ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ
Կրօնքը եւ Ուքրանիայի պատերազմը. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
Նկատի առ ինչ կ’ըսուի երեւելի կրօնական առաջնորդներու եւ Ուքրանիայի պատերազմին մասին.
«Ռուսիոյ մէջ Ռուս ուղղափառ եկեղեցիին Քիրիլ պատրիարքը, բա՛ն մը չըսաւ Ռուսիոյ յարձակումին դէմ... Իր եկեղեցին կը շարունակէ իր փրոփականտները Ուքրանիայի դէմ, եւ Փութինը ատոնք օգտագործած է իր պատերազմը արդարացնելու համար» (EUobserver, 7 մարտ 2022)։
«Պատրիարք Քիրիլ... ըսաւ որ այս կռիւը մեղքին դէմ պայքար է։ Այսպիսով ան խիստ կերպով արդարացուց Ռուսիոյ յարձակումը Ուքրանիայի վրայ» (AP News, 8 մարտ 2022)։
«Ուքրանիայի ուղղափառ եկեղեցիին հոգեւոր պետը՝ Քիեւի մետրոպոլիտ Եպիֆանիոս Ա., երկուշաբթի օրը իր ժողովուրդը օրհնեց, որ ‘ռուս զինուորներուն դէմ կռուին’... [Ան] նաեւ ըսաւ որ ռուս զինուորներ սպաննելը մեղք չէ» (Jerusalem Post, 16 մարտ 2022)։
«Մենք [Ուքրանիայի եկեղեցիներու եւ կրօնական կազմակերպութիւններու խորհուրդը (UCCRO)] թիկունք կը կանգնինք Ուքրանիայի զինեալ ուժերուն եւ բոլոր անոնց՝ որոնք մեզ կը պաշտպանեն։ Մենք զանոնք կ’օրհնենք եւ անոնց համար կ’աղօթենք» (UCCROa Statement, 24 փետրուար 2022)։
Ի՞նչ կ’ըսես։ Պէ՞տք է որ կրօնքները, որոնք կ’ըսեն թէ Յիսուս Քրիստոսին կը հետեւին, իրենց անդամները քաջալերեն որ պատերազմին։ Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ։
Կրօնքը եւ պատերազմները՝ պատմութեան ընթացքին
Պատմութիւնը կը ցուցնէ, որ կրօնքը շատ անգամ արտօնած է, արդարացուցած է եւ նոյնիսկ քաջալերած է պատերազմը, մինչ նոյն ատեն ձեւացուցած է, որ խաղաղութեան համար ջանքեր կը թափէ։ Երկար տարիներէ ի վեր, Եհովայի վկաները աչքառու դարձուցած են, որ ասիկա կեղծաւորութիւն է։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ, որոնք մեր հրատարակութիւններուն մէջ յիշուած են։
«Խաչակրութիւնները՝ ցաւալի երազ մը» յօդուածը (արաբ.) կը ցուցնէ, որ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին պատասխանատու էր այն ջարդերուն, որոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին անունով եղան։
«Ափրիկէի կաթողիկէ եկեղեցին» յօդուածը (արաբ.), կը բացատրէ որ ինչպէ՛ս կրօնքը չէ կեցուցած ցեղային պատերազմները եւ նոյնիսկ՝ ցեղասպանութիւնները։
«Կրօնքը յանցաւո՞ր է» (անգլ.), «Կրօնքին դերը մարդկային պատերազմներուն մէջ» (արաբ.) եւ «Կրօնքը կողմ կը բռնէ» (արաբ.) յօդուածները կը բացատրեն, որ շատ մը պատերազմներու ժամանակ՝ կաթողիկէ, ուղղափառ եւ բողոքական կղերները թիկունք կանգնած են իրարու դէմ կռուող երկո՛ւ կողմերուն ալ։
Քրիստոնեայ կրօնքները պէ՞տք է պատերազմներուն թիկունք կանգնին
Յիսուս սորվեցուց. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մատթէոս 22։39)։ «Սիրեցէք ձեր թշնամիները» (Մատթէոս 5։44-47)։
Մտածէ. Կրօնք մը կրնա՞յ ըսել որ Յիսուսին այս պատուէրներուն կը հնազանդի, մինչ իր անդամները կը քաջալերէ, որ պատերազմներու ժամանակ ուրիշները սպաննեն։ Պատասխանը առնելու համար, կարդա՛ «Ճշմարիտ քրիստոնեաները եւ պատերազմը» (արաբ.) եւ «Կարելի՞ է որ մէկը իր թշնամիները սիրէ» (անգլ.) յօդուածները։
Յիսուս ըսաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ. եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես... չմատնուիմ» (Յովհաննէս 18։36)։ «Բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին» (Մատթէոս 26։47-52)։
Մտածէ. Եթէ պէտք չէր որ քրիստոնեաները կռուէին նոյնիսկ Յիսուսը պաշտպանելու համար, անոնք պէ՞տք է որ այսօր ուրիշ որեւէ պատճառի համար կռուին։ Կարդա՛ «Քրիստոնեաները պէ՞տք է մասնակցին պատերազմներուն» յօդուածը (արաբ.), որ տեսնես թէ առաջին քրիստոնեաները ինչպէ՛ս հետեւեցան Յիսուսին օրինակին եւ սորվեցուցածներուն։
Ի՞նչ պիտի ըլլայ այն կրօնքներուն, որոնք պատերազմներուն թիկունք կը կանգնին
Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ, որ Աստուած կը մերժէ այն կրօնքները, որոնք կ’ըսեն թէ Յիսուսը կը ներկայացնեն, բայց իր սորվեցուցածներուն չեն հետեւիր (Մատթէոս 7։21-23. Տիտոս 1։16)։
Յայտնութիւն գիրքը կը ցուցնէ, որ Աստուած այսպիսի կրօնքներ պատասխանատու կը սեպէ «երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն» մահուան համար (Յայտնութիւն 18։21, 24)։ Պատճառը գիտնալու համար, կարդա՛ «Մեծ Բաբելոնը ի՞նչ է» յօդուածը (արաբ.)։
Յիսուս ըսաւ որ Աստուծոյ մերժած բոլոր կրօնքները պիտի կործանին իրենց չարութիւններուն պատճառով, ճիշդ ինչպէս որ փտած ծառը, որ փտած պտուղ կու տայ, «կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի» (Մատթէոս 7։15-20)։ Կարդա՛ «Սուտ կրօնքին վախճանը մօտ է» յօդուածը, որ տեսնես թէ ասիկա ինչպէ՛ս պիտի կատարուի։
Photo credits, left to right: Photo by Sefa Karacan/Anadolu Agency/Getty Images; Maxym Marusenko/NurPhoto via Getty Images
a UCCRO–ին, այսինքն՝ Ուքրանիայի եկեղեցիներու եւ կրօնական կազմակերպութիւններու խորհուրդին մաս կը կազմեն 15 եկեղեցիներ, որոնք կը ներկայացնեն ուղղափառ, յոյն եւ հռոմէական կաթողիկէ, բողոքական եւ աւետարանչական յարանուանութիւնները, ինչպէս նաեւ հրեաները եւ իսլամները։