ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 39
ԵՐԳ 65 «Ասիկա է ճամբան»
‘Ճշմարտութիւնը ընդունելու պատրաստ’ եղողներուն շուտով օգնէ
«Որոնք որ պատրաստ էին ընդունելու յաւիտենական կեանքի առաջնորդող ճշմարտութիւնը, հաւատացին» (ԳՈՐԾՔ 13։48, ՆԱ)։
ՆԻՒԹ
Ե՞րբ պէտք է մէկու մը դաս առաջարկենք եւ զինք ժողովի հրաւիրենք։
1. Մարդիկ ինչպէ՞ս կ’ընդառաջեն երբ բարի լուրը լսեն (Գործք 13։47, 48. 16։14, 15)։
ԱՌԱՋԻՆ դարուն, շատեր հազիւ որ ճշմարտութիւնը լսեցին՝ ընդունեցին զայն (կարդա՛ Գործք 13։47, 48. 16։14, 15)։ Այսօր ալ, ոմանք հազիւ որ բարի լուրը լսեն՝ կ’ուրախանան։ Նոյնիսկ ոմանք, որոնք սկիզբը չեն հետաքրքրուիր բարի լուրով, թերեւս ժամանակի ընթացքին իրենց միտքը փոխեն։ Լաւ, ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ ծառայութեան մէջ գտնենք անձեր, որոնք ‘պատրաստ են ընդունելու ճշմարտութիւնը’։
2. Աշակերտելու մեր գործը ինչպէ՞ս կը նմանի պարտիզպանի մը գործին։
2 Նկատի առ այս օրինակը։ Աշակերտելու մեր գործը կրնանք նմանցնել պարտիզպանի մը գործին։ Եթէ պտուղ մը հասունցած է, հաւանաբար պարտիզպանը քաղէ ատիկա, թէեւ ան պարտէզին միւս մասերուն մէջ տակաւին հողը կը հերկէ կամ հունտեր կը ցանէ։ Նմանապէս, երբ գտնենք մէկը որ կ’ուզէ բարի լուրը լսել, կ’ուզենք անոր օգնել որ կարելի եղածին չափ շուտով Յիսուսին աշակերտը դառնայ։ Բայց միեւնոյն ատեն կը շարունակենք հետաքրքրութիւնը մշակել անոնց, որոնք աւելի ժամանակ կ’ուզեն որ իրենց լսածին արժէքը գիտնան (Յովհ. 4։35, 36)։ Երբ զանազանենք թէ մարդիկ պատրա՛ստ են մտիկ ընելու կամ ոչ, պիտի գիտնանք թէ ի՛նչ է անոնց օգնելու լաւագոյն կերպը։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք օգտակար խրատներ, թէ ի՛նչ կրնանք ընել օգնելու համար անոնց, որոնք առաջին հանդիպումէն իսկ պատրաստ են բարի լուրը ընդունելու։ Նաեւ պիտի սորվինք թէ ինչպէ՛ս կրնանք այսպիսիներուն օգնել որ շարունակեն յառաջդիմել։
ԵՐԲ ՄԱՐԴԻԿ ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱՆ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ
3. Ի՞նչ կրնանք ընել, երբ հետաքրքրուած մարդիկ գտնենք ծառայութեան մէջ (Ա. Կորնթացիս 9։26)։
3 Երբ հետաքրքրուած մարդիկ գտնենք ծառայութեան մէջ, կ’ուզենք շուտով անոնց օգնել որ Եհովային մասին սորվին եւ իրեն մօտենան։ Այսպիսի պարագաներու պէտք չէ քաշուինք առաջի՛ն հանդիպումէն անոնց դաս առաջարկելու եւ ժողովի հրաւիրելու (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 9։26)։
4. Փորձառութիւն մը պատմէ մէկու մը մասին, որ շուտով պատրաստ էր դաս սկսելու։
4 Դաս առաջարկէ։ Ոմանք առաջին հանդիպումէն պատրաստ կ’ըլլան դաս սկսելու։ Օրինակ, հինգշաբթի օր մը, Քանատայի մէջ, երիտասարդուհի մը մօտեցաւ մեր հրատարակութիւններու սայլակներէն մէկուն եւ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքոյկը առաւ։ Սայլակին քովը կեցող քոյրը իրեն բացատրեց, որ եթէ ան կ’ուզէ՝ կրնայ նաեւ ձրիօրէն Սուրբ Գիրքը սերտել։ Աղջիկը սիրեց գաղափարը եւ իր թիւը տուաւ քրոջ։ Նոյն օրը, աղջիկը մէսըճ ղրկեց քրոջ եւ հարցուց որ ե՛րբ կրնան սերտել։ Երբ քոյրը ըսաւ որ կրնան շաբաթավերջին սերտել, աղջիկը հարցուց. «Ի՞նչ կ’ըսես վա՛ղը սերտենք։ Վաղը բան մը չունիմ»։ Անոնք ուրբաթ օրը ըրին դասը եւ աղջիկը այդ շաբաթավերջին ներկայ եղաւ իր առաջին ժողովին, եւ ատկէ ետք շուտով սկսաւ յառաջդիմել։
5. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ գիտնալու, թէ ի՛նչն է դաս առաջարկելու լաւագոյն կերպը (տե՛ս նաեւ նկարները)։
5 Անշուշտ, մենք չենք ակնկալեր որ ամէն մարդ այդ երիտասարդուհիին պէս ըլլայ, որ անմիջապէս ընդունեց Սուրբ Գիրքը սերտել։ Ոմանք աւելի ժամանակի պէտք ունին։ Թերեւս սկիզբը պէտք ըլլայ որ դիմացինին հետ խօսակցութիւն մը սկսինք նիւթի մը շուրջ, որ զինք կը հետաքրքրէ։ Եւ եթէ անոր հանդէպ դրական տեսակէտ մը ունենանք եւ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցնենք, թերեւս կարճ ժամանակ մը ետք կարենանք հետը դաս սկսիլ։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք դաս առաջարկել։ Այս հարցումը հարցուեցաւ կարգ մը եղբայրներու ու քոյրերու, որոնք Սուրբ Գիրքի դասեր սկսելու մէջ շատ լաւ են։
Ի՞նչ կրնաս ընել այս նկարներուն մէջ եղողներուն օգնելու, որ ուզեն Սուրբ Գիրքը սերտել (տե՛ս պարբերութիւն 5)a
6. Ի՞նչ կրնանք ըսել դիմացինը քաջալերելու, որ ընդունի ուրիշ առիթով խօսակցութիւնը շարունակել մեր հետը։
6 Այդ եղբայրներն ու քոյրերը բացատրեցին, որ կարգ մը երկիրներու մէջ, երբ դիմացինին կը բացատրենք որ սերտողութիւնը ինչպէ՛ս կ’ըլլայ՝ աւելի լաւ է այսպիսի բառեր չգործածել. «դաս ընել», «ուսումնասիրել» կամ «սորվիլ»։ Անոնք տեսած են որ աւելի լաւ է ըսենք՝ «գաղափար առնել», «միասին խօսիլ» եւ «Սուրբ Գիրքին մասին աւելին գիտնալ»։ Անձը քաջալերելու համար որ ընդունի ուրիշ առիթով խօսակցութիւնը շարունակել հետդ, կրնաս իրեն ըսել. «Հետաքրքրական է որ Սուրբ Գիրքը մեր մտքէն անցած կարեւոր հարցումներու պատասխանները կու տայ», կամ՝ «Սուրբ Գիրքը միայն կրօնական գիրք մը չէ։ Ատոր մէջ խրատներ ալ կան, որ մեզի կ’օգնեն»։ Կրնաս յետոյ ըսել. «Եթէ 10-15 վայրկեան տրամադրես, կրնաս օգտակար բաներ գիտնալ։ Շատ ժամանակ չ’ուզեր»։ Կրնաս այսպիսի բաներ ըսել, առանց գործածելու «ժամադրութիւն» կամ «ամէն շաբաթ» բառերը, որոնք կրնան դիմացինը զգացնել որ ստիպուած է նորէն տեսնուելու մեզի հետ։
7. Ոմանք ե՞րբ անդրադարձած են որ ճշմարտութիւնը կը լսեն (Ա. Կորնթացիս 14։23-25)։
7 Ժողովի հրաւիրէ։ Այնպէս կ’երեւի թէ Պօղոս առաքեալի օրերուն, ոմանք անդրադարձան որ ճշմարտութիւնը կը լսեն՝ երբ իրենց առաջի՛ն ժողովին ներկայ եղան (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 14։23-25)։ Այսօր ալ, նորեկներուն մեծ մասը աւելի արագօրէն կը յառաջդիմեն, երբ սկսին ժողովներու ներկայ ըլլալ։ Նորեկները ե՞րբ պէտք է ժողովի հրաւիրես։ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքին 10–րդ դասին մէջ ժողովի գալու հրաւէր կայ։ Բայց պէտք չունիս սպասելու մինչեւ այդ դասին հասնիս։ Առաջին հանդիպումէն իսկ կրնաս նորեկ մը հրաւիրել շաբաթավերջի ժողովին եւ թերեւս նշես հանրային դասախօսութեան բնաբանը կամ այդ շաբթուան Դիտարան–ի Ուսումնասիրութենէն կէտ մը։
8. Երբ մէկը ժողովի հրաւիրենք, անոր ի՞նչ գաղափար կրնանք տալ ժողովներուն մասին (Եսայի 54։13)։
8 Երբ հետաքրքրուած մէկը ժողովի կը հրաւիրես, բացատրէ թէ մեր ժողովները ինչպէ՛ս տարբեր են եկեղեցիներուն մէջ իր տեսածներէն։ Օրինակ, երբ Աստուածաշունչի աշակերտուհի մը առաջին անգամ ըլլալով Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան ներկայ եղաւ, իր հետը սերտող քրոջ հարցուց. «Նիւթը վարողը բոլորի՞ն անունները գիտէ»։ Քոյրը իրեն բացատրեց որ բոլորս կը ջանանք իրար անունները գիտնալ, ինչպէս որ մեր ընտանիքի անդամներուն անունները գիտենք։ Աշակերտուհին ասանկ բան մը չէր տեսած իր եկեղեցիին մէջ։ Նաեւ կրնաս նորեկին բացատրել, որ մեր ժողովներուն նպատակը ի՛նչ է (կարդա՛ Եսայի 54։13)։ Մենք կը հաւաքուինք, որպէսզի Եհովան պաշտենք, Իրմէ սորվինք եւ իրար քաջալերենք (Եբ. 2։12. 10։24, 25)։ Ասոր համար, ժողովներուն մէջ ամէն բան կարգ ու կանոնով կ’ըլլայ, եւ արարողութիւններ չկան (Ա. Կոր. 14։40)։ Իսկ մեր սրահները պարզ ու լուսաւոր կ’ըլլան, որպէսզի հոն սորվիլը դիւրին ըլլայ։ Եւ մենք ժողովներու ատեն քաղաքական նիւթեր չենք խօսիր եւ մէկու մը կողմը չենք բռներ, քանի որ չէզոք ենք։ Ոչ ալ կը վիճաբանինք անձնական կարծիքներու կամ հարցերու շուրջ։ Նաեւ կրնաս ժողովի երթալէ առաջ աշակերտիդ ցուցնել Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ վիտէոն, որ գիտնայ թէ հոն ի՛նչ կ’ընենք։
9-10. Երբ նորեկ մը ժողովի կը հրաւիրես, ի՞նչ կրնաս ըսել որ զինք հանգստացնես (տե՛ս նաեւ նկարը)։
9 Ոմանք ժողովի ներկայ ըլլալու նկատմամբ երկու մտքի վրայ կ’ըլլան, որովհետեւ կը վախնան որ իրենցմէ խնդրենք որ կրօնքնին փոխեն։ Նորեկը հանգստացուր, ըսելով թէ կրնայ գալ եւ միայն մտիկ ընել. պէտք չունի բան մը ընելու կամ ըսելու։ Պզտիկներ ունեցող ընտանիքներն ալ բարի եկած են։ Մեր ժողովներուն, պզտիկները զատ–մեծերը զատ չեն նստիր ու սորվիր, հապա միասի՛ն կը նստին ու կը սորվին։ Ասանկով, ծնողները գիտեն որ իրենց պզտիկները որո՛նց հետ են եւ ի՛նչ կը սորվին (Բ. Օր. 31։12)։ Մենք դրամ չենք հաւաքեր, ո՛չ ալ ափսէ կը դարձնենք։ Հապա կը հնազանդինք Յիսուսի պատուէրին. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք» (Մատ. 10։8)։ Նաեւ կրնաս նորեկին ըսել որ ժողովի գալու համար պէտք չունի սուղ հագուստներ գնելու, քանի որ Աստուած սրտի՛ն կը նայի եւ ոչ թէ՝ երեւոյթին (Ա. Թագ. 16։7)։
10 Երբ մէկը ժողովի գայ, ամէն կարելիդ ըրէ որ հանգիստ զգայ։ Զինք ծանօթացուր երէցներուն եւ ուրիշ հրատարակիչներու։ Եթէ ան հանգիստ եւ սիրուած զգայ, աւելի հաւանական է որ ուզէ նորէն ժողովի գալ։ Եթէ ժողովի ատեն Սուրբ Գիրք չունի, համարները քու Սուրբ Գիրքէդ ցուցուր իրեն եւ օգնէ որ հասկնայ դասախօսութիւնը կամ սերտուած նիւթը։
Մէկը որքա՛ն շուտ գայ ժողովի, այնքա՛ն շուտ օգուտներ պիտի քաղէ (տե՛ս պարբերութիւն 9-10)
ԵՐԲ ՍԿՍԻՍ ՄԷԿՈՒ ՄԸ ՀԵՏ ՍԵՐՏԵԼ
11. Ինչպէ՞ս կրնաս ցուցնել որ կը յարգես սերտողին ժամանակն ու յայտագիրը։
11 Ի՞նչ բաներ պէտք է մեր միտքը պահենք, երբ մէկու մը հետ կը սերտենք։ Պէտք է յարգենք անոր ժամանակն ու յայտագիրը։ Օրինակ, եթէ ժամադրութիւն տաս՝ յարգէ ժամադրութիւնդ, նոյնիսկ եթէ քու ապրած շրջանիդ մէջ սովորական չէ այդպէս ընելը։ Ասկէ զատ, լաւ կ’ըլլայ որ առաջին սերտողութիւնը կարճ ըլլայ։ Կարգ մը փորձառու հրատարակիչներ կ’ըսեն, թէ լաւ կ’ըլլայ որ սերտողութիւնը շուտ վերջացնես, նոյնիսկ եթէ դիմացինը կ’ուզէ աւելին գիտնալ։ Նաեւ շատ մի՛ խօսիր։ Ձգէ որ դիմացինը արտայայտուի (Առ. 10։19)։
12. Երբ մէկու մը հետ դաս սկսինք, սկիզբէն իսկ մեր նպատակը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։
12 Երբ մէկու մը հետ դաս սկսինք, սկիզբէն իսկ մեր նպատակը պէտք է ըլլայ անոր օգնել, որ Եհովան ու Յիսուսը ճանչնայ ու սիրէ։ Ասիկա ընելու համար, պէտք է միշտ անոր ցոյց տանք թէ Աստուածաշո՛ւնչը ինչ կ’ըսէ, եւ ոչ թէ պարզապէս մեր կարծիքը տանք իրեն (Գործք 10։25, 26)։ Պօղոս առաքեալ ասոր մէջ օրինակ է մեզի։ Երբ ան մարդոց կը սորվեցնէր, կեդրոնացաւ Յիսուսի՛ն վրայ, որ Եհովային կողմէ ղրկուեցաւ մեզի օգնելու համար, որ Եհովան ճանչնանք ու սիրենք (Ա. Կոր. 2։1, 2) Պօղոս նաեւ յստակացուց, թէ որքա՜ն կարեւոր է որ մեր աշակերտներուն օգնենք որ մշակեն լաւ յատկութիւններ, որոնք նման են ոսկիի, արծաթի ու թանկագին քարերու (Ա. Կոր. 3։11-15)։ Այս կարեւոր յատկութիւններէն են՝ հաւատքը, իմաստութիւնը, խորատեսութիւնը եւ աստուածավախութիւնը (Սաղ. 19։9, 10. Առ. 3։13-15. Ա. Պետ. 1։7)։ Պօղոսը ընդօրինակէ՛, աշակերտներուդ օգնելով որ իրենց հաւատքը զօրացնեն եւ իրենց սիրալիր երկնաւոր Հօր հետ մօտիկ յարաբերութիւն մշակեն (Բ. Կոր. 1։24)։
13. Ինչպէ՞ս կրնանք համբերող եւ ճկուն ըլլալ, մինչ կ’օգնենք հետաքրքրուած անհատներուն (Բ. Կորնթացիս 10։4, 5) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
13 Յիսուսին պէս համբերութեամբ եւ ճկունութեամբ սորվեցուր։ Մի՛ հարցներ հարցումներ, որոնք դիմացինը նեղ կացութեան կը մատնեն։ Եթէ կէտ մը կայ որ ան դժուարութիւն կ’ունենայ ըմբռնելու, յաջորդ կէտին անցիր. ուրիշ առիթով նորէն կը դառնաս այդ կէտին։ Մի՛ ճնշեր որ ան որոշ կէտ մը ընդունի, եթէ պատրաստ չէ, հապա ժամանակ տուր որ նիւթին մասին մտածէ եւ իր մտածելակերպը փոխէ (Յովհ. 16։12. Կող. 2։6, 7)։ Սուրբ Գիրքը բերդի կը նմանցնէ այն սխալ ուսուցումները, որ կը փորձենք փոխել (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 10։4, 5)։ Փոխանակ աշակերտիդ «բերդը» իր գլխուն փլցնելու, իրեն օգնէ որ Եհովան իր ապաւէնը ընէ (Սաղ. 91։9)։
Ժամանակ տուր աշակերտին որ իր սորվածին մասին մտածէ եւ իր մտածելակերպը փոխէ (տե՛ս պարբերութիւն 13)
ԵՐԲ ՆՈՐԵԿ ՄԸ ԺՈՂՈՎԻ ԳԱՅ
14. Մեր ժողովներուն եկող նորեկի մը հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք։
14 Եհովան կ’ուզէ որ բոլոր մարդոց հետ ազնուութեամբ վարուինք, չնայած թէ անոնք ուրկէ՛ եկած են, ո՛ր մշակոյթին կը պատկանին կամ որքա՛ն դրամ ունին (Յակ. 2։1-4, 9)։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ժողովներուն եկող նորեկի մը հանդէպ սէր ցոյց տալ։
15-16. Ինչպէ՞ս կրնանք նորեկները հանգիստ զգացնել, երբ ժողովի գան։
15 Ոմանք ժողովի կու գան առ ի հետաքրքրութիւն։ Ոմանք ալ առանց մէկու մը ընկերակցութեամբ կու գան։ Երբ այսպիսի անհատներ տեսնենք ժողովին, անոնց մօտենանք, հետերնին խօսինք եւ առաջարկենք որ մեր քովը նստին։ Երբ Սուրբ Գիրքէն համար մը բանանք, իրենց ալ ցուցնենք համարը, կամ ալ զատէն Սուրբ Գիրք մը տանք իրենց։ Ուրիշ կերպերով ալ կրնաս հանգիստ զգացնել զանոնք։ Օրինակ, անգամ մը երբ մարդ մը Թագաւորութեան սրահ մտաւ, զինք դիմաւորող եղբօր ըսաւ որ հանգիստ չզգար, քանի որ միւսներուն պէս պաշտօնական հագուստ չէ հագած։ Եղբայրը զինք հանգստացուց, ըսելով որ «Եհովայի վկաները ինծի–քեզի պէս մարդիկ են»։ Մարդը եղբօր ըսածը բնա՛ւ չմոռցաւ եւ ժամանակի ընթացքին յառաջդիմեց եւ մկրտութեան հասաւ։ Այո, ճիշդ է որ ժողովէն առաջ կամ վերջ պէտք է հետաքրքրուինք նորեկներով, բայց պէտք է զգոյշ ըլլանք որ մեր քիթը չմտցնենք իրենց անձնական բաներուն մէջ (Ա. Պետ. 4։15)։
16 Կրնանք նորեկները ուրիշ կերպով ալ հանգիստ զգացնել։ Օրինակ, կրնանք անոնց հանդէպ յարգանք ցոյց տալ, երբ Վկայ չեղողներուն ու անոնց հաւատալիքներուն մասին կը խօսինք՝ մեր խօսակցութիւններուն, մեր պատասխաններուն եւ մեր բաժիններուն մէջ (Բ. Կոր. 6։3)։ Մենք չենք ըսեր բաներ, որոնք կրնան զիրենք վիրաւորել կամ պատճառ ըլլալ որ չուզեն նորէն ժողովի գալ (Տիտ. 2։8. 3։2)։ Հանրային դասախօսութիւն տուող եղբայրներն ալ ասոր նկատմամբ շատ ուշադիր կ’ըլլան։ Ասկէ զատ, այդ եղբայրները ի մտի կ’ունենան Վկայ չեղողները, երբ կը բացատրեն բառեր կամ գաղափարներ, որոնք անոնց համար հասկնալի չեն։
17. Մեր նպատակը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, երբ գտնենք մարդիկ որոնք ‘պատրաստ են ընդունելու ճշմարտութիւնը’։
17 Աշակերտելու գործը օրէ օր աւելի կարեւոր կը դառնայ, եւ մենք կը շարունակենք գտնել մարդիկ, որոնք ‘պատրաստ են ընդունելու ճշմարտութիւնը’ (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Երբ զանոնք գտնենք, պէտք չէ քաշուինք անոնց դաս առաջարկելու եւ ժողովի հրաւիրելու։ Ասանկով, անոնց օգնած պիտի ըլլանք, որ բռնեն այն «ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի» (Մատ. 7։14)։
ԵՐԳ 44 Ուրախութեամբ մասնակցինք հունձքի գործին
a ՆԿԱՐ. Երկու եղբայրներ կը խօսին նախկին զինուորի մը հետ, որ իր տան առջեւ նստած հանգիստ կ’ընէ։ Երկու քոյրեր կարճ վկայութիւն մը կու տան զբաղած մօր մը։