Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Յուլիս էջ 20-25
  • ‘Սորվա՞ծ ես’ գոհ ըլլալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Սորվա՞ծ ես’ գոհ ըլլալ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԳՆԱՀԱՏՈՂ ԵՂԻՐ
  • ԿԵԴՐՈՆԱՑԱԾ ԵՒ ԽՈՆԱՐՀ ՄՆԱՑԻՐ
  • ՅՈՅՍԻԴ ՎՐԱՅ ԽՈԿԱՅ
  • «ԱՆԿԷ ՎԱԽՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ԲԱՆ ՄԸ ՊԱԿԱՍ Չ’ԸԼԼԱՐ»
  • Խոնարհաբար ընդունէ բաներ որ չես գիտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Յիշէ որ Եհովան «ապրող Աստուածն է»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Որոշումներ՝ որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովային կը վստահինք
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Ճշմարտութիւնը կրնա՞ս զանազանել սուտէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Յուլիս էջ 20-25

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 31

ԵՐԳ 75 Մեր ուրախութեան պատճառները

‘Սորվա՞ծ ես’ գոհ ըլլալ

«Սորվեցայ գոհ ըլլալ իմ գտնուած վիճակիս մէջ» (ՓԼՊ. 4։11)։

ՆԻՒԹ

Երբ ջանանք գնահատող ըլլալ, կեդրոնացած ու խոնարհ ըլլալ եւ մեր յոյսին վրայ խոկալ՝ կը սորվինք գոհ ըլլալ։

1. Գոհ ըլլալ ի՞նչ կը նշանակէ եւ ի՞նչ չի նշանակեր։

ԳՈ՞Հ մէկն ես։ Իր ունեցածով գոհացող անձը ուրախութիւն ու խաղաղութիւն կը վայելէ՝ իր ներկայ օրհնութիւններուն վրայ կեդրոնանալով։ Ան չի նեղուիր կամ չի բարկանար որ կարգ մը բաներ չունի։ Բայց գոհ ըլլալ չի նշանակեր անհոգ ըլլալ։ Օրինակի համար, սխալ չէ որ քրիստոնեան ուզէ Եհովային ծառայութեան մէջ աւելին ընել (Հռով. 12։1. Ա. Տիմ. 3։1)։ Բայց ան իր ուրախութիւնը չի կորսնցներ, եթէ առանձնաշնորհում մը իր ակնկալածին չափ արագ չստանայ։

2. Դժգոհութիւնը ինչո՞ւ շատ վտանգաւոր է։

2 Դժգոհութիւնը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ։ Անոնք որոնք միշտ իրենց ունեցածով դժգոհ են, երկար ժամեր կ’աշխատին, որպէսզի գնեն բաներ որոնց պէտք չունին։ Ցաւօք սրտի, կարգ մը քրիստոնեաներ նոյնիսկ գողցած են դրամ եւ ուրիշ բաներ։ Թերեւս անոնք իրենք իրենց ըսած են. ‘Ես կ’արժե՛մ ասիկա’, ‘Շա՜տ երկար սպասեցի ասոր’, կամ՝ ‘Դրամը ետքը կը վերադարձնեմ’։ Բայց ամէն տեսակ գողութիւն Եհովային ‘անարգանք կը բերէ’ (Առ. 30։9,ՆԱ) Ոմանք ալ, երբ առանձնաշնորհում մը չեն ստացած, ա՛յնքան յուսախաբ ու դժգոհ եղած են, որ դադրած են Եհովային ծառայելէ (Գաղ. 6։9)։ Եհովայի ծառայի մը մտքէն ինչպէ՞ս կ’անցնի ասանկ բան մը ընել։ Թերեւս խնդիրը այն է, որ ան երթալով սկսած է դժգոհ դառնալ։

3. Փիլիպպեցիս 4։11, 12–էն ի՞նչ քաջալերական դաս մը կը սորվինք։

3 Բոլորս կրնանք սորվիլ գոհ ըլլալ։ Պօղոս առաքեալ գրեց որ ինք ‘սորվեցաւ գոհ ըլլալ իր գտնուած վիճակին մէջ’ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։11, 12)։ Հակառակ որ ան բանտն էր երբ այս խօսքը գրեց, բայց ան իր ուրախութիւնը չէր կորսնցուցած, քանի որ ան ‘սորված էր’ գոհ ըլլալ։ Պօղոսին խօսքը եւ օրինակը ցոյց կու տան, որ եթէ մենք ալ ջանք թափենք, կրնա՛նք գոհ ըլլալ՝ ի՛նչ ալ ըլլայ մեր վիճակը։ Մենք գոհ չենք ծնիր, բայց պէտք է սորվինք գոհ ըլլալ։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առնենք այն յատկութիւնները, որոնք մեզի կ’օգնեն գոհ ըլլալու։

ԳՆԱՀԱՏՈՂ ԵՂԻՐ

4. Գնահատող ըլլալը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ գոհ ըլլանք (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։18)։

4 Գնահատող անձը գոհ կ’ըլլայ (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։18)։ Օրինակ, երբ շնորհակալ ենք այն անհրաժեշտ բաներուն համար որ ունինք, շատ հաւանական է որ չափէ դուրս չմտածենք այն բաներուն մասին որ չունինք՝ բայց կ’ուզենք ունենալ։ Երբ մեր հիմակուան ծառայութեան նշանակումներուն համար շնորհակալութիւն յայտնենք Եհովային, պիտի կեդրոնանանք ատոնք լաւագոյն կերպով ընելուն վրայ՝ փոխանակ մեր խելքը–միտքը նոր նշանակում մը ստանալու վրայ ըլլայ։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ մեր աղօթքներուն մէջ շնորհակալութիւն ալ յայտնենք Եհովային։ Գնահատող ըլլալը մեզի կ’օգնէ, որ զգանք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (Փլպ. 4։6, 7)։

5. Իսրայէլացիները ի՞նչ բաներու համար գնահատութիւն պէտք էր ցոյց տային (տե՛ս նաեւ նկարը)։

5 Նկատի առ ի՛նչ պատահեցաւ իսրայէլացիներուն հետ։ Շատ մը առիթներով անոնք Եհովային գանգատեցան, քանի որ կ’ուզէին ուտել այդ ուտելիքները, որոնք Եգիպտոսի մէջ կ’ուտէին (Թւ. 11։4-6)։ Ճիշդ է որ անապատին մէջ կեանքը դիւրին չէր, բայց ի՞նչ բան իրենց կրնար օգնել որ գոհ ըլլային։ Անոնք պէտք էր գնահատութեամբ խոկային բոլոր այն բաներուն վրայ, որոնք Եհովան արդէ՛ն ըրած էր իրենց համար։ Անոնք պէտք չէր մոռնային, թէ երբ Եգիպտոսի մէջ կը ծառայէին եւ եգիպտացիները իրենց հետ գէշ կերպով կը վարուէին, Եհովան տասը հարուածները բերաւ եւ ազատեց իսրայէլացիները։ Անկէ ետք, անոնք «կողոպտեցին» եգիպտացիները՝ անոնցմէ արծաթ, ոսկի եւ հագուստներ առնելով (Ել. 12։35, 36)։ Երբ եգիպտացիները հալածեցին իսրայէլացիները մինչեւ Կարմիր ծով, Եհովան հրաշքով մը ծովը բացաւ։ Եւ մինչ անապատին մէջէն կը ճամբորդէին, Եհովան ամէն օր զիրենք կերակրեց մանանայով։ Լաւ, ի՞նչ էր խնդիրը։ Իսրայէլացիները դժգոհ էին, ոչ թէ քանի որ իրենց պէտք եղած ուտելիքը չունէին, հապա իրենց ունեցածին համար գնահատութիւն չունէին։

Կարգ մը իսրայէլացիներ Մովսէսին կը դժգոհին իրենց հաւաքած մանանային նկատմամբ, մինչ ուրիշներ մանանայ կը հաւաքեն եւ պատահածը կը դիտեն։

Իսրայէլացիները ինչո՞ւ դժգոհ դարձան (տե՛ս պարբերութիւն 5)


6. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր գնահատութիւնը աւելցնել։

6 Ինչպէ՞ս կրնաս գնահատութիւնդ աւելցնել։ Առաջին, ամէն օր ժամանակ տրամադրէ մտածելու այն բաներուն մասին որ ունիս։ Կրնաս նոյնիսկ թուղթի մը վրայ գրել երկու–երեք բաներ, որոնց համար շնորհակալ ես (Ող. 3։22, 23)։ Երկրորդ, գնահատանքդ խօսքերով արտայայտէ։ Արագ եղիր ուրիշներուն շնորհակալութիւն յայտնելու այն բաներուն համար, որ կ’ընեն քեզի համար։ Եւ ամէնէն կարեւորը, միշտ Եհովայի՛ն շնորհակալութիւն յայտնէ (Սաղ. 75։1)։ Երրորդ, զատէ ընկերներ որոնք գնահատող են, քանի որ եթէ անոնք գնահատող են՝ դուն ալ գնահատող պիտի ըլլաս, իսկ եթէ միշտ դժգոհ են՝ դուն ալ դժգոհ պիտի ըլլաս (Բ. Օր. 1։26-28. Բ. Տիմ. 3։1, 2, 5)։ Ուրեմն, եթէ առիթներ փնտռենք որ շնորհակալութիւն յայտնենք, մեր կեանքին մէջ աւելի գոհ պիտի ըլլանք։

7. Ի՞նչը Աչիին օգնեց որ գոհ զգայ։

7 Նկատի առնենք ինչ պատահեցաւ Աչիին հետ, որ Ինտոնեզիա կ’ապրի։ Ան կ’ըսէ. «ՔՈՎԻՏ–19 համավարակի ատեն, սկսայ վիճակս բաղդատել եղբայրներուն ու քոյրերուն վիճակին հետ, եւ գոհ չէի արդիւնքէն» (Գաղ. 6։4)։ Լաւ, ի՞նչը Աչիին օգնեց որ իր մտածելակերպը փոխէ։ Ան կ’ըսէ. «Սկսայ ամէն օր Եհովային ինծի տուած օրհնութիւնները հաշուել եւ մտածել այն շատ մը լաւ բաներուն մասին, որոնք կը ստանայի քանի որ Աստուծոյ կազմակերպութեան կը պատկանիմ։ Ետքը, ատոնց համար Եհովային շնորհակալութիւն յայտնեցի։ Ասանկով, իսկապէս գոհ զգացի»։ Եթէ դուն ալ պարագաներուդ պատճառաւ դժգոհ կը զգաս, կրնա՞ս Աչիին ըրածը ընել։

ԿԵԴՐՈՆԱՑԱԾ ԵՒ ԽՈՆԱՐՀ ՄՆԱՑԻՐ

8. Բարուք ո՞ր թակարդին մէջ ինկաւ։

8 Երեմիային քարտուղարը՝ Բարուքը, անգամ մը ինկաւ թակարդի մը մէջ։ Ան դժուար նշանակում մը ունէր. Երեմիային կ’օգնէր, մինչ Երեմիան ապերախտ ազգի մը կը փոխանցէր Եհովային պատգամը։ Տեղ մը հասաւ, որ Բարուք իր կեդրոնացումը կորսնցուց, եւ փոխանակ կեդրոնանալու Եհովայի՛ն ուզածը ընելուն վրայ, ըստ երեւոյթին սկսաւ չափէ դուրս մտածել ի՛նքն իր մասին եւ թէ ի՛նք ինչ կ’ուզէր ընել։ Երեմիային միջոցաւ, Եհովան Բարուքին ըսաւ. «Դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես։ Մի՛ փնտռեր» (Եր. 45։3-5)։ Ուրիշ խօսքով, Եհովան կ’ըսէր. «Ունեցածովդ գոհ եղի՛ր»։ Բարուք Եհովային տուած սրբագրութիւնը ընդունեց եւ իր մօտիկ բարեկամը մնաց։

9. Ա. Կորնթացիս 4։6, 7–ին համաձայն, խոնարհութիւնը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ ճիշդ աչքով նայինք առանձնաշնորհումներու (տե՛ս նաեւ նկարները)։

9 Ատեններ, քրիստոնեայ մը թերեւս զգայ որ ինք որոշ առանձնաշնորհում մը պէտք է ստանայ, քանի որ շատ ձիրքեր ունի, շատ ջանք կը թափէ կամ շատ փորձառու է։ Բայց ան կը տեսնէ որ ուրիշներ կը ստանան այն նոյն առանձնաշնորհումը որ ի՛նք կ’ուզէ ունենալ։ Լաւ, ան ի՞նչ կրնայ ընել։ Կրնայ Պօղոսին հետեւեալ խօսքին մասին մտածել, որ գրուած է Ա. Կորնթացիս 4։6, 7–ին մէջ (կարդա՛)։ Ամէն առանձնաշնորհում որ կը ստանանք եւ ամէն ձիրք որ ունինք Եհովայէ՛ն է։ Մենք ատոնց արժանի չենք, ոչ ալ կրնանք մեր ճակտին քրտինքով ատոնք շահիլ։ Հապա Եհովային ազնուութեա՛ն եւ սիրո՛յն շնորհիւ է որ ատոնք կ’ունենանք (Հռով. 12։3, 6. Եփ. 2։8, 9)։

Եղբայրներ ու քոյրեր որոնք առանձնաշնորհումներ կը վայելեն։ 1. Եղբայր մը խողովակներուն ճնշումը կը ստուգէ մեր շինարարութիւններէն մէկուն մէջ։ 2. Նշանային լեզուով շրջանային համաժողովի մը ատեն, եղբայր մը հարցազրոյց կ’ունենայ քրոջ մը հետ։ 3. Եղբայր մը դասախօսութիւն մը կու տայ ժողովին մէջ։

Մենք Եհովային ազնուութեա՛ն եւ սիրո՛յն շնորհիւ է որ մեր ձիրքերն ու առանձնաշնորհումները ունինք (տե՛ս պարբերութիւն 9)b


10. Ինչպէ՞ս կրնանք խոնարհութիւն մշակել։

10 Եթէ Յիսուսի օրինակին վրայ խոկանք եւ զինք ընդօրինակենք, կրնանք իրմէ սորվիլ խոնարհ ըլլալ։ Թէեւ Յիսուս գիտէր թէ ինք Աստուծոյ Որդին էր եւ մեծ իշխանութիւն ունէր, ան տակաւին իր առաքեալներուն ոտքերը լուաց։ Յովհաննէս գրեց. «Յիսուս գիտնալով թէ Հայրը ամէն բան իր ձեռքը տուաւ եւ թէ ինք Աստուծմէ ելաւ ու Աստուծոյ քով պիտի երթայ. . . սկսաւ աշակերտներուն ոտքերը լուալ» (Յովհ. 13։3-5)։ Յիսուս կրնար մտածել թէ իր առաքեալնե՛րն են, որ պէտք է իր ոտքերը լուան։ Բայց ան երբե՛ք չմտածեց որ քանի որ ինք Աստուծոյ Որդին է, պէտք է հանգիստ տունի մը մէջ ապրի, շատ դրամ ունենայ եւ դիւրին կեանք մը վայելէ (Ղուկ. 9։58)։ Յիսուս գոհ էր, որովհետեւ խոնարհ էր։ Ան մեզի համար կատարեալ օրինակ է (Յովհ. 13։15)։

11. Խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս օգնեց Տէնիսին որ գոհ ըլլայ։

11 Տէնիս, որ Հոլանտա կ’ապրի, կ’ըսէ թէ շատ ջանք կը թափէ Յիսուսին պէս խոնարհ ըլլալու համար։ Ան կ’ըսէ. «Ատեններ կը նկատեմ, որ մէջս հպարտութիւն կամ դժգոհութիւն կ’արթննայ, երբ մէկը առանձնաշնորհում մը ստանայ։ Երբ ասանկ զգամ, խոնարհութեան մասին կը սերտեմ։ JW Library® էփին մէջ բաժին մը բացած եմ եւ խոնարհութեան մասին համարները հոն դրած եմ. ասանկով շուտով կրնամ ատոնք գտնել ու նորէն կարդալ։ Նաեւ հեռաձայնիս մէջ իջեցուցած եմ խոնարհութեան մասին դասախօսութիւններ եւ ատենէ–ատեն ետ մտիկ կ’ընեմa։ Սորվեցայ որ ամէն ինչ որ կ’ընենք, կ’ընենք որ Աստուծո՛յ փառք բերենք, եւ ո՛չ թէ՝ մենք մեզի։ Ամէն մէկս միա՛յն պզտիկ բաժին մըն է որ կը բերէ Եհովային գործին մէջ»։ Եթէ դուն ալ սկսիս դժգոհ զգալ, պէտք եղած քայլերը առ որ խոնարհ ըլլաս։ Ասանկ ընելովդ, Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ պիտի զօրացնես եւ գոհ պիտի զգաս (Յակ. 4։6, 8)։

ՅՈՅՍԻԴ ՎՐԱՅ ԽՈԿԱՅ

12. Ապագայի նկատմամբ ո՞ր յոյսը մեզի կ’օգնէ որ գոհ ըլլանք (Եսայի 65։21-25)։

12 Աւելի գոհ կը զգանք, երբ խոկանք Եհովային խոստացած հիանալի յոյսին վրայ։ Եսայի գիրքին մէջ Եհովան մեզի կ’ըսէ որ ինք շատ լաւ կը հասկնայ թէ մեր ապրած կեանքը որքա՛ն ցաւալի է, բայց ան կը խոստանայ բոլոր խնդիրները մէջտեղէն վերցնել (կարդա՛ Եսայի 65։21-25)։ Ապագային պիտի ապրինք ապահով ու հանգիստ տուներու մէջ։ Հաճելի գործեր պիտի ունենանք եւ առողջապահական ու համով ուտելիքներ պիտի ուտենք։ Այլեւս պիտի չմտահոգուինք մեր կամ մեր զաւակներուն ապահովութեան նկատմամբ (Եսա. 32։17, 18. Եզեկ. 34։25)։ Կրնանք շատ վստահ ըլլալ որ հոս յիշուած ամէն մէկ խոստում պիտի կատարուի։

13. Մասնաւորաբար ո՞ր պարագաներուն է որ պէտք է կեդրոնանանք մեր յոյսին վրայ։

13 Ամէն ժամանակէ աւելի հիմա՛ է որ պէտք ունինք մեր յոյսին վրայ կեդրոնանալու։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ կ’ապրինք «վերջին օրեր»ուն մէջ եւ բոլորս ալ դժուար խնդիրներ ունինք (Բ. Տիմ. 3։1)։ Եհովան ամէն օր կ’օգնէ որ տոկանք՝ մեզ առաջնորդելով, զօրացնելով եւ մեզի պէտք եղածը տալով (Սաղ. 145։14)։ Ասկէ զատ, մեր յոյսը կրնայ մեզի օգնել մասնաւորաբար երբ անձնական խնդիրներ ունենանք։ Օրինակ, թերեւս վազեվազ կ’աշխատիս, որ ընտանիքդ պատառ մը հաց ուտէ։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ որ մի՛շտ ասանկ պիտի չարչարուիս։ Ո՛չ։ Եհովան խոստացած է Դրախտին մէջ քեզի տալ ի՛նչ որ պէտք ունիս եւ շա՜տ աւելին (Սաղ. 9։18. 72։12-14)։ Թերեւս ամէն օր ցաւով կ’արթննաս, ընկճուած ես կամ լուրջ հիւանդութենէ մը բռնուած ես։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ որ յաւիտեան ասանկ պիտի չարչարուիս եւ բնաւ պիտի չլաւանաս։ Ո՛չ։ Նոր աշխարհին մէջ Աստուած հիւանդութիւնն ու մահը պիտի ոչնչացնէ (Յայտ. 21։3, 4)։ Այս յոյսը մեզի կ’օգնէ որ մեր ներկայ պայմաններուն համար չնեղուինք կամ չջղայնանանք։ Կրնանք հի՛մա իսկ ուրախութիւն ու խաղաղութիւն վայելել, նոյնիսկ երբ մէկը մեզի հետ անարդարութեամբ վարուի, մեր սիրելիներէն մէկը մահանայ, կամ մեզի հետ ուրիշ գէշ բան մը պատահի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր ներկայ պարագաները ո՛րքան ալ գէշ ըլլան, գիտենք որ ատոնք ժամանակաւոր են, եւ թէ նոր աշխարհին մէջ անգա՛մ մը եւս պիտի չչարչարուինք (Բ. Կոր. 4։17, 18)։

14. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր յոյսը զօրացնել։

14 Լաւ եթէ մեր յոյսը այսքա՛ն կարեւոր է որպէսզի գոհ ըլլանք, ինչպէ՞ս կրնանք ատիկա զօրացնել։ Ճիշդ ինչպէս որ մէկը պէտք է ակնոց դնէ որ հեռու եղող բաները յստակօրէն տեսնէ, մենք ալ պէտք է քայլեր առնենք որ մեր յոյսը զօրացնենք, որպէսզի Դրախտը աւելի յստակ ըլլայ մեր մտքին մէջ։ Երբ դրամական մտահոգութիւնները մեզ ուտեն, կրնանք կենալ եւ երեւակայել որ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ երբ դրամ, պարտք եւ աղքատութիւն չըլլայ։ Երբ յուսախաբ ըլլանք քանի որ որոշ առանձնաշնորհում մը չստացանք, կրնանք պահ մը մտածել որ այսպիսի առանձնաշնորհումներ որքա՜ն պզտիկ պիտի երեւին, երբ կատարելութեան հասած ըլլանք եւ հազարաւոր տարիներով Եհովային ծառայած ըլլանք (Ա. Տիմ. 6։19)։ Թերեւս սկիզբը մեզի համար դժուար ըլլայ ապագային վրայ կեդրոնանալ՝ փոխանակ հիմակուան վիճակներուն համար հոգ ընելու, բայց ժամանակի ընթացքին ասիկա աւելի դիւրին պիտի ըլլայ։

15. Ի՞նչ կը սորվիս Քրիսթային խօսքերէն։

15 Նկատի առ թէ յոյսը ինչպէ՛ս օգնած է Քրիսթային՝ որ քիչ առաջ յիշուած Տէնիսին կինն է։ Ան կ’ըսէ. «Մկանային հիւանդութիւն մը ունիմ, որուն պատճառաւ հաշմանդամի կառք կը գործածեմ, եւ գրեթէ միշտ պառկած կ’ըլլամ։ Օրակա՛ն ցաւերու մէջ եմ։ Վերջերս, բժիշկս ըսաւ որ վիճակս երթալէն աւելի գէշ պիտի ըլլայ։ Բայց շուտով մտածեցի, որ ան իմ աչքերովս չի նայիր ապագային. իմ աչքերս կեդրոնացած են յոյսիս վրայ, որ ինծի խաղաղութիւն կու տայ։ Ճիշդ է որ ներկայիս շատ նեղութիւն պիտի քաշեմ, բայց նոր աշխարհին մէջ շա՛տ առողջ կեանք մը պիտի վայելեմ»։

«ԱՆԿԷ ՎԱԽՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ԲԱՆ ՄԸ ՊԱԿԱՍ Չ’ԸԼԼԱՐ»

16. Դաւիթ ինչո՞ւ կրնար գրել, որ Եհովայէն «վախցողներուն բան մը պակաս չ’ըլլար»։

16 Նոյնիսկ երբ գոհ ենք, տակաւին խնդիրներ պիտի ունենանք։ Դաւիթ թագաւորը երեք զաւակ կորսնցուց, իր մասին սուտեր խօսուեցաւ, դաւաճանուեցաւ եւ տարիներով փախստականի կեանք ապրեցաւ։ Հակառակ ասոնց, ան գոհ զգաց եւ Եհովային մասին ըսաւ. «Անկէ վախցողներուն բան մը պակաս չ’ըլլար» (Սաղ. 34։9, 10)։ Ան ինչո՞ւ կրցաւ ասիկա ըսել։ Որովհետեւ գիտէր որ թէեւ Եհովային ծառան չի կրնար ակնկալել, որ իր կեանքը առանց խնդիրներու ըլլայ, բայց վստահ էր որ Եհովան մի՛շտ պիտի տար իրեն պէտք եղածը (Սաղ. 145։16)։ Մենք ալ Դաւիթին պէս կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ մեր բոլոր խնդիրներուն տոկալու։ Եւ պիտի կարենանք գոհ մնալ, ի՛նչ ալ պատահի։

17. Ինչո՞ւ կ’ուզես գոհ ըլլալ։

17 Եհովան կ’ուզէ որ գոհ ըլլաս (Սաղ. 131։1, 2)։ Անոր համար ամէն կարելիդ ըրէ, որ սորվիս գոհ ըլլալ։ Եթէ ջանք թափես որ գնահատութիւնդ աւելցնես, կեդրոնացած ու խոնարհ մնաս եւ յոյսդ զօրացնես, պիտի կարենաս ըսել. «Ես գոհ եմ» (Սաղ. 16։5, 6, ՆԱ)։

ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԿԷՏԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՔԵԶԻ Կ’ՕԳՆԵՆ ՈՐ ԳՈՀ ԸԼԼԱՍ

  • Գնահատող ըլլալ

  • Կեդրոնացած եւ խոնարհ մնալ

  • Յոյսիդ վրայ խոկալ

ԵՐԳ 81 «Մեր հաւատքը աւելցուր»

a Օրինակ, jw.org կայքին վրայ դիտէ Եհովան խոնարհներուն հոգ կը տանի եւ Կոտորածին առջեւէն հպարտութիւն կ’երթայ առաւօտեան պաշտամունքները (արաբ.)։

b ՆԿԱՐ. Եղբայր մը բան մը կը ստուգէ մեր շինարարութիւններէն մէկուն մէջ. շրջանային համաժողովի մը ատեն հարցազրոյց կ’ըլլայ քրոջ մը հետ որ նշանային լեզու սորված է. եւ եղբայր մը հանրային դասախօսութիւն կու տայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել