ իր ճշմարիտ հետեւորդները պիտի ճանչցուին՝ իրարու հանդէպ իրենց ցուցաբերած սիրով (Յովհ. 13։35)։ Եւ այդ սէրը ցոյց տալու կերպերէն մէկն է՝ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն խրատ տալ, երբ ատոր պէտքը ըլլայ։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ թէ երբ «անկեղծ խրատ» կու տանք, մեր բարեկամութիւնները կը զօրացնենք (Առ. 27։9, ՆԱ)։

2. Երէցները ի՞նչ պէտք է գիտնան ընել, եւ ինչո՞ւ (տե՛ս նաեւ «Միջշաբաթային ժողովին տրուած խրատներ» տուփը)։

2 Մանաւանդ երէցները պէտք է գիտնան, թէ ինչպէ՛ս կրնան օգտակար խրատներ տալ ուրիշներուն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան Յիսուսին միջոցաւ զիրենք նշանակած է որ ժողովքը հովուեն (Ա. Պետ. 5։2, 3)։ Օրինակ, անոնք Աստուծոյ Խօսքէն խրատներ կու տան իրենց դասախօսութիւններուն մէջ։ Անոնք նաեւ խրատ կու տան ամէն մէկ ոչխարի, մէջը ըլլալով՝ անոնք որոնք Եհովայէն հեռացած են։ Երէցները ինչպէ՞ս կրնան օգտակար խրատներ տալ ուրիշներուն։ Ասիկա գիտնալը մեզի ալ կ’օգնէ որ օգտակար խրատներ տանք ուրիշներուն։

Միջշաբաթային ժողովի ատենապետը «Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք» գրքոյկը կը գործածէ, որ աշակերտ մը գովէ եւ խրատէ։

Միջշաբաթային ժողովին տրուած խրատներ

Միջշաբաթային ժողովին ատենապետը օգտակար խրատներ կու տայ բաժին ունեցողներուն։ Մինչ աշակերտը իր բաժինը կը ներկայացնէ, ատենապետը կը նայի, որ ան որքա՛ն լաւ կը գործադրէ իր աշխատելիք կէտը։

Բաժինէն ետք, ատենապետը անկեղծօրէն կը գովէ աշակերտը։ Եւ եթէ պէտքը կայ՝ ան մեղմօրէն մասնայատուկ խրատ կու տայ, թէ աշակերտը ինչպէ՛ս կրնայ բարելաւուիլ։ Այսպիսի խրատներ ոչ միայն կ’օգնեն աշակերտին, հապա նաեւ՝ բոլոր ներկաներուն (Առ. 27։17)։

3. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք սորվիլ լաւ խրատ տուող մը ըլլալ (Եսայի 9։6. տե՛ս նաեւ «Յիսուսը ընդօրինակէ երբ խրատ կու տաս» տուփը)։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Երբ կը սերտենք թէ Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած անձնաւորութիւններէն ոմանք ինչպէ՛ս խրատ տուին, կը սորվինք ինչպէ՛ս կրնանք լաւ խրատ տալ։ Անոնց մէջէն լաւագոյն օրինակը Յիսուսն է։ Յիսուսին մասին կ’ըսուի «Սքանչելի Խորհրդակից [այսինքն՝ խրատ Տուող]» (կարդա՛ Եսայի 9։6)։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք այս հարցումները. ի՞նչ կրնանք ընել երբ մեզմէ խրատ ուզուի, ի՞նչ կրնանք ընել երբ խրատ պէտք է տանք՝ նոյնիսկ երբ մեզմէ չուզուի եւ ինչո՞ւ կարեւոր է որ ճիշդ ժամանակին եւ ճիշդ կերպով խրատ տանք։

Յիսուսը ընդօրինակէ երբ խրատ կու տաս

Նկատի առ թէ Յիսուս ինչո՛ւ «Սքանչելի Խորհրդակից» է եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք իր օրինակին հետեւիլ։

  • Յիսուս գիտէր ի՛նչ ըսել եւ ի՛նչ չըսել։ Ան միշտ գիտէր ճիշդ ի՛նչ ըսել, որովհետեւ իր խրատը կը հիմնէր Եհովային իմաստութեան վրայ եւ ոչ թէ՝ իր անձնական իմաստութեան։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, ո՛չ թէ ինքնիրմէս կը խօսիմ» (Յովհ. 14։10)։

    Դասը. Նոյնիսկ երբ տարիքով աւելի մեծ ենք կամ շատ փորձառութիւն ունինք, պէտք է վստահ ըլլանք որ մեր տուած խրատը հիմնուած է ո՛չ թէ մեր անձնական գաղափարներուն վրայ, հապա՝ Աստուծոյ Խօսքին։

  • Յիսուս գիտէր ե՛րբ խրատ տալ։ Ան ամէն բան մէկ անգամէն չըսաւ իր աշակերտներուն։ Ընդհակառակը, սպասեց որ ճիշդ ժամանակը ըլլայ որ իրենց խրատէ, եւ ըսաւ միայն այն բաները որ կրնային հասկնալ (Յովհ. 16։12)։

    Դասը. Երբ մէկը պիտի խրատենք, պէտք է սպասենք ճիշդ ժամանակին որ խօսինք (Ժող. 3։7)։ Եթէ անոր շատ բաներ ըսենք, կրնայ ըլլալ որ շուարի եւ վհատի։ Ուրեմն, մէկու մը լաւագոյն կերպով կ’օգնենք, երբ անոր կ’ըսենք միա՛յն այն բաները որ պէտք ունի գիտնալու։

  • Յիսուս գիտէր ինչպէ՛ս խրատը յարգանքով տալ։ Ան քանի մը անգամ պէտք ունեցաւ իր առաքեալներուն խրատ տալու խոնարհ ըլլալու մասին։ Բայց ամէն անգամ որ խրատ տուաւ՝ հանդարտութեամբ եւ յարգանքով ըրաւ ասիկա (Մատ. 18։1-5)։

    Դասը. Նոյնիսկ երբ մէկու մը նոյն խրատը մի քանի անգամ պիտի տանք, եթէ հանդարտութեամբ եւ յարգանքով տանք զայն՝ աւելի հաւանական է որ մեր խրատը ընդունի։

ԵՐԲ ՄԵԶՄԷ ԽՐԱՏ ՈՒԶՈՒԻ

4-5. Երբ մէկը մեզմէ խրատ ուզէ, նախ մենք մեզի ի՞նչ հարցում պէտք է հարցնենք. օրինակ մը տուր։

4 Երբ բարեկամդ քեզմէ խրատ ուզէ, թերեւս ուրախանաս որ ան քեզի կը վստահի, եւ ուզես իրեն անմիջապէս օգտակար դառնալ։ Բայց նախ պէտք է դուն քեզի հարցնես. «Պէտք եղած գիտութիւնն ու փորձառութիւնը ունի՞մ, որ ընկերիս լաւ խրատ տամ»։ Երբեմն, ընկերիդ օգնելու լաւագոյն կերպը կրնայ ըլլալ՝ իրեն խրատ չտալ, հապա իրեն ըսել որ հարցնէ մէկու մը, որ այդ նիւթին շուրջ աւելի գիտէ։

5 Նկատի առ այս օրինակը. ըսենք թէ մտերիմ ընկեր մը ունիս որ լուրջ հիւանդութեամբ մը բռնուած է։ Քեզի կ’ըսէ որ ինքը սկսած է պրպտելու թէ ի՛նչ բուժումներ կան իր պարագային համար, եւ ետքը քեզմէ կը խնդրէ որ կարծիքդ տաս թէ ո՛ր բուժումը աւելի լաւ է։ Թերեւս արդէն որոշ կարծիք մը ունիս, բայց բժիշկ չես կամ այդ բժշկական ճիւղին մէջ մարզում չես ստացած։ Այս պարագային, եթէ կ’ուզես ընկերիդ լաւագոյն կերպով օգտակար դառնալ, իրեն օգնէ որ գտնէ մէկը որ պէտք եղած մարզումը ունի։

6. Ինչո՞ւ լաւ է որ սպասենք խրատ տալէ առաջ։

6 Նոյնիսկ եթէ կը զգանք որ փորձառութիւն ունինք որոշ նիւթի մը շուրջ խրատ տալու եւ արդէն գիտե՛նք մեր տալիք պատասխանը, լաւ կ’ըլլայ որ քիչ մը սպասենք՝ մէկու մը պատասխան տալէ առաջ։ Ինչո՞ւ։ Առակաց 15։28–ը կ’ըսէ. «Արդարին սիրտը տրուելիք պատասխանին վրայ կը մտածէ»։ Լաւ կ’ըլլայ որ մի՛շտ մեր ժամանակը առնենք պրպտում ընելու, աղօթելու եւ խոկալու համար նիւթին վրայ։ Ասանկով, աւելի վստահ պիտի ըլլանք, որ մեր տալիք պատասխանը Եհովային մտածումներուն համաձայն է։ Նկատի առնենք Նաթան մարգարէին օրինակը։

7. Ի՞նչ կը սորվինք Նաթան մարգարէին օրինակէն։

7 Դաւիթ թագաւոր Նաթան մարգարէին ըսաւ, որ կ’ուզէ Եհովային համար տաճար շինել։ Նաթան անմիջապէս խրատ տուաւ որ Դաւիթը իր ուզածը ընէ։ Բայց Նաթանը պէտք էր խրատ տալէն առաջ իր ժամանակը առնէր, որ Եհովային կարծիքը գիտնար նիւթին շուրջ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Եհովան չէր ուզեր որ Դաւիթը տաճարը շինէ (Ա. Մն. 17։1-4)։ Այս դէպքը մեզի ցոյց կու տայ, որ երբ մեզմէ խրատ ուզուի, մեր կողմէ իմաստութիւն է որ շուտով պատասխան չտանք (Յակ. 1։19)։

8. Ուրիշ ի՞նչ պատճառ կայ, որ խրատ տալու ատեն ուշադիր ըլլանք։

8 Նկատի առ պատճառ մը եւս, թէ ինչո՛ւ խրատ տալու ատեն ուշադիր պէտք է ըլլանք։ Եթէ մէկու մը սխալ խրատ տանք եւ անոր առած որոշումը գէշ հետեւանքներ ունենայ, մենք ալ որոշ չափով պատասխանատու կ’ըլլանք։ Ուրեմն, շատ կարեւոր է որ խրատ տալէ առաջ լա՛ւ մտածենք։

ԵՐԲ ՄԵԶՄԷ ԽՐԱՏ ՉՈՒԶՈՒԻ

9. Երէցները խրատ տալէ առաջ ի՞նչ պէտք է ընեն (Գաղատացիս 6։1)։

9 Ատենէ ատեն, երէցները պէտք է իրե՛նք առնեն առաջին քայլը խրատելու համար եղբայր մը կամ քոյր մը, որ «սխալ քայլ» մը առած է։ Գաղատացիս 6։1–ը (ՆԱ) կ’ըսէ. «Եղբա՛յրներ, եթէ մէկը սխալ քայլ առնէ, դուք որ հոգեւոր որակումներ ունիք, փորձեցէք այդ անձը մեղմութեամբ ուղղել»։ Հոս կը խօսուի մէկու մը մասին, որ անմիտ որոշումներ կ’առնէ, թէեւ ան տակաւին լուրջ մեղք մը չէ գործած։ Երէցներուն նպատակը կ’ըլլայ անոր օգնել, որ յաւիտենական կեանքի տանող ճամբուն մէջ մնայ (Յակ. 5։19, 20)։ Բայց անոնց խրատները օգտակար ըլլալու համար, անոնք նախ պէտք է վստահ ըլլան որ անձը ի՛րապէս սխալ քայլ մը առած է։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ անոնք կը հասկնան, որ եթէ մէկը իր խղճին հիման վրայ իրենցմէ տարբեր որոշում մը առնէ, ասիկա չի նշանակեր թէ ան Եհովան նեղացնող բան մը կ’ընէ (Հռով. 14։1-4)։ Բայց եթէ երէցները տեսնեն թէ ան ի՛րապէս սխալ քայլ մը առած է, անոնք ինչպէ՞ս կրնան իրեն խրատ տալ։

10-12. Երէցները ի՞նչ պէտք է ընեն, երբ խրատ պիտի տան մէկու մը, որ խրատ չէ ուզած իրենցմէ. օրինակ մը տուր (տե՛ս նաեւ նկարները)։

10 Երէցներուն համար դիւրին չէ խրատ տալ մէկու մը, որ խրատ չէ ուզած իրենցմէ։ Ինչո՞ւ։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ, թէ մէկը թերեւս առանց անդրադառնալու սխալ քայլ մը առնէ։ Ասոր համար, մէկու մը խրատ տալէ առաջ, երէցները պէտք է կարգ մը բաներ ընեն, որպէսզի անձը դիւրաւ կարենայ խրատը մտիկ ընել։

11 Ասիկա կրնանք նմանցնել հողագործի մը, որ կը ջանայ կարծր հողին մէջ հունտ ցանել։ Հունտը հողին մէջ ցանելէ առաջ, ան հողը կը հերկէ, զայն պատրաստելու համար։ Ետքը՝ հունտը կը ցանէ։ Վերջաւորութեան, ան կը ջրէ, որպէսզի հունտը սկսի աճիլ։ Նոյնպէս, կան բաներ որոնք երէցը կրնայ ընել, որպէսզի եղբայրը դիւրաւ կարենայ խրատը մտիկ ընել։ Օրինակ, ան յարմար ժամանակը կը սպասէ եւ ետքը եղբօր կ’ըսէ, թէ իրեն բանի մը մասին պիտի խօսի, քանի որ իր լաւութիւնը կ’ուզէ։ Եթէ խրատ տուող երէցը ճանչցուած է որ ազնիւ ու սիրալիր է, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ ուրիշներ իր խրատը ընդունին։

12 Մինչ երէցը եղբօր հետ կը խօսի, ան կրնայ շարունակել «հողը կակուղցնել»՝ անոր ըսելով որ ամէն մարդ սխալներ կ’ընէ եւ ատեն–ատեն խրատի պէտք կ’ունենայ (Հռով. 3։23)։ Ան հանդարտութեամբ եւ յարգանքով Սուրբ Գիրքէն կը ցուցնէ անոր, որ ինչպէ՛ս սխալ քայլ մը առած է։ Հազիւ որ եղբայրը ընդունի իր սխալը, երէցը «հունտը կը ցանէ»՝ պարզ բառերով բացատրելով անոր, որ ի՛նչ պէտք է ընէ հարցը շտկելու համար։ Ետքը, երէցը հունտը «կը ջրէ»՝ եղբայրը գովելով եւ անոր հետ աղօթելով (Յակ. 5։15)։

Նկարներ որոնք երէցի մը խրատ տալը կը նմանցնեն՝ հողագործի մը կարծր հողին մէջ հունտ ցանելուն։ 1. Հողը պատրաստէ։ Հողագործը հողը կը հերկէ. երէցը ազնուութեամբ եղբօրը հետ կը խօսի։ 2. Ցանէ։ Հողագործը հունտ մը կը դնէ հերկուած հողին մէջ. երէցը Սուրբ Գիրքը կը գործածէ որ եղբօրը հետ տրամաբանէ։ 3. Ջրէ։ Հողագործը ցանած հունտը կը ջրէ. երէցը եղբօրը հետ կ’աղօթէ։

Երբ երէցները խրատ կու տան մէկու մը որ իրենցմէ խրատ չէ ուզած, ատիկա կ’ընեն սիրով եւ ազնիւ կերպով (տե՛ս պարբերութիւն 10-12)


13. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան վստահ ըլլալ, թէ դիմացինը ճիշդ հասկցաւ խրատը։

13 Ատեններ, երէցի մը խրատը բան մը կ’ըլլայ եւ խրատ ստացողը լման ուրիշ բան մը հասկցած կ’ըլլայ։ Լաւ, Երէց մը ինչպէ՞ս կրնայ վստահ ըլլալ, թէ դիմացինը ճիշդ հասկցաւ խրատը։ Ան կրնայ ազնուօրէն եւ յարգանքով հարցումներ հարցնել (Ժող. 12։11)։ Երէցը դիմացինին պատասխաններէն կրնայ գիտնալ թէ խրատը ճիշդ հասկցած է կամ ոչ։

ՃԻՇԴ ԱՏԵՆ ԵՒ ՃԻՇԴ ԿԵՐՊՈՎ ԽՐԱՏ ՏԱԼ

14. Պէ՞տք է մեր ջղայնացած վիճակին մէջ խրատ տանք։

14 Բոլորս ալ անկատար ենք եւ ատոր համար երբեմն կ’ընենք ու կ’ըսենք բաներ, որոնք ուրիշները կը նեղացնեն (Կող. 3։13)։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ թէ ատեններ մէկը կրնայ նոյնիսկ մեզ բարկացնել (Եփ. 4։26)։ Բայց պէտք չէ մեր ջղայնացած վիճակին մէջ ուրիշին խրատ տանք։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ «մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չի կատարեր» (Յակ. 1։20)։ Եթէ մեր ջղայնացած վիճակին մէջ խրատ տանք, վնաս պիտի հասցնենք, քան՝ օգուտ։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ բնա՛ւ մեր գաղափարները եւ զգացումները պէտք չէ արտայայտենք անոնց, որոնք մեզ կը ջղայնացնեն։ Հապա, մէկու մը բան մը ըսելէ առաջ, պէտք է սպասենք մինչեւ որ հանդարտինք։ Շատ բան կրնանք սորվիլ Եղիուսէն, որ լաւ խրատներ տուաւ Յոբին։

15. Եղիուսէն ի՞նչ կը սորվինք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

15 Եղիուս օրերով Յոբին մտիկ ըրաւ, մինչ ան ինքզինք կը պաշտպանէր իր մասին ըսուած սխալ բաներուն դէմ։ Թէեւ Եղիուս Յոբին հետ զգաց, բայց իր ջղայնութենէն եռաց, քանի որ Յոբ Եհովային մասին սխալ բաներ ըսաւ եւ փորձեց փաստել որ ինք անմեղ էր։ Հակառակ ասոր, Եղիուս սպասեց որ իր կարգը գայ խօսելու, եւ երբ իր բերանը բացաւ՝ շատ յարգանքով եւ մեղմութեամբ խրատ տուաւ Յոբին (Յոբ 32։2. 33։1-7)։ Կարեւոր դաս մը կը սորվինք Եղիուսէն. պէտք է գիտնանք ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս խրատ տալ՝ հանդարտութեամբ եւ սիրով (Ժող. 3։1, 7)։

Եղիուսը կարեկցութեամբ մտիկ կ’ընէ Յոբին՝ որուն մարմինը վէրքերով լեցուած է։

Թէեւ Եղիուս սկիզբը իր ջղայնութենէն եռաց, բայց ետքը իր խրատը շատ յարգանքով եւ մեղմութեամբ տուաւ (տե՛ս պարբերութիւն 15)


ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԽՐԱՏ ՏԱԼ ԵՒ ԽՐԱՏ ԸՆԴՈՒՆԻԼ

16. Սաղմոս 32։8–էն ի՞նչ դաս կը սորվինք։

16 Այս յօդուածին գլխաւոր համարը կ’ըսէ որ Եհովան ‘մեզ պիտի խրատէ, իր աչքը մեր վրայ պիտի ըլլայ’ (կարդա՛ Սաղմոս 32։8)։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ Եհովան կը շարունակէ մեզի օգնել։ Ան ո՛չ միայն մեզի խրատ կու տայ, հապա նաեւ մեզի կ’օգնէ որ խրատը գործադրենք։ Մենք ալ կրնանք Եհովային օրինակին հետեւիլ։ Երբ պէտք ըլլայ ուրիշներուն խրատ տալ, մեր աչքը անոնց վրայ պէտք է պահենք եւ մեր կրցածին չափ անոնց օգնենք որ յաջողին։

17. Երբ երէցները մասնայատուկ եւ Սուրբ Գիրքի վրայ հիմնուած խրատներ կու տան, ի՞նչ կը զգանք (Եսայի 32։1, 2)։

17 Որեւէ ժամանակէ աւելի հիմա պէտք ունինք խրատ տալու եւ խրատ ընդունելու (Բ. Տիմ. 3։1)։ Այն երէցները, որոնք մասնայատուկ եւ Սուրբ Գիրքի վրայ հիմնուած խրատներ կու տան՝ «չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս» կը թարմացնեն մեզ (կարդա՛ Եսայի 32։1, 2)։ Այն բարեկամները, որոնք գիտեն թէ մենք ինչ կ’ուզե՛նք լսել, բայց մեզի կ’ըսեն ինչ պէ՛տք ունինք լսելու, կու տան մեզի նուէր մը, որ «արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներ»էն աւելի արժէքաւոր է (Առ. 25։11)։ Ուրեմն, բոլորս ալ շարունակենք սորվիլ թէ՛ խրատ առնել եւ թէ՛ խրատ ընդունիլ։

Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ՅԻՇԵՆՔ ԵՐԲ. . .

  • մեզմէ խրատ ուզուի։

  • մեզմէ խրատ չուզուի։

  • ջղայնանանք։

ԵՐԳ 73 Սրտանց ու ջերմօրէն սիրենք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել