Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն
Սիրելի՛ հաւատակիցներ,
Ո՜րքան հետաքրքրաշարժ ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ Եւ ի՜նչ ուրախութիւն կը վայելենք։ Մեզի համար իրապէս հաճոյք է ձեզի հետ «ուս ուսի» աշխատիլը, մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի մասին տալով ցարդ մեծագոյն վկայութիւնը (Սոփ. 3։9, ՆԱ. Յովհ. 14։12)։
Եհովայի ծառայութեան պատճառած ուրախութիւնը չի նշանակեր թէ լուրջ դժուարութիւններէ զերծ ենք։ Անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին, ձեզմէ ոմանք նեղութիւններու ենթարկուեցան, առ ի հետեւանք երկրաշարժներու, ջրհեղեղներու, ոլորամրրիկներու եւ ուրիշ կեանքի–սպառնացող բնական աղէտներու (Մատ. 24։7)։ Շատեր ամէն օր կը մաքառին հիւանդութեան ու ծերութեան տկարացուցիչ ազդեցութիւններուն հետ։ Բոլորս պէտք է պայքարինք հետզհետէ աւելցող «ցաւեր»ուն դէմ (Մատ. 24։8)։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, ի ներառեալ Էրիթրիա, Հայաստան եւ Հարաւային Քորէա, մեր եղբայրներէն շատեր իրենց հաւատքին համար բանտարկուած են (Մատ. 24։9)։
Ի՞նչ բան մեզի օգնած է որ դրական կեցուածք պահպանենք, հակառակ այս դժուարութիւններուն։ 2010–ի տարուան համարը մեզի կարեւոր ազդակ մը յիշեցուց. ‘Սէրը ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար’ (Ա. Կոր. 13։7, 8)։ Այո, իրարու հանդէպ մեր սէրը,– ինչպէս նաեւ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը,– մեզ կը զօրացնէ որ յաջողապէս համբերենք։
Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներէն շատեր կը հիանան մեր քարոզչութեան տարողութեան եւ յարատեւութեան վրայ։ Թէպէտեւ անոնք կրնան համամիտ չըլլալ մեր հաւատալիքներուն եւ ուսուցումներուն հետ, բայց ոմանք նոյնիսկ մղուած են բացագանչելու. «Դո՛ւք կ’ընէք այն գործը, զոր պէտք է ընենք»։ Ազդակներէն մէկը ի՞նչ է, որ Եհովայի վկաները կարող կը դարձնէ որ շարունակեն ամէն օր քարոզել։ Դարձեալ պատասխանը՝ սէրն է։ Մեր երկնաւոր Հօր նման, չենք ուզեր որ մէ՛կը կորսուի (Բ. Պետ. 3։9)։ Մեր փափաքը որ բոլորը զղջան, ակնյայտ կը դառնայ անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին արձանագրուած հրատարակիչներու նոր բարձրագոյն թիւէն՝ 7,508,050։ Ուրիշ ի՞նչ կրօնական կազմակերպութիւն ա՛յսքան շատ քարոզիչներ ունի, որոնք աշխուժօրէն կը մասնակցին սիրոյ այս գործին, կամաւորաբար ուրիշներուն հոգեւորապէս օգնելով։
Կը քաջալերուինք տեսնելով յարատեւ կատարուող մարգարէութիւնը, զոր Եսայի արձանագրեց. «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, բոլոր հեթանոսները հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր» (Եսա. 2։2-4)։ Եհովայի տան դիմող բազմութեան մէջ կան 294,368 հոգի, որոնք անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին մկրտուեցան։ Մենք այս թանկագին անհատներուն բարի գալուստ կը մաղթենք մեր շարքերուն մէջ։ Թող մեր քրիստոնէական սէրը մեզ խթանէ, որ շարունակենք անոնց օգնել, որ մեր թշնամիին՝ Բանսարկու Սատանային յարձակումներուն դէմ դնեն (Ա. Պետ. 5։8, 9)։
Երեքշաբթի՝ 30 մարտ 2010–ին տեղի ունեցած Յիշատակատօնի ներկաներուն ցարդ բարձրագոյն թիւը՝ 18,706,895, ցոյց կու տայ հաւանականութիւնը, որ միլիոնաւորներ եւս մեզի միանան Եհովան պաշտելու մէջ։ Ո՜րքան ուրախ կրնանք ըլլալ, որ Եհովան տակաւին իրերու այս չար դրութեան վերջ չէ դրած։ Մինչ այդ, մեր սէրը մեզի կ’օգնէ որ շարունակենք տոկալ (Բ. Թես. 3։5)։
«Եհովային մօտիկ մնացէք» բնաբանով նահանգային համաժողովները, որոնց մեծ մասը 2010–ին տեղի ունեցաւ համայն աշխարհին մէջ, մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրացուցին։ Ո՜րքան ճշմարիտ են սաղմոսերգուին խօսքերը. «Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է» (Սաղ. 144։15)։ Ի՛նչ ալ բերելու ըլլայ ապագան, վստահ ենք որ եթէ Եհովան մեր կողքին է, որեւէ բանէ պիտի չվախնանք (Սաղ. 23։4)։ Մօտ ատենէն, Եհովան իր Որդիին միջոցով պիտի ‘քանդէ Սատանային գործերը’ (Ա. Յովհ. 3։8)։ Արդարեւ, անձկալից կը սպասենք այդ օրուան գալուն։ Բայց մինչ այդ, մեզ զբաղած պահող շա՜տ գործ ունինք (Ա. Կոր. 15։58)։
Վստահ եղէք որ «անդադար» ձեզ կը յիշենք մեր աղօթքներուն մէջ (Հռով. 1։9, 10ա)։ Թող որ ‘անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահէք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ողորմութեանը սպասելով՝ յաւիտենական կեանքի համար’ (Յուդա 21)։
Մենք բոլորդ կը սիրենք։
Ձեր եղբայրները՝
Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին